1
ՍԱՂՄՈՍ 30:5
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Վասն զի մէկ րոպէ է իր բարկութիւնը, Բայց իր հաճութիւնը՝ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին. Իրիկունը լաց կայ, Բայց առտուն՝ ուրախութիւն։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 30:5
2
ՍԱՂՄՈՍ 30:11-12
Իմ սուգս պարի փոխեցիր, Քուրձս ինծմէ հանեցիր Եւ ինծի ուրախութիւն հագցուցիր, Որպէս զի իմ փառքս սաղմոս երգէ քեզի ու ալ չլռէ։ Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, յաւիտեան քեզ պիտի գովեմ։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 30:11-12
3
ՍԱՂՄՈՍ 30:2
Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզ օգնութեան կանչեցի Ու զիս բժշկեցիր։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 30:2
4
ՍԱՂՄՈՍ 30:4
Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, ո՛վ անոր սուրբերը Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 30:4
5
ՍԱՂՄՈՍ 30:1
Ո՛վ Տէր, կը բարձրացնեմ քեզ, վասն զի զիս ազատեցիր Ու թշնամիներս իմ վրաս չուրախացուցիր։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 30:1