YouVersion Logo
Search Icon

ՏԻՏՈՍ 1

1
1Պօղոս՝ Աստուծոյ ծառայ եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ կանչուած Աստուծոյ ընտրեալներուն հաւատքն ու ճշմարտութեան գիտութիւնը առաջնորդելու, որ աստուածպաշտութեան համաձայն է, 2յաւիտենական կեանքի յոյսով, որ անսուտն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ 3եւ իր ժամանակին իր խօսքին քարոզութեամբ յայտնեց, որ ինծի յանձնուեցաւ մեր Փրկիչ Աստուծոյ հրամանովը, 4Տիտոսին իմ հարազատ որդիիս հասարակաց հաւատքովը՝ շնորհք #1.4 Ոմանք, ողորմութիւն եւեւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծմէն ու մեր Փրկչէն, Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
ՏԻՏՈՍԻՆ ԳՈՐԾԸ ԿՐԵՏԷԻ ՄԷՋ
5Ասոր համար ես քեզ Կրետէ թողուցի, որպէս զի բոլոր պակաս բաները շտկես ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես, ինչպէս ես քեզի պատուիրեցի. 6եթէ մէկը անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր, հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ անհնազանդ չըլլան։ 7Վասն զի եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ Աստուծոյ տնտեսին պէս. ո՛չ յանդուգն, ո՛չ բարկացող, ո՛չ գինեմոլ, ո՛չ զարնող, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող, 8հապա հիւրասէր, բարեսէր, խոհեմ, արդար, սուրբ, ժուժկալ, 9հաստատ բռնելով վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը, որպէս զի կարող ըլլայ ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել եւ հակառակ կեցողները յանդիմանել։ 10Քանզի շատ են անհնազանդները, ունայնութիւն խօսողները ու խաբողները, մանաւանդ անոնք որ թլփատութենէն են. 11անոնք պէտք է պապանձեցնել, քանի որ ամբողջ տուներ կը կործանեն ու անպատեհ բաներ կը սորվեցնեն անարգ շահախնդրութեան համար. 12անոնցմէ մէկը՝ որ իրենց բուն մարգարէն էր՝ ըսաւ. «Կրետացիները միշտ ստախօս են, չար գազաններ, դատարկապորտներ»։ 13Այս վկայութիւնը ճշմարիտ է. անոր համար սաստիկ յանդիմանէ՛ զանոնք, որպէս զի առողջանան հաւատքի մէջ 14ու չնային Հրէական առասպելներուն եւ ճշմարտութենէն հեռացող մարդոց պատուէրներուն։ 15Ամէն բան մաքուր է մաքուրներուն, բայց պիղծերուն ու անհաւատներուն բա՛ն մը մաքուր չէ, հապա անոնց միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են։ 16Կը խոստովանին թէ Աստուած կը ճանչնան, բայց իրենց գործերովը կ’ուրանան, պիղծ ու անհնազանդ ըլլալով եւ ամէն բարի գործի՝ անպիտան։

Currently Selected:

ՏԻՏՈՍ 1: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy