YouVersion Logo
Search Icon

ՂՈԻԿԱՍ 7

7
ՀԱՐԻՒՐԱՊԵՏԻՆ ԾԱՌԱՅԻՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ
(Մատթ. 8.5-13)
1Երբ իր բոլոր խօսքերը ժողովուրդին ականջներուն խօսիլը լմնցուց, մտաւ Կափառնայում։ 2Հարիւրապետի մը ծառան, որ սիրելի էր իրեն, հիւանդացած, մօտ էր մեռնելու։ 3Երբ Յիսուսի մասին լսեց, Հրեաներէն քանի մը ծերեր ղրկելով՝ աղաչեց անոր որ գայ իր ծառան ապրեցնէ։ 4Անոնք ալ եկան Յիսուսին եւ թախանձանքով կ’աղաչէին անոր ու կ’ըսէին թէ՝ «Անիկա արժանի է՝ որուն այս շնորհքը պիտի ընես, 5վասն զի մեր ազգը կը սիրէ ու ժողովարանը անիկա շինեց մեզի»։ 6Յիսուս գնաց անոնց հետ ու երբ տան մօտեցան՝ հարիւրապետը քանի մը բարեկամներ ղրկեց ու ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, մի՛ յոգնիր, վասն զի ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես։ 7Անոր համար ես ինքզինքս ալ արժանի չսեպեցի քեզի գալու, հապա խօսքով ըսէ եւ իմ ծառաս պիտի բժշկուի։ 8Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ դրուած մարդ մըն եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’ ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’ ու կ’ընէ»։ 9Յիսուս այս բաները լսելով՝ զարմացաւ անոր վրայ եւ իր ետեւէն գացող ժողովուրդին դարձաւ ու ըսաւ. «Ձեզի կ’ըսեմ, թէ Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ»։ 10Ու պատգամաւորները նորէն տուն դարձան եւ հիւանդ ծառան առողջացած գտան։
ԱՅՐԻ ԿՆՈՋ ՈՐԴԻԻՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
11Հետեւեալ օրը քաղաք մը կ’երթար, որուն անունը Նային էր։ Անոր հետ կ’երթային իր աշակերտներէն շատերը ու մեծ բազմութիւն մը։ 12Երբ քաղաքին դրանը մօտեցաւ, մեռել մը դուրս կը հանէին, իր մօրը մէկ հատիկ տղան։ Մայրը որբեւարի էր։ Քաղաքէն շատ ժողովուրդ անոր հետ էր։ 13Տէրը զանիկա տեսնելով՝ խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ անոր. «Մի՛ լար»։ 14Մօտենալով՝ դագաղին դպաւ ու տանողները կանգ առին. եւ ըսաւ. «Ո՛վ պատանի, քեզի կ’ըսեմ, ելի՛ր»։ 15Ու մեռելը ելաւ նստաւ ու սկսաւ խօսիլ։ Յիսուս տուաւ զանիկա իր մօրը։ 16Եւ ամէնքն ալ վախով բռնուեցան ու Աստուած կը փառաւորէին՝ ըսելով. «Մեծ մարգարէ մը ելեր է մեր մէջ եւ թէ Աստուած իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրաւ»։ 17Եւ այս ձայնը անոր վրայով բոլոր Հրէաստան ելաւ ու բոլոր շրջակայ տեղերը։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ
(Մատթ. 11.2-19)
18Այս բաները Յովհաննէսին պատմեցին աշակերտները։ 19Յովհաննէս ալ իր աշակերտներէն երկուքը իրեն կանչեց եւ զանոնք Յիսուսին ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք»։ 20Աշակերտները գացին անոր ու ըսին. «Յովհաննէս Մկրտիչը մեզ ղրկեց քեզի ու կը հարցնէ. ‘Դուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք’»։ 21Նոյն ժամուն շատեր բժշկեց իրենց հիւանդութեններէն ու հարուածներէն եւ չար ոգիներէն ու շատ կոյրերու տեսութիւն շնորհեց։ 22Ապա Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք Յովհաննէսին պատմեցէք ինչ որ տեսաք ու լսեցիք, թէ կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն, աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։ 23Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր»։
24Երբ Յովհաննէսին ղրկած մարդիկը գացին, Յիսուս ժողովուրդին ըսաւ Յովհաննէսին համար. «Ի՞նչ տեսնելու ելաք անապատին մէջ. եղէ՞գ մը հովէն շարժուած։ 25Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը։ Ահա անոնք որ փառաւոր հագուստներով ու փափկութեան մէջ են, թագաւորական պալատներն են։ 26Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. մարգարէ՞. ‘Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, մարգարէէ մը աւելի’։ 27Վասն զի ասիկա է՝ որուն համար գրուած է. ‘Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պիտի պատրաստէ քու առջեւէդ’։ 28Քանզի կ’ըսեմ ձեզի. ‘Կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտչէն մեծ մարգարէ չկայ’. սակայն Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է»։
29Բոլոր ժողովուրդը ու մաքսաւորները երբ լսեցին, Աստուած արդարացուցին, որ Յովհաննէսին մկրտութիւնով մկրտուեցան։ 30Բայց Փարիսեցիները եւ օրինականները իրենց անձին դէմ Աստուծոյ խորհուրդը անարգեցին եւ անկէ չմկրտուեցան։
31 # 7.31 Ոմանք, Եւ Տէրը ըսաւ, Արդ «Արդ որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգին մարդիկը եւ որո՞ւ կը նմանին։ 32Կը նմանին տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրարու կը կանչեն ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք։ Ողբ կարդացինք ձեզի ու չլացիք’։ 33Վասն զի Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ, ո՛չ հաց կ’ուտէր եւ ո՛չ գինի կը խմէր ու կ’ըսէիք. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։ 34Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսէք. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու բարեկամ’։ 35Իմաստութիւնը արդարացաւ իր բոլոր որդիներէն»։
ՅԻՍՈՒՍ ՓԱՐԻՍԵՑԻ ՍԻՄՈՆԻՆ ՏԱՆԸ ՄԷՋ
36Փարիսեցիներէն մէկը կ’աղաչէր անոր, որ իրեն հետ հաց ուտէ։ Ան ալ Փարիսեցիին տունը մտաւ ու սեղան նստաւ։ 37Քաղաքին մէջ մեղաւոր կին մը կար. երբ իմացաւ թէ անիկա Փարիսեցիին տունը սեղան նստեր է, շիշ մը անուշահոտ իւղ բերաւ։ 38Ու ետեւի կողմէն անոր ոտքերուն քով կեցեր՝ կու լար եւ արցունքովը սկսաւ անոր ոտքերը թրջել ու իր գլխուն մազերովը կը սրբէր եւ կը համբուրէր անոր ոտքերը ու իւղով կ’օծէր։ 39Ու երբ տեսաւ Փարիսեցին, որ զանիկա հրաւիրեր էր, ըսաւ իր մտքին մէջ. «Ասիկա եթէ մարգարէ ըլլար, պիտի գիտնար թէ ո՞վ եւ ի՞նչպիսի կին է իրեն դպչողը, վասն զի մեղաւոր է»։ 40Յիսուս պատասխանելով ըսաւ անոր. «Սիմոն, քեզի բան մը ունիմ ըսելու»։ Ան ալ ըսաւ. «Ըսէ՛, վարդապետ»։ Յիսուս ըսաւ. 41«Փոխ տուող մը երկու պարտական ունէր, մէկը հինգ հարիւր դահեկան պարտք ունէր ու միւսը՝ յիսուն։ 42Որովհետեւ հատուցանելու կարողութիւն չունէին, երկուքին ալ շնորհեց։ Հիմա ըսէ. ‘Անոնցմէ ո՞րը աւելի պիտի սիրէ զանիկա’»։ 43Պատասխան տուաւ Սիմոն ու ըսաւ. «Ինծի այնպէս կ’երեւնայ, թէ որո՛ւն որ շատ շնորհեց»։ Ան ալ ըսաւ անոր. «Ուղիղ դատեցիր»։ 44Ու դառնալով դէպի այն կինը՝ ըսաւ Սիմոնին. «Կը տեսնե՞ս այս կինը։ Ես քու տունդ մտայ, դուն ոտքերուս ջուր չտուիր, բայց ասիկա իր արցունքովը ոտքերս թրջեց եւ իր #7.44 Ոմանք, գլխուն մազերովըմազերովը սրբեց։ 45Դուն ինծի համբոյր մը չտուիր, բայց ասիկա հոս մտնելէս ի վեր ոտքերս համբուրելէն չդադրեցաւ։ 46Դուն իմ գլուխս ձեթով չօծեցիր, բայց ասիկա իմ ոտքերս անուշահոտ իւղով օծեց։ 47Ասոր համար կ’ըսեմ քեզի. ‘Ներուած են ասոր շատ մեղքերը, վասն զի շատ սիրեց, բայց որուն որ քիչ կը ներուի, անիկա քիչ կը սիրէ’». 48ու ըսաւ անոր. «Քու մեղքերդ ներուած են»։ 49Անոր հետ սեղան նստողները սկսան իրենց մէջ ըսել. «Ո՞վ է ասիկա որ մեղքերու թողութիւն ալ կու տայ»։ 50Ինք ըսաւ կնոջը. «Քու հաւատքդ քեզ #7.50 Կամ, բժշկեցփրկեց, գնա խաղաղութեամբ»։

Currently Selected:

ՂՈԻԿԱՍ 7: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy