YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 11

11
ԵՐԿՈՒ ՎԿԱՆԵՐ
1Ինծի եղէգ մը տրուեցաւ գաւազանի պէս։ Հրեշտակը կայներ էր ու կ’ըսէր. «Ելի՛ր ու չափէ՛ Աստուծոյ տաճարն ու սեղանը եւ անոր մէջ երկրպագութիւն ընողները։ 2Բայց գաւիթը, որ տաճարէն դուրս է, ձգէ՛ եւ մի՛ չափեր, վասն զի անիկա հեթանոսներուն տրուած է ու անոնք սուրբ քաղաքը պիտի կոխկռտեն քառասունըերկու ամիս։ 3Ես իմ երկու վկաներուս զօրութիւն պիտի տամ եւ անոնք քուրձ հագած հազար երկու հարիւր վաթսուն օր մարգարէութիւն պիտի ընեն։» 4Ասոնք այն երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակներն են, որոնք երկրին Տէրոջը առջեւ կը կենան։ 5Եւ եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, անոնց բերաններէն կրակ պիտի ելլէ ու իրենց թշնամիները ուտէ։ Եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, պիտի սպաննուի։ 6Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէս զի իրենց մարգարէութեան օրերը անձրեւ չգայ ու ջուրերուն վրայ իշխանութիւն ունին՝ զանոնք արիւն դարձնելու եւ ամէն կերպ պատուհասներով երկիրը զարնելու՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն։ 7Երբ իրենց վկայութիւնը կատարեն, այն ատեն անդունդէն ելլող գազանը անոնց հետ պատերազմ պիտի ընէ, անոնց պիտի յաղթէ ու պիտի սպաննէ զանոնք։ 8Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան այն մեծ քաղաքին հրապարակին մէջ, որ հոգեւորապէս կը կոչուի Սոդոմ ու Եգիպտոս, ուր #11.8 Ոմանք, իրենցմեր Տէրն ալ խաչուեցաւ։ 9Եւ ժողովուրդներն ու ցեղերը եւ լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները երեք ու կէս օր ու պիտի չթողուն որ անոնց դիակները գերեզմաններու մէջ թաղեն։ 10Անոնք որ երկրի վրայ կը բնակին, պիտի ուրախանան ու խնդան անոնց վրայ, մինչեւ անգամ իրարու ընծաներ պիտի ղրկեն. վասն զի այս երկու մարգարէները երկրի բնակիչները չարչարած էին։
11Երեք ու կէս օր ետքը Աստուծմէ կենդանութեան հոգի մտաւ անոնց մէջ ու իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան եւ զանոնք տեսնողներուն վրայ մեծ վախ ինկաւ։ 12Երկնքէն մեծ ձայն մը #11.12 Ոմանք, լսեցիլսեցին, որ կ’ըսէր անոնց. «Վե՛ր ելէք, հո՛ս եկէք»։ Եւ անոնք ամպով երկինք բարձրացան։ Անոնց թշնամիներն ալ զանոնք տեսան։ 13Նոյն ժամուն մեծ երկրաշարժ մը եղաւ ու քաղաքին տասներորդ մասը կործանեցաւ, եօթը հազար մարդիկ մեռան ու մնացածները վախով լեցուեցան ու փառք տուին երկնքի Աստուծոյն։ 14Երկրորդ վայը անցաւ։ Երրորդ վայը շուտով պիտի գայ։
ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՓՈՂԸ
15Եօթներորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու երկնքի մէջ մեծ ձայներ եղան, որ կ’ըսէին. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ 16Քսանըչորս երէցները, որոնք իրենց աթոռներուն վրայ նստած էին Աստուծոյ առջեւ, իրենց երեսներուն վրայ ինկան եւ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրին՝ ըսելով. 17«Քեզի գոհութիւն կը մատուցանենք, Ամենակալ Տէր Աստուած, որ ե՛ս եւ որ էիր#11.17 Ոմանք կ’աւելցնեն, եւ որ պիտի գաս, որ քու մեծ զօրութիւնդ առիր ու թագաւորեցիր։ 18Եւ ազգերը բարկացան, վասն զի եկաւ քու բարկանալու ժամանակդ, երբ պիտի դատես մեռելները, պիտի վարձատրես քու ծառաներդ, մարգարէներդ, սուրբերդ եւ քու անունէդ վախցողները, մեծերն ու պզտիկները եւ պիտի ապականես երկիրը ապականողները»։
19Երկնքի մէջ Աստուծոյ տաճարը բացուեցաւ եւ #11.19 Ոմանք, Տէրոջըանոր ուխտին տապանակը իր տաճարին մէջ երեւցաւ ու եղան փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ ու երկրաշարժ եւ խոշոր կարկուտ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy