YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱԿԱՑ 31

31
ՊԱՏԳԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՄԸ
1Լեմուէլ թագաւորին խօսքերը,
Այսինքն պատգամը, որ անոր մայրը իրեն սորվեցուց.
2Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որդեակ իմ,
Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որովայնիս որդին,
Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ իմ ուխտերուս որդին։
3Քու զօրութիւնդ կիներուն մի՛ տար,
Ո՛չ ալ քու ճամբաներդ՝ թագաւորներ բնաջինջ ընողներուն։
4Ո՛վ Լեմուէլ, թագաւորներուն չի վայլեր,
Գինի խմել թագաւորներուն չի վայլեր
Եւ օղի խմել իշխաններուն չի վայլեր.
5Չըլլայ որ խմեն ու օրէնքը մոռնան
Եւ տառապեալներէն մէկուն դատը ծռեն։
6Օղին կորսուելու վրայ եղողին
Ու գինին դառնահոգիներուն տուէք,
7Որպէս զի անոնք խմեն ու իրենց աղքատութիւնը մոռնան
Եւ իրենց նեղութիւնը անգամ մըն ալ չյիշեն։
8Բաց քու բերանդ համր մարդուն համար
Ու բոլոր անխնամ մնացածներուն դատին համար։
9Բաց քու բերանդ եւ արդարութեամբ դատէ
Եւ աղքատին ու տնանկին դատը տես։
ԿԱՐՈՂ ԿԻՆԸ
10Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել։
Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է։
11Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է
Ու աւարի կարօտ չըլլար։
12Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ
Անոր բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք։
13Բուրդ ու քթան կը փնտռէ
Եւ #31:13 Կամ յօժարութեամբուզածը ձեռքովը կը գործէ։
14Անիկա վաճառականի նաւերուն կը նմանի։
Իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ։
15Անիկա գիշերով կ’ելլէ ու տանը մարդոցը՝ կերակուր
Եւ իր աղախիններուն գործ կու տայ։
16Արտի մը վրայ կը խորհի ու զանիկա ծախու կ’առնէ։
Իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ։
17Իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէ
Ու իր բազուկները կը զօրացնէ։
18Իր վաստակին աղէկ ըլլալը կը հասկնայ։
Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր։
19Իր ձեռքերը իլիկին կ’երկնցնէ
Ու ափովը րոքը կը բռնէ։
20Ձեռքը աղքատին կը բանայ
Ու ձեռքերը կարօտեալներուն կ’երկնցնէ։
21Իր տանը մարդոցը համար ձիւնէն չի վախնար.
Քանզի բոլոր ընտանիքը կրկին հանդերձ հագած են։
22Իրեն ծածկոցներ կը շինէ։
Իր հանդերձը բեհեզ ու ծիրանի է։
23Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ,
Երբ երկրին ծերերուն հետ նստի։
24Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէ
Եւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ։
25Զօրութիւն ու փառք կը հագնի
Ու վերջին օրերը պիտի ուրախանայ։
26Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ
Եւ իր լեզուին վրայ #31:26 Կամ, ողորմութեանքաղցրութեան օրէնք կայ։
27Իր տանը ճամբաները կը քննէ
Եւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր։
28Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն։
Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով.
29«Շատ աղջիկներ առաքինի եղան,
Բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար»։
30Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է,
Սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի։
31Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն
Ու անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա։

Currently Selected:

ԱՌԱԿԱՑ 31: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in