YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 13

13
ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
1Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ #13.1 Ոմանք, այն իշխանութիւններըանոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են։ 2Ուրեմն ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ եւ անոնք որ դէմ կը կենան, անձերնուն դատապարտութիւն կ’ընդունին։ 3Վասն զի իշխանները բարիք գործողները չեն վախցներ, հապա՝ չարը։ Կ’ուզե՞ս չվախնալ իշխանութենէն, բարիք գործէ ու անկէ գովութիւն պիտի ընդունիս. 4վասն զի անիկա Աստուծոյ սպասաւորն է քեզի բարիի համար. բայց եթէ չարիք գործես՝ վախցի՛ր. վասն զի դատարկ տեղ մէջքը թուր չէ կապեր, քանզի Աստուծոյ սպասաւորն է եւ վրէժխնդիր՝ բարկութիւն հասցնելու անոր վրայ որ չարիք կը գործէ։ 5Ասոր համար պէտք է հնազանդ ըլլալ, ոչ միայն բարկութեանը համար, հապա խղճմտանքի համար ալ։ 6Այս պատճառաւ է որ տուրք ալ կուտաք. վասն զի Աստուծոյ սպասաւորներն են այն նոյն բանին հոգ տանելու։ 7Ուստի հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է ՝ տուրքը, որո՛ւ որ մաքս՝ մաքսը, որո՛ւ որ վախ՝ վախնալը, որո՛ւ որ պատիւ՝ պատիւը։
ԻՐԱՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ
8Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու. վասն զի ո՛վ որ ընկերը կը սիրէ՝ օրէնքը կը կատարէ. 9վասն զի «Մի՛ շնարը», «Մի՛ սպանները», «Մի՛ գողնարը», «Սուտ վկայութիւն մի՛ ըները», Մի՛ ցանկարը’ եւ ուրիշ ինչ պատուէր որ կայ՝ բոլորը այս խօսքին մէջ կը բովանդակուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ 10Սէրը ընկերին գէշութիւն չըներ. ուրեմն օրէնքին լրումը սէրն է։
11Եւ այսպէս ըրէք, գիտնալով թէ ժամանակն է, որ քունէն արթննանք. վասն զի հիմա մօտ է մեզի փրկութիւնը՝ քան թէ այն ատեն որ հաւատացինք։ 12Գիշերը շատ անցած է ու ցորեկը մօտեցած. ուստի մէկդի ընենք խաւարին գործերը ու մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը։ 13Որպէս զի ցորեկ ատեն՝ պարկեշտութեամբ պտըտինք, ո՛չ թէ անառակութիւններով ու գինովութիւններով եւ ո՛չ թէ խառնակ անկողիններով ու պղծութիւններով եւ ո՛չ թէ հակառակութիւնով ու նախանձով. 14հապա ձեր վրայ հագէք Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու խնամք մի՛ տանիք մարմնին՝ ցանկութիւններու համար։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy