YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1

1
1Պօղոս, Աստուծոյ կամքովը Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ ըլլալու կանչուած ու Սոսթենէս եղբայրը, 2Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին, Քրիստոս Յիսուսով սրբուածներուն, սուրբեր ըլլալու կանչուածներուն, այն ամենուն հետ որ ամէն տեղ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունը կը կանչեն, իրենցը ու մերը. 3ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծմէն՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
4Ամէն ատեն իմ Աստուծմէս ձեզի համար կը գոհանամ Իր շնորհքին համար, որ ձեզի տրուած է Քրիստոս Յիսուսով. 5որ դուք անով ամէն բանի մէջ հարստացաք ամէն խօսքով ու ամէն գիտութիւնով 6ինչպէս Քրիստոսին վկայութիւնը ձեր մէջ հաստատուեցաւ. 7որպէս զի ձեզի ոեւէ շնորհք չպակսի՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելուն սպասելով. 8որ նաեւ ձեզ պիտի հաստատէ մինչեւ վերջը՝ որ անարատ ըլլաք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին օրը։ 9Հաւատարիմ է Աստուած, որով կանչուեցաք հաղորդակից ըլլալու իր Որդիին, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին։
ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԷՋ ԲԱԺԱՆՈՒՄ
10Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ միեւնոյն խօսքը ունենաք ամէնքդ ու երկպառակութիւններ չըլլան ձեր մէջ. հապա դուք մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ #1.10 Յուն., կատարելագործուածհաստատուած ըլլաք։ 11Վասն զի ձեզի համար ինծի լուր հասաւ, եղբայրնե՛ր, Քղուէի տունէն եղողներէն, թէ ձեր մէջ հակառակութիւններ կան։ 12Հիմա այս կ’ըսեմ ձեզի, որպէս թէ ձեզմէ մէկը կ’ըսէ թէ՝ «Ես Պօղոսեան եմ» ու միւսը ՝ թէ «Ես Ապօղոսեան եմ» եւ ուրիշը ՝ թէ «Ես՝ Կեփասեան», ու միւսը ՝ թէ «Ես՝ Քրիստոսեան»։ 13Միթէ Քրիստոս բաժնուա՞ծ է. միթէ Պօղո՞ս խաչը ելաւ ձեզի համար, կամ թէ Պօղոսի՞ն անունով մկրտուեցաք։ 14Կը գոհանամ Աստուծմէն, որ ձեզմէ մէ՛կը չմկրտեցի, միայն Կրիսպոսը եւ Գայիոսը. որպէս զի ոչ ոք ըսէ՝ 15թէ իմ անունովս մկրտուած է։ 16Ստեփանէսին ընտանիքն ալ մկրտեցի։ Ա՛լ ուրիշ մէկը չեմ յիշեր ամենեւին թէ մկրտեցի։
17Վասն զի Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, հապա աւետարանը քարոզելու. բայց ոչ խօսքերու ճարտարութիւնով, որպէս զի Քրիստոսին խաչը ոչինչ չըլլայ։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՅԺԸ
18Քանզի խաչին քարոզութիւնը կորսուածներուն յիմարութիւն է, բայց մեզի փրկուածներուս Աստուծոյ զօրութիւնն է 19վասն զի գրուած է. «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ ու հանճարեղներուն հանճարը պիտի խափանեմ»։ 20Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհին քննողը. չէ՞ որ Աստուած յիմարացուց այս աշխարհին իմաստութիւնը։ 21Քանզի Աստուած հաճեցաւ քարոզութեան յիմարութիւնով ապրելցնել, ուստի աստուածային իմաստութեամբ չթուլատրեց որ աշխարհային իմաստութեամբ մարդ Աստուած ճանչնայ։ 22Վասն զի Հրեաները նշան կ’ուզեն եւ Յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն. 23իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, ինչ որ Հրեաներուն գայթակղութիւն ու Յոյներուն յիմարութիւն է։ 24Բայց անոնց որ կանչուած են, թէ՛ Հրեայ եւ թէ՛ Յոյն, Քրիստոսը՝ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնն է։ 25Վասն զի Աստուծոյ յիմարը մարդոցմէ աւելի իմաստուն է եւ Աստուծոյ տկարը մարդոցմէ աւելի զօրաւոր է։ 26Արդարեւ, դուք ձեր կոչումը կը տեսնէք, ե՛ղբայրներ, որ ոչ թէ մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ եւ ոչ թէ շատ զօրաւորներ եւ ոչ թէ շատ ազնուականներ կանչուեցան. 27բայց Աստուած աշխարհիս յիմարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ իմաստունները ու աշխարհիս տկարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ զօրաւորները. 28եւ աշխարհիս ցածազգիներն ու անարգները ընտրեց եւ ոչինչները, որպէս զի անոնք որ բան մը ըլլալ կը կարծեն, խափանէ. 29որ մարմին մը չպարծի Աստուծոյ առջեւ։ 30Դուք անկէ էք Քրիստոս Յիսուսով, որ մեզի Աստուծմէ իմաստութիւն, արդարութիւն, սրբութիւն եւ փրկութիւն եղաւ. 31որպէս զի, ինչպէս գրուած է. «Ան որ կը պարծենայ Տէրոջմով թող պարծենայ»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy