YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14

14
ԵՂԲԱՅՐԴ ՄԻ՛ ԴԱՏԵՐ
1Հաւատքի մէջ տկար եղողը ընդունեցէք, ո՛չ թէ տարակուսական որոշումներով։ 2Մէկը կը հաւատայ թէ ամէն բան կրնայ ուտել եւ ան որ տկար է՝ կանանչեղէն կ’ուտէ։ 3Ան որ կ’ուտէ՝ չուտողը թող չանարգէ՛ ու ան որ չուտեր՝ ուտողը թող չդատէ՛, վասն զի Աստուած զանիկա ընդուներ է։ 4Դուն ո՞վ ես որ ուրիշին ծառան կը դատես. իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ’իյնայ. բայց պիտի կանգնի, վասն զի Աստուած կարող է զանիկա կանգնեցնել։ 5Մէկը մէկ օրը ուրիշ օրէ աւելի կը յարգէ, մէկն ալ ամէն օրը մէկ կը սեպէ. թող ամէն մարդ իր միտքը հաճեցնէ։ 6Ան որ կը հոգայ օրը, Տէրոջը կը հոգայ եւ ան որ չի հոգար օրը, Տէրոջը չի հոգար ու ան որ կ’ուտէ, Տէրոջը կ’ուտէ, քանզի Աստուծմէ կը գոհանայ եւ ան որ չուտեր, Տէրոջը չուտեր ու Աստուծմէ կը գոհանայ։ 7Վասն զի մեզմէ ոեւէ մէկը իր անձին համար չապրիր, կամ իր անձին համար չի մեռնիր։ 8Քանզի եթէ ապրինք, Տէրոջը համար կ’ապրինք եւ եթէ մեռնինք, Տէրոջը համար կը մեռնինք. ուրմեն թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք։ 9Վասն զի Քրիստոս ալ անոր համար մեռաւ#14.9 Ոմանք, ու յարութիւն առաւ եւ նորէնու ապրեցաւ, որ թէ՛ մեռելներուն եւ թէ՛ կենդանիներուն իշխէ։ 10Իսկ դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կը դատես կամ դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կ’անարգես. վասն զի ամէնքս ալ Քրիստոսին ատեանին առջեւ պիտի կանգնինք։ 11Վասն զի գրուած է. «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի եւ ամէն լեզու Աստուած պիտի դաւանի»։ 12Ուրեմն մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար։
ԵՂԲԱՅՐԴ ՄԻ՛ ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՆԵՐ
13Ա՛լ զիրար չդատենք, հապա որոշենք մեր մտքերուն մէջ՝ խոչ կամ գայթակղութիւն չդնել ոեւէ եղբօր։ 14Ասիկա գիտեմ ու համոզուած եմ Տէր Յիսուսով, թէ բա՛ն մը ինքնիրմէ պիղծ չէ, բայց պիղծ է անոր, որ պիղծ կը նկատէ։ 15Իսկ եթէ կերակուրի համար եղբայրդ տրտմեցնես, սիրով վարուած չես ըլլար. քու կերակուրովդ մի՛ կորսնցներ զանիկա՝ որուն համար Քրիստոս մեռաւ։ 16Թող ձեր բարին չար խօսքերու նշաւակ չ’ըլլայ։ 17Վասն զի Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ու խնդութիւն Սուրբ Հոգիով։ 18Քանզի եթէ մէկը այս բաներով Քրիստոսին ծառայէ, անիկա Աստուծոյ հաճելի կ’ըլլայ ու մարդոցմէ կը գովուի։ 19Ուրեմն իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք։ 20Կերակուրի պատճառով Աստուծոյ գործը մի՛ քակէք։ Ամէն բան մաքուր է. միայն այն մարդուն գէշ է, որ ուրիշը կը գայթակղեցնէ։ 21Աղէկ է միս չուտել եւ գինի չխմել եւ ոեւէ բան չընել ՝ որով քու եղբայրդ կրնայ իյնալ կամ գայթակղիլ, կամ տկարանալ։ 22Դուն հաւատք ունի՞ս. զանիկա քեզի պահէ Աստուծոյ առջեւ. երանի՜ անոր որ իր անձը չի դատապարտեր անով, որ ինք #14.22 Կամ, կը փորձէկ’ընդունի։ 23Բայց ան որ կը խղճահարուի, եթէ ուտէ՝ կը դատապարտուի, վասն զի հաւատքով չուտեր, քանզի ի՛նչ բան որ հաւատքով չէ՝ մեղք է։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy