YouVersion Logo
Search Icon

ՂՈԻԿԱՍ 22

22
ԴԱՒ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԴԷՄ
(Մատթ. 26.1-5, Մարկ. 14.1-2, Յովհ. 11.45-53)
1Բաղարջակերաց տօնը մօտեցաւ, որ Զատիկ կը կոչուէր։ 2Քահանայապետներն ու դպիրները կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս սպաննեն զանիկա, քանզի ժողովուրդէն կը վախնային։
ՅՈՒԴԱՅ ՅԻՍՈՒՍԸ ՄԱՏՆԵԼ ԿԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻ
(Մատթ. 26.14-16, Մարկ. 14.10-11)
3Սատանան՝ Իսկարիովտացի մականուանեալ Յուդային ներսը մտաւ, որ տասներկուքէն մէկն էր։ 4Ան գնաց քահանայապետներուն ու իշխաններուն հետ համաձայնեցաւ որ զանիկա մատնէ անոնց։ 5Անոնք ալ ուրախացան եւ խոստացան անոր ստակ տալ։ 6Ինք վրան առաւ հարցը եւ պատեհութիւն մը կը փնտռէր, որպէս զի զանիկա մատնէ անոնց՝ դեռ բազմութիւնը չժողվուած։
ՅԻՍՈՒՍ ԶԱՏԻԿԸ ՈՒՏԵԼՈՒ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ
(Մատթ. 26.17-25, Մարկ. 14.12-21, Յովհ. 13.21-30)
7Բաղարջակերաց օրը եկաւ, երբ պէտք էր Զատիկը մորթել։ 8Յիսուս Պետրոսը եւ Յովհաննէսը ղրկեց ու ըսաւ. «Գացէք պատրաստեցէք մեզի Զատիկը որպէս զի ուտենք»։ 9Անոնք ալ ըսին անոր. «Ո՞ւր կ’ուզես որ պատրաստենք»։ 10Ըսաւ անոնց. «Երբ քաղաքը մտնէք, ձեզի մարդ մը պիտի պատահի, որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը ունի. անոր ետեւէն գացէք այն տունը, ուր ինք կը մտնէ։ 11Այն տանտիրոջ ըսէք. ‘Վարդապետը կ’ըսէ՝ ‹Ո՞ւր է օթեւանը ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ Զատիկը կարենամ ուտել›’։ 12Ան ալ ձեզի յարդարուած մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ, հո՛ն պատրաստեցէք»։ 13Գացին, գտան ինչպէս իրենց ըսաւ ու Զատիկը պատրաստեցին։
ՏԷՐՈՋԸ ԸՆԹՐԻՔԸ
(Մատթ. 26.26-30, Մարկ. 14.22-26, Ա. Կորթ. 11.23-25)
14Երբ ժամը հասաւ, սեղան նստաւ տասներկու առաքեալներուն հետ, ըսելով. 15«Փափաքելով փափաքեցայ որ այս Զատիկը ձեզի հետ ուտեմ իմ չարչարուելէս առաջ։ 16Քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ ալ բնաւ ասկէ պիտի չուտեմ՝ մինչեւ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ կատարուի»։ 17Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու ըսաւ. «Առէ՛ք ասիկա ու բաժնեցէք ձեր մէջ. 18վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ բնաւ որթին բերքէն պիտի չխմեմ՝ մինչեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը գայ»։
19Հաց առաւ, գոհացաւ, կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ 20Նոյնպէս ալ գաւաթը առաւ ընթրիքէն յետոյ ու ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի»։
21 «Բայց ահա զիս մատնողին ձեռքը ինծի հետ այս սեղանին վրայ է։ 22Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ՝ ինչպէս սահմանուած է, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով անիկա պիտի մատնուի»։ 23Անոնք սկսան իրենց մէջ հարցուփորձ ընել՝ թէ իրենցմէ ո՞վ է որ այդ բանը պիտի ընէ։
ՎԷՃ՝ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
24Վէճ մըն ալ եղաւ անոնց մէջ՝ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի։ 25Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ազգերու թագաւորները անոնց կը տիրեն եւ անոնք որ կ’իշխեն անոնց՝ բարերար կը կոչուին։ 26Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք, հապա ան որ ձեր մէջ մեծ է, պզտիկի պէս թող ըլլայ եւ առաջնորդը՝ սպասաւորի պէս։ 27Քանզի ո՞վ է մեծը, սեղան նստո՞ղը թէ սպասաւորը։ Չէ՞ որ սեղան նստողը. սակայն ես ձեր մէջ սպասաւորի մը պէս եմ։ 28Եւ դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. 29ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց. 30որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։
ՅԻՍՈՒՍ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՈՒՐԱՆԱԼԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ
(Մատթ. 26.31-35, Մարկ. 14.27-31, Յովհ. 13.36-38)
31Տէրը ըսաւ. «Սի՛մոն, Սի՛մոն, ահա Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ. 32բայց ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես»։ 33Իսկ Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ես պատրաստ եմ քեզի հետ բանտ երթալու ալ, մեռնելու ալ»։ 34Բայց Յիսուս ըսաւ. «Պետրո՛ս, քեզի կ’ըսեմ թէ այսօր հաւը պիտի չխօսի մինչեւ դուն երեք անգամ ուրանաս՝ ըսելով թէ՝ զիս չես ճանչնար»։
ՔՍԱԿ, ՊԱՐԿ ԵՒ ԹՈՒՐ
35Ապա ըսաւ անոնց. «Երբ ձեզ ղրկեցի առանց քսակի ու պարկի եւ կօշիկներու, բանի մը կարօտ եղա՞ք»։ 36Անոնք ալ ըսին. «Ոչ մէկ բանի»։ Ետքը ըսաւ. «Բայց հիմա ան որ քսակ ունի, թող իրեն հետ առնէ, նոյնպէս ալ պարկը եւ ան որ թուր չունի, թող իր հանդերձը ծախէ ու իրեն թուր մը ծախու առնէ. 37քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ այս գրուած բանն ալ պէտք է որ իմ վրաս կատարուի՝ ‘Եւ անօրէններու հետ սեպուեցաւ’. քանզի ինչ որ ինծի համար որոշուած է, կատարուելու վրայ է»։ 38Անոնք ալ ըսին. «Տէ՛ր, ահա հոս երկու թուր կայ»։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Հերիք են»։
ՅԻՍՈՒՍ ՁԻԹԵՆԵԱՑ ԼԵՐԱՆ ՎՐԱՅ Կ’ԱՂՕԹԷ
(Մատթ. 26.36-46, Մարկ. 14.32-42)
39Յետոյ իր սովորութեանը պէս Ձիթենեաց լեռը ելաւ։ Աշակերտներն ալ իր ետեւէն գացին։ 40Ու երբ տեղը հասաւ ըսաւ անոնց. «Աղօթք ըրէք որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ 41Եւ ինք անոնցմէ զատուեցաւ քարընկէցի մը չափ ու ծունկի վրայ գալով աղօթք կ’ընէր 42ու կ’ըսէր. «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ»։ 43Երկնքէն հրեշտակ մը երեւցաւ անոր եւ զօրացուց զանիկա։ Սաստիկ նեղութեան մէջ ըլլալով՝ աւելի ջերմեռանդութեամբ աղօթք ըրաւ։ 44Եւ իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս էր, որ գետինը կը թափուէր։
45Աղօթքէն ելլելով՝ աշակերտներուն քով եկաւ ու գտաւ զանոնք տրտմութենէն քնացած։ 46Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը քնանաք. ելէք աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ
(Մատթ. 26.47-56, Մարկ. 14.43-50, Յովհ. 18.3-11)
47Երբ կը խօսէր, բազմութիւն մը եւ Յուդան, տասներկուքէն մէկը, որ անոնց առջեւէն կու գար, Յիսուսին մօտեցաւ, որպէս զի զանիկա համբուրէ։ 48Բայց Յիսուս ըսաւ անոր. «Յո՛ւդա, համբուրելո՞վ կը մատնես Որդին մարդոյ»։ 49Երբ անոր բոլորտիքը եղողները տեսան ինչ որ պիտի ըլլար, ըսին անոր. «Տէր, թուրով զարնե՞նք»։ 50Անոնցմէ մէկը քահանայապետին ծառային զարկաւ ու մէկդի հանեց անոր աջ ականջը։ 51Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Կը բաւէ»։ Եւ դպաւ անոր ականջին ու բժշկեց զանիկա։ 52Յիսուս իր վրայ եկող քահանայապետներուն ու տաճարին իշխաններուն ու ծերերուն ըսաւ. «Իբր թէ աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով։ 53Ամէն օր ձեզի հետ էի տաճարին մէջ եւ ինծի ձեռք չզարկիք, բայց այս է ձեր ժամանակը ու խաւարին իշխանութիւնը»։
ՊԵՏՐՈՍ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ՈՒՐԱՆԱՅ
(Մատթ. 26.57-58,69-75, Մարկ. 14.53-54,66-72, Յովհ. 18.12-18,25-27)
54Զանիկա բռնելով տարին ու քահանայապետին տունը մտցուցին. Պետրոս ալ հեռուէն անոր ետեւէն կ’երթար։ 55Երբ կրակ վառեցին գաւիթին մէջ ու մէկտեղ նստան, Պետրոս ալ նստաւ անոնց մէջ։ 56Աղախին մը տեսնելով զանիկա որ կրակին քով նստեր էր, նայեցաւ անոր ու ըսաւ. «Ասիկա ալ անոր հետ էր»։ 57Բայց Պետրոս ուրացաւ զանիկա ու ըսաւ. «Ո՛վ կին, ես զանիկա չեմ ճանչնար»։ 58Քիչ մը ետքը ուրիշ մը տեսաւ զանիկա ու ըսաւ. «Դո՛ւն ալ անոնցմէ ես»։ Պետրոս ըսաւ. «Ո՛վ մարդ, ես անոնցմէ չեմ»։ 59Եւ ժամու մը չափ անցնելէն յետոյ՝ ուրիշ մըն ալ կը պնդէր ու կ’ըսէր. «Յիրաւի ասիկա ալ անոր հետ էր, վասն զի Գալիլիացի է»։ 60Բայց Պետրոս ըսաւ. «Ո՛վ մարդ, չեմ գիտեր ի՞նչ կը խօսիս դուն»։ Իր խօսքը դեռ բերանն էր, երբ հաւը խօսեցաւ։ 61Տէրը դարձաւ ու Պետրոսին նայեցաւ։ Պետրոս ալ միտքը բերաւ Տէրոջը խօսքը, որ իրեն ըսեր էր թէ՝ «Դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ 62Պետրոս դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ։
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԾԱՂՐՈՒԻ ՈՒ ԿԸ ԾԵԾՈՒԻ
(Մատթ. 26.67-68, Մարկ. 14.65)
63Այն մարդիկը, որոնք Յիսուսը կը պահէին, կը ծաղրէին զանիկա ու կը ծեծէին. 64եւ անոր աչքերը ծածկելով՝ անոր երեսին կը զարնէին ու կը հարցնէին իրեն՝ ըսելով. «Մարգարէացի՛ր։ Ո՞վ է ան, որ քեզի զարկաւ»։ 65Ուրիշ շատ բաներ ալ կ’ըսէին անոր հայհոյելով։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՏԵԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ
(Մատթ. 26.59-66, Մարկ. 14.55-64, Յովհ. 18.19-24)
66Առտուն, ժողովուրդին ծերակոյտը, քահանայապետները եւ դպիրները ժողվուեցան ու տարին զանիկա իրենց ատեանը եւ ըսին. «Եթէ Քրիստոսը դուն ես, ըսէ մեզի»։ 67Ըսաւ անոնց. «Եթէ ձեզի ըսեմ ալ՝ պիտի չհաւատաք. 68եթէ ձեզի բան մը հարցնեմ, ինծի պատասխան պիտի չտաք, ո՛չ ալ զիս պիտի արձակէք։ 69Ասկէ յետոյ Որդին մարդոյ Աստուծոյ զօրութեանը աջ կողմը պիտի նստի»։ 70Ամէնքը ըսին. «Ուրեմն դուն Աստուծոյ Որդի՞ն ես»։ Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Դուք կ’ըսէք թէ ես եմ»։ 71Եւ անոնք ալ ըսին. «Ալ ի՞նչ պէտք է մեզի վկայութիւն, վասն զի մենք անձամբ անոր բերնէն լսեցինք»։

Currently Selected:

ՂՈԻԿԱՍ 22: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy