ՍԱՂՄՈՍ 28
28
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ։
Ո՛վ իմ Վէմս, մի՛ լռեր,
Չըլլայ որ լռելուդ համար,
# 28:1 Եբր., Գուբը Գերեզմանը իջնողներուն նմանիմ։
2Լսէ՛ իմ խնդրուածքիս ձայնը
Երբ քեզի աղաչեմ,
Երբ իմ ձեռքերս վերցնեմ
Դէպի քու սուրբ դաբիրդ։
3Զիս մի՛ կորսնցներ ամբարիշտներուն հետ
Ու անօրէնութիւն գործողներուն հետ,
Որոնք իրենց ընկերներուն հետ խաղաղութեամբ կը խօսին,
Բայց սրտերնուն մէջ չարութիւն կայ։
4Հատուցանէ անոնց իրենց գործերուն համեմատ
Ու իրենց ըրած չարութեանը համեմատ.
Իրենց ձեռքերուն գործերուն համաձայն
Հատուցում ըրէ անոնց։
5Որովհետեւ անոնք Տէրոջը ըրածները
Ու անոր ձեռքերուն գործերը նկատի չեն առներ,
Պիտի կործանէ զանոնք ու ա՛լ պիտի չշինէ։
6Օրհնեալ ըլլայ Տէրը,
Որ լսեց իմ աղօթքիս ձայնը։
7Տէրը զօրութիւնս ու ասպարս է.
Իմ սիրտս անոր յուսաց ու ես օգնութիւն գտայ։
Ուստի սիրտս ուրախացաւ
Եւ ես իմ երգովս զանիկա պիտի գովեմ։
8Տէրը անոնց ոյժն է
Ու իր օծեալին փրկութեանը պարիսպն է։
9Փրկէ՛ քու ժողովուրդդ
Ու օրհնէ՛ քու ժառանգութիւնդ,
Նաեւ հովուէ զանոնք ու յաւիտեան բարձրացուր։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 28: WARMB
Ընդգծել
Պատճենել
Համեմատել
Կիսվել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.