YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 15

15
ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՎ
1Ուրիշ մեծ ու զարմանալի նշան մը տեսայ երկնքի մէջ։ Եօթը հրեշտակներ, որոնք եօթը վերջին հարուածները ունէին, որովհետեւ անոնցմով պիտի կատարուէր Աստուծոյ բարկութիւնը։ 2Տեսայ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը կրակով խառնուած։ Անոնք որ յաղթեցին գազանին ու անոր պատկերին #15.2 Ոմանք, եւ անոր դրոշմին եւեւ անոր անուան թիւին, ապակեղէն ծովուն վրայ կայներ էին ու Աստուծոյ քնարները ունէին 3եւ Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ երգը կ’երգէին ու Գառնուկին երգը, ըսելով. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր #15.3 Ոմանք, ազգերուսուրբերու. 4Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասն զի Դո՛ւն միայն սուրբ ես. քանզի բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն, վասն զի քու արդար դատաստաններդ յայտնուեցան»։
5Ասկէ յետոյ տեսայ, որ բացուեցաւ վկայութեան խորանին տաճարը, որ երկինքն էր 6ու եօթը հարուածներ ունեցող եօթը հրեշտակները մաքուր ու պայծառ կտաւ հագած եւ իրենց կուրծքերուն վրայ ոսկեղէն գօտի կապած՝ տաճարէն ելան։ 7Չորս կենդանիներէն մէկը եօթը հրեշտակներուն եօթը ոսկեղէն սկաւառակներ տուաւ յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի եղող Աստուծոյ բարկութիւնովը լեցուն։ 8Տաճարը Աստուծոյ փառքէն ու անոր զօրութենէն ծուխով լեցուեցաւ ու մէ՛կը չէր կրնար տաճարը մտնել, մինչեւ կատարուին եօթը հրեշտակներուն եօթը հարուածները։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy