YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12

12
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԵԱՆՔ
1Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։ 2Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։ 3Քանզի ինծի տրուած #12.3 Ոմանք, Աստուծոյ շնորհքովշնորհքով այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ հաւատքին չափովը, որ Աստուած ամէն մէկուն բաժնեց։ 4Վասն զի ինչպէս մէկ մարմնի մէջ շատ անդամներ ունինք ու այն բոլոր անդամները միեւնոյն գործը չունին, 5նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով եւ ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք։ 6Ուստի մենք զանազան պարգեւներ ունենալով այն շնորհքին համեմատ որ մեզի տրուած է, եթէ մարգարէութիւն՝ հաւատքին չափովը գործածենք. 7եթէ սպասաւորութիւն՝ սպասաւորութեան մէջ ըլլանք. ան որ պիտի սորվեցնէ՝ սորվեցնելու ետեւէ ըլլայ. 8ան որ պիտի յորդորէ՝ յորդորելու ետեւէ, ան որ կը բաշխէ՝ պարզամտութեամբ թող ընէ, ան որ վերակացու է՝ ջանքով, ան որ կ’ողորմի՝ յօժարութեամբ. 9սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով։ 10Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք. 11ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք. 12յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք. ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք. 13սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ եղէ՛ք. հիւրասիրութեան ետեէ եղէ՛ք. 14ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք եւ մի՛ անիծէք. 15խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք. 16իրարու վրայ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք. ամբարտաւանութիւն մի՛ ընէք, հապա խոնարհներուն հետ խոնարհեցէ՛ք, ինքզինքնիդ իմաստունի տեղ մի՛ դնէք. 17չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։ 18Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ 19Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. «Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ», կ’ըսէ Տէրը։ 20Ուստի եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։ 21Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy