YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6

6
ՄԵՂՔԻՆ՝ ՄԵՌԱԾ, ԲԱՅՑ ԿԵՆԴԱՆԻ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՀԵՏ ՄԻՈՒԹԵԱՄԲ
1Ալ հիմա ի՞նչ պիտի ըսենք. մեղքի մէջ մնա՞նք արդեօք, որպէս զի շնորհքը շատնայ։ 2Քա՛ւ լիցի. մենք որ մեղքին մեռանք, ի՞նչպէս անոր մէջ կենանք։ 3Չէ՞ք գիտեր թէ մենք որ Յիսուս Քրիստոսով մկրտուեցանք, անոր մահուանը մկրտուեցանք։ 4Անոր հետ թաղուեցանք մկրտութիւնով մահուան համար. որպէս զի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքովը յարութիւն առաւ մեռելներէն, այնպէս ալ մենք կեանքի նորոգութեան մէջ պտըտինք։ 5Վասն զի եթէ մենք տնկակից եղանք անոր մահուանը նմանութիւնովը, նաեւ անոր յարութեանը նմանութիւնով ալ կցորդ պիտի ըլլանք։ 6Այս գիտնանք թէ մեր հին մարդը անոր հետ խաչուեցաւ, որ մեղաւոր մարմինը փճանայ, որպէս զի ասկէ յետոյ մեղքի չծառայենք։ 7Վասն զի ան որ մեղքի մեռած է, մեղքէ արդարացած է։ 8Արդ՝ եթէ մենք Քրիստոսին հետ մեռանք, կը հաւատանք թէ անոր հետ պիտի ապրինք ալ։ 9Քանզի գիտենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած ըլլալով՝ նորէն չի՛ մեռնիր, ա՛լ մահը անոր վրայ իշխանութիւն չունի։ 10Վասն զի քանի որ մեռաւ՝ մեղքի մեռաւ մէկ անգամ եւ որ կենդանի է՝ Աստուծոյ կենդանի է։ 11Այսպէս դուք ձեր անձերը մեղքի մեռած սեպեցէք, բայց Աստուծոյ կենդանի՝ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով։ 12Ուստի ա՛լ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմնին վրայ, որ անոր ցանկութիւններուն հնազանդիք։ 13Եւ ձեր անդամները մեղքի մի՛ ընծայէք, անիրաւութեան գործիք ըլլալու, հապա ձեր անձերը Աստուծոյ ընծայեցէք որպէս թէ մեռելներէն ողջնցած եւ ձեր անդամները արդարութեան գործիքներ՝ Աստուծոյ։ 14Քանզի մեղքը ձեր վրայ պիտի չիշխէ. վասն զի օրէնքի տակ չէք, հապա շնորհքի տակ։
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՆԵՐԸ
15Ուրեմն ի՞նչ. մե՞ղք գործենք քանի որ օրէնքի տակ չենք, հապա շնորհքի տակ։ Քա՛ւ լիցի։ 16Չէ՞ք գիտեր թէ որու որ անձերնիդ իբր ծառայ ընծայէք հնազանդելու, ծառայ կ’ըլլաք անոր՝ որուն որ կը հնազանդիք, թէ՛ մեղքի՝ որ մահուան կը տանի եւ թէ՛ հնազանդութեան որ ՝ արդարութեան։ 17Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէեւ դուք մեղքի ծառայ էիք, սակայն սրտանց հնազանդեցաք այն վարդապետութեան գաղափարին, որ ձեզի յանձնուեցաւ։ 18Ուստի դուք մեղքէ ազատուելով՝ արդարութեան ծառայ եղաք. 19(մարդու սովորութեան պէս կ’ըսեմ՝ ձեր մարմնին տկարութեանը համար). քանզի ինչպէս ատեն մը ձեր անդամները անօրէնութեան ընծայեցիք՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան ծառաներ ըլլալու, ա՛յնպէս հիմա ձեր անդամները սրբութեան ընծայեցէք՝ արդարութեան ծառաներ ըլլալու։ 20Վասն զի երբ դուք մեղքի ծառաներ էիք, արդարութենէ ազատ էիք։ 21Ուրեմն այն ժամանակ ի՞նչ պտուղ ունէիք այն բաներէն՝ որոնցմով հիմա կ’ամչնաք. վասն զի անոնց վերջը մահ է։ 22Բայց հիմա մեղքէ ազատուած եւ Աստուծոյ ծառաներ եղած՝ ձեր պտուղը ունիք սրբութիւնով ու վերջը յաւիտենական կեանք։ 23Քանզի մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy