YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8

8
ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԿՆԻՔԸ
1Երբ եօթներորդ կնիքը քակեց, լռութիւն մը տիրեց երկինքը՝ կէս ժամու չափ։
2Տեսայ այն եօթը հրեշտակները, որոնք Աստուծոյ առջեւ կը կայնէին։ Անոնց եօթը փող տրուեցաւ։ 3Ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ սեղանին առջեւ կայնեցաւ։ Ոսկեղէն խնկանոց մը ունէր։ Իրեն շատ խունկ տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր սուրբերուն աղօթքներուն հետ աթոռին առջեւ եղող ոսկի սեղանին վրայ մատուցանէ։ 4Խունկերուն ծուխը սուրբերուն աղօթքներուն հետ հրեշտակին ձեռքէն Աստուծոյ առջեւ ելաւ։ 5Հրեշտակը առաւ խնկանոցը ու անոր մէջ սեղանին կրակէն լեցուց եւ ձգեց երկրին վրայ։ Ձայներ եւ որոտումներ ու փայլակներ ու երկրաշարժ եղան։
ՓՈՂԵՐԸ
6Եօթը հրեշտակները, որոնք եօթը փողեր ունէին, պատրաստուեցան որ հնչեցնեն։
7Առաջին հրեշտակը փողը հնչեցուց ու եղաւ կարկուտ ու կրակ արիւնով խառնուած ու երկրի վրայ ձգուեցաւ, [ու երկրին երրորդ մասը այրեցաւ,] եւ ծառերուն երրորդ մասն ալ այրեցաւ ու բոլոր կանանչ խոտերը այրեցան։
8Երկրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց եւ բան մը, որպէս մեծ լեռ մը՝ կրակով բռնկած՝ ծովը ձգուեցաւ։ Ծովուն երրորդ մասը արիւն եղաւ 9եւ ծովուն մէջի շնչաւոր արարածներուն երրորդ մասը մեռաւ ու նաւերուն երրորդ մասը ընկղմեցաւ։
10Երրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու երկնքէն մեծ աստղ մը՝ լամբարի պէս բորբոքած՝ գետերուն ու ջուրի աղբիւրներուն երրորդ մասին վրայ ինկաւ։ 11Այն աստղին անունը Օշինդր էր ու ջուրերուն երրորդ մասը օշինդր եղաւ եւ շատ մարդիկ ջուրերէն մեռան, քանզի դառն էին։
12Չորրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու արեւին երրորդ մասը եւ լուսնին երրորդ մասը ու աստղերուն երրորդ մասը զարնուեցան, այնպէս որ անոնց երրորդ մասը խաւարեցաւ եւ օրուան երրորդ մասը լոյս չտուաւ, նոյնպէս ալ՝ գիշերուանը։
13Նայեցայ ու երկնքի մէջ թռչող #8.13 Ոմանք, արծիւիհրեշտակի մը ձայնը լսեցի, որ մեծ ձայնով կ’ըսէր. «Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ երկրի վրայ բնակողներուն՝ այն մնացած փողի ձայներուն համար, որոնք երեք հրեշտակները պիտի հնչեցնեն»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy