YouVersion Logo
Search Icon

ՂՈԻԿԱՍ 1

1
ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ
1Որովհետեւ շատերը մեր մէջ հաստատ գիտցուած բաներուն վրայով եղած պատմութիւնը կարգի դնելու ձեռք զարկին, 2ինչպէս սկիզբէն աչքով տեսնողները եւ խօսքին սպասաւոր եղողները աւանդեցին մեզի, 3ես ալ որ սկիզբէն այն ամէն բաներուն ճշդութեամբ տեղեկացեր էի, յարմար դատեցի կարգաւ գրել քեզի, ո՛վ պատուական Թէոփիլոս, 4որպէս զի սորված բաներուդ ստուգութիւնը իմանաս։
ԱՒԵՏՈՒՄՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ԾՆՈՒՆԴԻՆ
5Հրէաստանի Հերովդէս թագաւորին օրերը Աբիայի դասակարգութենէն Զաքարիա անունով քահանայ մը կար, որուն կինը Ահարոնին աղջիկներէն էր եւ անունը՝ Եղիսաբէթ։ 6Երկուքն ալ Աստուծոյ առջեւ արդար էին եւ Տէրոջը բոլոր պատուիրանքներուն ու իրաւունքներուն մէջ անարատութեամբ կը քալէին։ 7Զաւակ չունէին, վասն զի Եղիսաբէթ ամուլ էր ու երկուքն ալ օրերնին անցուցած էին։
8Երբ Զաքարիա իր դասակարգութեան օրերը հասնելուն քահանայական պաշտօնը կը կատարէր Աստուծոյ առջեւ, 9քահանայութեան սովորութեանը պէս իրեն ինկաւ որ Տէրոջը տաճարը մտնէ եւ խնկարկութիւն ընէ։ 10Ժողովուրդին բոլոր բազմութիւնը դուրսը աղօթքի կայներ էին խունկին ատենը։ 11Տէրոջը հրեշտակը անոր երեւցաւ ու կայնեցաւ խունկի սեղանին աջ կողմը։ 12Զաքարիա երբ տեսաւ, շփոթեցաւ ու անոր վրայ վախ մը ինկաւ։ 13Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, Զա՛քարիա, վասն զի քու աղօթքդ լսուեցաւ։ Քու կինդ Եղիսաբէթ քեզի որդի մը պիտի ծնանի ու անոր անունը #1.13 Այսինքն, Տէրոջը շնորհքըՅովհաննէս պիտի դնես։ 14Քեզի ուրախութիւն ու ցնծութիւն պիտի ըլլայ եւ շատեր անոր ծնանելուն համար պիտի ուրախանան։ 15Վասն զի Տէրոջը առջեւ մեծ պիտի ըլլայ։ Բայց գինի եւ օղի պիտի չխմէ եւ իր մօրը որովայնէն Սուրբ Հոգիով պիտի լեցուի. 16Իսրայէլի որդիներէն շատերը իրենց Տէր Աստուծոյն պիտի դարձնէ։ 17Ինք անոր առջեւէն պիտի գայ Եղիային հոգիովը ու զօրութիւնովը, հայրերուն սրտերը որդիներուն վրայ դարձնելու եւ անհնազանդները՝ արդարներուն իմաստութեանը, որպէս զի Տէրոջը բարեկարգ ժողովուրդ մը պատրաստէ»։ 18Զաքարիա ըսաւ հրեշտակին. «Ինչո՞վ գիտնամ այդ բանը, որովհետեւ ես ծեր եմ ու իմ կինս իր օրերը անցուցած է»։ 19Հրեշտակը պատասխան տալով ըսաւ անոր. «Ես եմ Գաբրիէլը, որ Աստուծոյ առջեւ կը կայնիմ ու ղրկուեցայ քեզի խօսելու եւ այս բաներուն աւետիսը քեզի տալու։ 20Ահա համր պիտի ըլլաս դուն ու պիտի չկրնաս խօսիլ մինչեւ այն օրը՝ երբ այս բաները ըլլան, քանզի չհաւատացիր իմ խօսքերուս, որոնք իրենց ատենին պիտի կատարուին»։ 21Ժողովուրդը Զաքարիային կը սպասէր եւ կը զարմանային անոր տաճարին մէջ ուշանալուն համար։ 22Երբ դուրս ելաւ, չէր կրնար խօսիլ անոնց հետ. ասով իմացան թէ տաճարին մէջ տեսիլք մը տեսած է։ Ինք նշանով կը խօսէր անոնց հետ եւ համր կը կենար։ 23Երբ իր պաշտօնին օրերը լմնցան, իր տունը գնաց։ 24Այն օրերէն ետքը անոր կինը Եղիսաբէթ յղացաւ ու հինգ ամիս ինքզինք կը պահէր եւ կ’ըսէր. 25«Այսպէս ըրաւ ինծի Տէրը այս օրերուս, իմ վրաս նայեցաւ նախատինքս մարդոց մէջէն վերցնելու համար»։
ԱՒԵՏՈՒՄՆ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԾՆՈՒՆԴԻՆ
26Վեցերորդ ամսուն մէջ Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլիայի մէկ քաղաքը՝ որուն անունը Նազարէթ էր, 27կոյսի մը՝ մարդու մը նշանուած, որուն անունը Յովսէփ էր, Դաւիթին տունէն։ Այն կոյսին անունը Մարիամ էր։ 28Հրեշտակը անոր երթալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է։ Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես»։ 29Մարիամ զանիկա տեսնելով, անոր խօսքին վրայ շփոթեցաւ ու ինքնիրեն կը մտածէր թէ ի՞նչպէս բան պիտի ըլլայ այս ողջոյնը։ 30Հրեշտակը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մա՛րիամ, վասն զի Աստուծմէ շնորհք գտար։ 31Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ 32Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ 33Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ 34Մարիամ ըսաւ հրեշտակին. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այդ բանը, որովհետեւ ես այր մարդ չեմ գիտեր»։ 35Հրեշտակը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ 36Ահա քու ազգականդ Եղիսաբէթ՝ անիկա ալ իր պառաւութեան ատենը արու զաւակով մը յղի է։ Ասիկա այն ամուլ ըսուածին վեցերորդ ամիսն է, 37վասն զի Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ»։ 38Մարիամ ըսաւ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Ու հրեշտակը անոր քովէն գնաց։
ՄԱՐԻԱՄ ԵՂԻՍԱԲԷԹԻՆ Կ’ԱՅՑԵԼԷ
39Այն օրերը ելաւ Մարիամ ու արտորալով լեռնակողմը Յուդայի մէկ քաղաքը գնաց։ 40Մտաւ Զաքարիային տունը ու Եղիսաբէթին բարեւ տուաւ։ 41Երբ Եղիսաբէթ Մարիամին բարեւը լսեց, մանուկը անոր որովայնին մէջ խաղաց ու Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ, 42եւ բարձր ձայնով մը կանչեց ու ըսաւ. «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ է քու որովայնիդ պտուղը։ 43Այս ինծի ինչպէ՞ս եղաւ, որ իմ Տէրոջս մայրը ինծի եկաւ։ 44Վասն զի ահա երբ քու բարեւիդ ձայնը ականջիս հասաւ, մանուկը որովայնիս մէջ խաղաց ուրախութենէն։ 45Երանի՜ անոր որ #1.45 Կամ, հաւատացեր է թէհաւատացեր է, քանզի պիտի կատարուին այն բաները, որոնք Տէրոջմէն ըսուեցան իրեն»։
ՄԱՐԻԱՄԻՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԸ
46Մարիամ ըսաւ. «Իմ անձս կը մեծցնէ Տէրը։ 47Եւ իմ հոգիս ուրախացաւ իմ Փրկիչ Աստուծմովս։ 48Վասն զի իր աղախինին խոնարհութեանը նայեցաւ. քանզի ահա ասկէ ետք բոլոր ազգերը ինծի երանութիւն պիտի տան։ 49Վասն զի Հզօրը ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ ու անոր անունը սուրբ է։ 50Եւ անոր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ է ազգէ ազգ։ 51Իր բազուկովը զօրութիւն ցուցուց, ցիրուցան ըրաւ ամբարտաւանները իրենց սրտին խորհուրդովը։ 52Զօրաւորները իրենց աթոռներէն իջեցուց ու խոնարհները բարձրացուց։ 53Անօթիները բարիքներով լեցուց եւ հարուստները պարապ ճամբեց։ 54Օգնութիւն ըրաւ իր Իսրայէլ ծառային՝ իր ողորմութիւնը միտքը բերելով, 55ինչպէս ինք խօսեցաւ մեր հայրերուն, Աբրահամին ու անոր սերունդին յաւիտեան»։
56Մարիամ անոր քով երեք ամիսի չափ կեցաւ ու իր տունը դարձաւ։
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ
57Ու Եղիսաբէթին ծնանելու ժամանակը լեցուեցաւ ու որդի մը ծնաւ։ 58Երբ լսեցին անոնք, որ անոր բոլորտիքը կը բնակէին ու անոր ազգականները, որ Տէրը անոր վրայ իր մեծ ողորմութիւնը ցուցուց, անոր հետ ուրախացան։
59Ութերորդ օրը տղան թլփատելու գացին եւ զանիկա իր հօրը անունովը Զաքարիա կը կոչէին, 60իսկ անոր մայրը պատասխան տալով ըսաւ. «Ո՛չ, հապա Յովհաննէս պիտի կոչուի»։ 61Անոր ըսին թէ՝ «Քու ազգականներուդ մէջ մէկը չկայ, որ այս անունով կոչուի»։ 62Աչք ըրին անոր հօրը թէ ի՞նչ անունով կ’ուզէ որ անիկա կոչուի։ 63Ան ալ տախտակ մը ուզեց ու գրեց. «Յովհաննէս է ատոր անունը»։ Ամէնքն ալ զարմացան։ 64Իսկոյն բացուեցաւ անոր բերանը ու անոր լեզուն եւ խօսեցաւ ու օրհնեց Աստուած։ 65Վախ մը ինկաւ այն ամենուն վրայ՝ որոնք անոնց բոլորտիքը կը բնակէին։ Այս բաները Հրէաստանի բոլոր լեռնակողմը կը պատմուէր։ 66Բոլոր լսողները իրենց սրտերնուն մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Արդեօք այս տղան ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Տէրոջը ձեռքը անոր հետ էր։
ԶԱՔԱՐԻԱՅԻՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ
67Անոր հայրը Զաքարիա՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ մարգարէացաւ ու ըսաւ. 68«Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ այցելութեան ելաւ եւ իր ժողովուրդին փրկութիւն ըրաւ։ 69Մեզի փրկութեան եղջիւր մը հանեց իր Դաւիթ ծառային տունէն. 70(ինչպէս խօսեցաւ սուրբերուն բերնովը, որոնք աշխարհի սկիզբէն ի վեր անոր մարգարէներն էին). 71փրկութիւն մեր թշնամիներէն եւ բոլոր մեզ ատողներուն ձեռքէն, 72ողորմութիւն ընելու մեր հայրերուն եւ իր սուրբ ուխտը միտք բերելու 73(այն երդումը որ մեր հօրը Աբրահամին ըրաւ), մեզի տալու, 74որպէս զի մեր թշնամիներուն ձեռքէն ազատուելով՝ առանց վախի զանիկա պաշտենք 75սրբութիւնով ու արդարութիւնով անոր առջեւ մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։ 76Եւ ‘Դո՛ւն, ո՛վ մանուկ, Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս, վասն զի Տէրոջը երեսին առջեւէն պիտի երթաս՝ անոր ճամբաները պատրաստելու, 77անոր ժողովուրդին գիտցնելու իրենց փրկութիւնը իրենց մեղքերուն թողութիւնովը’, 78մեր Աստուծոյն գթած ողորմութեանը համար, որով Ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ՝ 79‘Խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ նստողներուն լոյս տալու’ ու մեր ոտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շտկելու»։
80Տղան կը մեծնար ու կը զօրանար հոգիով եւ անապատներուն մէջ էր մինչեւ այն օրը, երբ ինք Իսրայէլին երեւցաւ։

Currently Selected:

ՂՈԻԿԱՍ 1: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy