YouVersion Logo
Search Icon

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 1

1
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ԻՐ ՈՐԴԻԻՆ ՄԻՋՈՑՈՎ
1Շատ ձեւերով ու շատ կերպերով կանխաւ խօսած է Աստուած հայրերուն հետ՝ մարգարէներով։ 2Այս վերջին օրերս իր Որդիովը խօսեցաւ մեզի հետ, որը ամէն բանի ժառանգորդ ըրաւ, որով աշխարհն ալ ստեղծեց։ 3Ան իր փառքին լոյսն է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը։ Ան իր զօրութեան խօսքովը ամէն բան կը բռնէ։ Իր անձով մեր մեղքերը սրբեց եւ նստաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծութեան աջ կողմը։
ՈՐԴԻՆ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԷՆ ՄԵԾ Է
4Այնչափ բարձր եղաւ հրեշտակներէն, որչափ իր ժառանգած անունը բարձր է անոնց անուններէն։ 5Վասն զի հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ» եւ դարձեալ՝ «Ես անոր Հայր պիտի ըլլամ ու անիկա ինծի Որդի պիտի ըլլայ»։ 6Եւ դարձեալ՝ երբ անդրանիկը աշխարհ կը մտցնէ՝ կ’ըսէ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ անոր երկրպագութիւն թող ընեն»։ 7Եւ հրեշտակներուն համար կ’ըսէ. «Որ իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ ու իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց»։ 8Սակայն Որդիին համար կ’ըսէ. «Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից է. քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է. 9արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր. անոր համար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ քու ընկերներէդ աւելի»։ 10Եւ՝ «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր ու երկինք քու ձեռքերուդ գործն է. 11անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս ու մնաս ու բոլորը լաթի պէս պիտի մաշին 12ու վերարկուի պէս պիտի գալարես զանոնք եւ պիտի փոխուին, բայց դուն նոյն ինքն ես ու քու տարիներդ պիտի չպակսին»։ 13Եւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ. «Իմ աջ կողմս նստէ՛, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան դնեմ»։ 14Չէ՞ որ հրեշտակները սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն։

Currently Selected:

ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 1: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy