YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1

1
1Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ մեր Փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող #1.1 Ոմանք, Տէր Յիսուս ՔրիստոսիՔրիստոս Յիսուսին հրամանովը, 2Տիմոթէոսին՝ հաւատքով իմ հարազատ որդիիս՝ շնորհք, ողորմութիւն ու խաղաղութիւն Աստուծմէ մեր Հօրմէն եւ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմէն։
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՍԽԱԼ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵՆԷ
3Ինչպէս քեզի աղաչեցի Եփեսոս մնալ, երբ ես Մակեդոնիա կ’երթայի, որ պատուիրես մէկ քանիներուն օտար ուսմունք չսորվեցնել 4եւ չնայիլ առասպելներու ու ազգահամարներու՝ որոնք վերջ չունին, որոնք աւելի վէճեր ալ կը պատճառեն՝ քան թէ Աստուծոյ հաճելի #1.4 Կամ, կենցաղավարութիւնըշինութիւն՝ որ կ’ըլլայ հաւատքով։ 5Իսկ պատուիրանքին գլուխը սէրն է սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով եւ անկեղծ հաւատքով. 6որոնցմէ խոտորելով ոմանք փուճ խօսքերու ետեւէ գացին. 7օրէնքներու վարդապետ ըլլալ ուզեցին, բայց իրենք չեն հասկնար ինչ որ կը խօսին, ո՛չ ալ այն բաները՝ որոնց վրայ կը պնդեն։ 8Արդ գիտենք թէ օրէնքը աղէկ է, եթէ մէկը զանիկա օրինաւոր կերպով գործադրելու ըլլայ։ 9Բայց ա՛յս թող գիտնայ թէ արդարներուն համար չէ օրէնքը, հապա անօրէններուն ու անհնազանդներուն համար, ամբարիշտներուն եւ մեղաւորներուն, անսուրբներուն եւ պիղծերուն, հայր ու մայր զարնողներուն, մարդասպաններուն, 10պոռնիկներուն, արուագէտներուն, մարդ գողցողներուն, ստախօսներուն, սուտ երդում ընողներուն եւ թէ ուրիշ ոեւէ բանի որ հակառակ է ողջամիտ վարդապետութեան, 11որը համաձայն է երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին եւ որ ինծի յանձնուեցաւ։
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
12Շնորհակալ եմ անոր՝ որ զիս զօրացուց, այսինքն Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջը, որ հաւատարիմ սեպելով զիս՝ այս սպասաւորութեան մէջ դրաւ. 13որ առաջ հայհոյիչ էի ու հալածող եւ թշնամանող. բայց ողորմութիւն գտայ, վասն զի անհաւատութեան մէջ եւ չգիտնալով ըրի։ 14Մեր Տէրոջը շնորհքը խիստ շատ եղաւ ինծի հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։ 15Այս խօսքը հաւատարիմ է ու բոլորովին ընդունելութեան արժանի, որ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու, որոնց գլուխը ես եմ. 16բայց անոր համար ողորմութիւն գտայ, որ ամենէն առաջ Յիսուս Քրիստոս իմ վրաս ցուցնէ երկայնմտութիւնը՝ օրինակ ըլլալու անոնց, որոնք պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար։ 17Արդ՝ յաւիտենական Թագաւորին, որ անեղծ ու աներեւոյթ է, մի միայն Աստուծոյն #1.17 Ոմանք, միայն իմաստունփառք ու պատիւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
18Այս պատուէրը կ’աւանդեմ քեզի, ի՛մ որդեակս Տիմոթէոս, քեզի համար նախապէս եղած մարգարէութիւններուն համաձայն, որ անոնցմով պատերազմիս այն բարի պատերազմը 19եւ ունենաս հաւատք ու մաքուր խղճմտանք, որ մէկ քանիները իրենցմէ մէկդի ձգելով՝ նաւակոծութիւն կրեցին հաւատքին կողմանէ. 20որոնցմէ են Հիմենոսն ու Աղեքսանդրոսը, որոնք ես Սատանային մատնեցի, որպէս զի սորվին հայհոյութիւն չընել։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy