Logo YouVersion
Ikona vyhledávání

ՄԱՏԹԷՈՍ 1

1
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱԶԳԱՏՈՀՄԸ
(Ղուկ. 3:23-38)
1Գիրք ծնունդին Յիսուսի Քրիստոսի՝ Դաւիթի որդիին, Աբրահամի որդիին։
2Աբրահամ ծնաւ Իսահակը. Իսահակ ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յուդան ու անոր եղբայրները. 3Յուդա ծնաւ Փարէսը ու Զարան Թամարէն. Փարէս ծնաւ Եսրոնը. Եսրոն ծնաւ Արամը. 4Արամ ծնաւ Ամինադաբը. Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը. Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը. 5Սաղմոն ծնաւ Բոոսը Ռախաբէն. Բոոս ծնաւ Ովբէդը Հռութէն. Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն. 6Յեսսէ ծնաւ Դաւիթ թագաւորը. Դաւիթ թագաւորը ծնաւ Սողոմոնը Ուրիայի կնոջմէն. 7Սողոմոն ծնաւ Ռոբովամը. 8Ռոբովամ ծնաւ Աբիան. Աբիա ծնաւ Ասան. Ասա ծնաւ Յովսափատը. Յովսափատ ծնաւ Յովրամը. Յովրամ ծնաւ Ոզիան. 9Ոզիա ծնաւ Յովաթամը. Յովաթամ ծնաւ Աքազը, Աքազ ծնաւ Եզեկիան. 10Եզեկիա ծնաւ Մանասէն. Մանասէ ծնաւ Ամոնը. 11Ամոն ծնաւ Յովսիան. Յովսիա ծնաւ Յեքոնիան ու անոր եղբայրները Բաբելոնեան գերութեան ատենները. 12Բաբելոն գերութեան երթալէն յետոյ Յեքոնիա ծնաւ Սաղաթիէլը. 13Սաղաթիէլ՝ Զօրաբաբէլը. Զօրաբաբէլ ծնաւ Աբիուդը. Աբիուդ ծնաւ Եղիակիմը. 14Եղիակիմ ծնաւ Ազովրը. Ազովր ծնաւ Սադովկը. Սադովկ ծնաւ Աքինը. Աքին ծնաւ Եղիուդը. 15Եղիուդ ծնաւ Եղիազարը. Եղիազար ծնաւ Մատթանը. 16Մատթան ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յովսէփը՝ Մարիամին այրը, որմէ ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս։ 17Արդ բոլոր սերունդները Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ տասնըչորս սերունդ եւ Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնեան գերութիւնը տասնըչորս սերունդ ու Բաբելոնեան գերութենէն մինչեւ Քրիստոս տասնըչորս սերունդ։
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ
(Ղուկ. 2:1-7)
18Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը այս կերպով եղաւ։ Անոր մայրը Մարիամ Յովսէփին նշանուած, դեռ իրարու քով չեկած՝ Սուրբ Հոգիէն յղացած գտնուեցաւ։ 19Յովսէփ՝ անոր այրը՝ արդար մարդ ըլլալով ու չուզելով որ զանիկա խայտառակ ընէ, մտածեց որ ծածկաբար արձակէ զանիկա։ 20Եւ երբ անիկա այս բանը կը մտածէր, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Յո՛վսէփ, Դաւիթի որդի, մի՛ վախնար Մարիամը իբր կին առնելէ, վասն զի անոր ներսիդին ծնածը Սուրբ Հոգիէն է։ 21Ան որդի մը պիտի ծնանի, անոր անունը #1:21 Այսինքն, ՓրկիչՅիսուս պիտի դնես, քանզի անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ»։ 22Այս ամէնը եղաւ, որպէս զի կատարուի Տէրոջմէն ըսուածը մարգարէին միջոցով, որ կ’ըսէ. 23«Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն, որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ»։ 24Յովսէփ քունէն արթննալով՝ ինչպէս Տէրոջը հրեշտակը իրեն հրամայեց, այնպէս ըրաւ ու իր կինը քովն առաւ։ 25Եւ չգիտցաւ զանիկա՝ մինչեւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ։ Անոր անունը Յիսուս դրաւ։

Právě zvoleno:

ՄԱՏԹԷՈՍ 1: WARMB

Zvýraznění

Sdílet

Kopírovat

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion používá soubory cookie adaptované na vaše potřeby. Používáním našich webových stránek souhlasíte s používáním souborů cookie, jak je popsáno v našich Zásadách ochrany osobních údajů