ՅՈԲԱՅ 41
41
1«Լեւիաթանը կարթով կրնա՞ս վերցնել
Ու անոր լեզուէն լարով կրնա՞ս քաշել։
2Անոր քթին չուան անցընելով
Ծնօտը կրնա՞ս փուշով ծակել։
3Միթէ անիկա քեզի շատ աղաչանքներ կ’ընէ՞,
Քեզի մեղմ խօսքեր կ’ըսէ՞։
4Անիկա քեզի հետ ուխտ կ’ընէ՞։
Զանիկա մշտնջենաւոր ծառայի պէս կրնա՞ս առնել։
5Թռչունի հետ խաղալու պէս՝ անոր հետ կրնա՞ս խաղալ,
Կամ թէ քու աղախիններուդ համար զանիկա կրնա՞ս կապել։
6Ընկերները անոր մսովը հացկերոյթ կրնա՞ն ընել.
Անիկա վաճառականներուն մէջ կը բաժնուի՞։
7Անոր մորթը սլաքներով
Ու անոր գլուխը ձկնորսի տէգերով կրնա՞ս լեցնել։
8Ձեռքդ անոր վրայ դիր, պատերազմը յիշէ
Ու նորէն պիտի չպատերազմիս։
9Ահա անոր բռնուելուն յոյսը պարապ է.
Զանիկա տեսնելով՝ մարդ չի՞ զարհուրիր։
10Չկայ քաջասիրտ մէկը, որ զանիկա արթնցնէ։
Հապա իմ առջեւս ո՞վ կրնայ կենալ։
11Ո՞վ նախապէս ինծի տուաւ, որ ես անոր հատուցանեմ.
Բոլոր երկնքի տակ եղածը իմս է։
12Անոր անդամներուն ու զօրութեանը,
Նաեւ գեղեցիկ կարգաւորութեանը վրայ պիտի խօսիմ ու պիտի չլռեմ։
13Անոր հանդերձին երեսը ո՞վ կրնայ բանալ,
Անոր երկու կզակներուն մէջ ո՞վ կրնայ մտնել,
14Անոր երեսին դռները ո՞վ կրնայ բանալ,
Ահը անոր ակռաներուն բոլորտիքն է։
15 Անոր ամուր վահանները իր հպարտութիւնն են,
Պինդ կնքուածի պէս գոց են։
16Այնպէս քովէ քով շարուած են,
Որ անոնց մէջ քամի չի կրնար մտնել.
17Իրարու կցուած են,
Մէկզմէկ կը բռնեն ու բնաւ չեն զատուիր։
18Անոր փռնգտալէն լոյս կը փայլի
Ու աչքերը արշալոյսին արտեւանունքներուն կը նմանին։
19Անոր բերնէն վառած ջահեր կ’ելլեն
Ու կրակի կայծեր կը ցայտեն։
20Քթին ծակերէն շոգի կ’ելլէ
Եռացող սանի կամ կաթսայի պէս։
21Անոր շունչէն կրակի կայծեր կը բորբոքին
Ու բերնէն բոց կ’ելլէ։
22Անոր պարանոցին վրայ ոյժը կը բնակի
Ու երկիւղը անոր առջեւ կը խաղայ։
23Անոր մսին ծալուածքները փակած են,
Անոր վրայ հաստատուելով չեն երերար։
24Անոր սիրտը քարի պէս պինդ է
Ու աղօրիքին տակի քարին պէս ամուր է։
25Անոր ելած ժամանակը զօրաւորները կը վախնան
Ու երկիւղէն կը շփոթին։
26Անոր վրայ յարձակողին սուրը չի դիմանար,
Ո՛չ ալ նիզակը, գեղարդն ու զրահը։
27Երկաթը յարդի պէս է անոր առջեւ
Ու պղինձը՝ փտտած փայտի պէս։
28Աղեղին նետը զանիկա չի փախցներ,
Պարսատիկի քարերը անոր դէմ մղեղ կը դառնան։
29Մահակները շիւղերու տեղ կը սեպէ,
Տէգին ճօճուիլը ծաղր կ’ընէ։
30Անոր տակ սրածայր խեցիի կտորուանք կան,
Ցեխին վրայ սուր բաներ կը տարածէ։
31Անդունդը սանի մը պէս կ’եռացնէ
Ու ծովը օծանելիքի կաթսային նման կ’ընէ։
32Իր ետեւէն ճամբան պայծառ կ’երեւցնէ,
Անդունդը ճերմկցած մազերու կը նմանի։
33Երկրի վրայ անոր նմանը չկայ,
Որ այնպէս անվախ ստեղծուած ըլլայ։
34Ամէն բարձր բաներու վրայ կը նայի,
Բոլոր #41:34 Կամ, վայրենի գազաններունհպարտութեան որդիներուն թագաւորն է»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 41: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.