YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐՐՈՐԴ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1

1
1Երէցէն Գայիոս սիրելիին, որ ես կը սիրեմ ճշմարտութեամբ։ 2Սիրելիս, աղօթք կ’ընեմ որ ամէն կողմէ յաջողիս ու առողջ ըլլաս, ինչպէս քու հոգիդ ալ յաջողութեան մէջ է։ 3Վասն զի շատ ուրախացայ, երբ քանի մը եղբայրներ եկան ու քու ճշմարտութեանդ մասին վկայեցին, թէ դուն ճշմարտութեամբ կը քալես։ 4Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն։
ԳԱՅԻՈՍ ԿԸ ԳՈՎՈՒԻ
5Սիրե՛լիս դուն հաւատարմաբար կ’ընես, ինչ որ կ’ընես եղբայրներուն եւ օտարներուն, 6որոնք եկեղեցիին առջեւ վկայեցին քու սիրոյդ վրայով։ Եթէ աստուածահաճոյ կերպով զանոնք ճամբայ դնես, աղէկ կ’ընես։ 7Վասն զի Աստուծոյ անուանը համար ճամբայ ելան ու հեթանոսներէն բան մը չեն առներ։ 8Ուստի մենք պարտաւոր ենք այնպիսիները ընդունիլ, որպէս զի ճշմարտութեանը գործակից ըլլանք։
ԴԻՈՏՐԵՓԷՍ ԵՒ ԴԵՄԵՏՐԻՈՍ
9Եկեղեցիին գրեցի. բայց Դիոտրեփէսը, որ անոնց մէջ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, մեզ չընդունիր։ 10Ասոր համար եթէ գամ, անոր ըրած գործերը պիտի յիշեմ, որ մեզի դէմ շաղակրատելով չարախօսութիւն կ’ընէ։ Ասով ալ գոհ չըլլալէ զատ ո՛չ միայն ինք չընդունիր եղբայրները, այլ անոնք որ կ’ուզեն ընդունիլ ՝ կ’արգիլէ ու եկեղեցիէն ալ կը հանէ։ 11Սի՛րելիս, չարին նմանող մի՛ ըլլար, հապա՝ բարիին։ Ան որ բարիք կը գործէ, Աստուծմէ է. բայց ան որ չարիք կը գործէ, անիկա Աստուած տեսած չէ։ 12Դեմետրիոսին համար ամէնքն ալ լաւ կը վկայեն, բուն իսկ ճշմարտութիւնն ալ։ Մենք ալ կը վկայենք եւ դուք գիտէք թէ մեր վկայութիւնը ճշմարիտ է։
ՎԵՐՋԻՆ ԲԱՐԵՒՆԵՐ
13Շատ բան ունէի գրելու, բայց չեմ ուզեր մելանով ու գրչով քեզի գրել։ 14Սակայն մօտերս քեզ տեսնելու յոյսը ունիմ ու դէմ առ դէմ խօսելու։ 15Խաղաղութիւն քեզի. բարեկամները քեզի բարեւ կ’ընեն. բարեւ ըրէ մեր բարեկամներուն՝ ամէն մէկուն անունովը։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy