Երբ Մեռա հասան, չէին կրնար խմել Մեռայի ջուրերէն, վասն զի դառն էին. անոր համար անոր անունը Մեռա կոչուեցաւ։ Ժողովուրդը տրտնջեց Մովսէսին դէմ՝ ըսելով. «Ի՞նչ խմենք»։ Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց ու Տէրը անոր փայտ մը ցուցուց, որ ջուրերուն մէջ դրածին պէս՝ ջուրերը անուշցան։ Հոն անոնց կարգ կանոն դրաւ եւ հոն փորձեց զանոնք