YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 12

12
ԿԻՆԸ ԵՒ ՎԻՇԱՊԸ
1Երկնքի մէջ մեծ նշան մը երեւցաւ։ Կին մը արեւը հագած էր ու լուսինը ձգած իր ոտքերուն տակ եւ իր գլխուն վրայ տասներկու աստղէ պսակ մը։ 2Ան յղի էր ու երկունքի մէջ ըլլալով ծնանելու համար շատ նեղութիւն քաշելով՝ կը պոռար։
3Երկնքի մէջ ուրիշ նշան մը երեւցաւ եւ ահա մեծ շառագոյն վիշապ մը, որ եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունէր եւ իր գլուխներուն վրայ եօթը թագ։ 4Անոր պոչը երկնքի աստղերուն երրորդ մասը կը քաշէր ու զանոնք երկրի վրայ ձգեց եւ վիշապը կեցաւ այն կնոջ առջեւ, որ ծնանելու վրայ էր, որպէս զի երբ ծնանի, անոր զաւակը կլլէ։ 5Կինը արու զաւակ մը ծնաւ, որ երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը։ Անոր զաւակը յափշտակուեցաւ Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով։ 6Կինն ալ անապատը փախաւ, ուր անոր տեղ պատրաստուած էր Աստուծմէ, որպէս զի հոն կերակրուի հազար երկու հարիւր վաթսուն օր։
7Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, 8բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ 9Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ։ 10Եւ մեծ ձայն մը լսեցի երկնքի մէջ, որ կ’ըսէր. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը. վասն զի մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը վար ձգուեցաւ, որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր։ 11Եւ անոնք անոր յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը եւ իրենց կեանքը չսիրեցին մինչեւ մահ։ 12Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու #12.12 Ոմանք կ’աւելցնեն, բնակիչներուդծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։
13Ու երբ վիշապը տեսաւ որ ինք երկրի վրայ ձգուեցաւ, արու զաւակ ծնանող կնոջ ետեւէն ինկաւ։ 14Այն կնոջ մեծ արծիւի երկու թեւեր տրուեցան, որպէս զի անապատ իր տեղը թռչի օձին երեսէն, ուր պիտի կերակրուէր ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ։ 15Եւ օձը իր բերնէն գետի պէս ջուր վազցուց կնոջ ետեւէն, որպէս զի զանիկա հեղեղով ընկղմէ։ 16Բայց երկիրը օգնեց կնոջը։ Իր բերանը բացաւ եւ կլլեց այն գետը, որ վիշապը իր բերնէն վազցուց։ 17Վիշապը բարկացաւ կնոջ դէմ եւ գնաց պատերազմելու անոր միւս զաւակներուն հետ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահէին ու #12.17 Ոմանք, Յիսուս ՔրիստոսինՅիսուսին վկայութիւնը ունէին։
18Եւ #12.18 Ոմանք, կայնեցաւկայնեցայ ծովուն աւազին վրայ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy