YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈԲԱՅ 39

39
1«Ժայռի այծեամներուն ծնանելու ժամանակը գիտե՞ս.
Եղնիկներուն ծնանիլը դիտեցի՞ր։
2Անոնց կատարելու ամիսները կրնա՞ս համրել
Ու ծնանելու ժամանակնին գիտե՞ս։
3Անոնք ծռելով ձագերնին կը ծնանին
Ու ցաւերնին կ’անցընեն։
4Անոնց ձագերը կը զօրանան, դաշտի մէջ կը մեծնան,
Կ’երթան ու նորէն անոնց չեն դառնար։
5Ցիռը ո՞վ համարձակ թող տուաւ
Ու վայրենի իշուն կապերը ո՞վ քակեց,
6Որո՞ւ տուի դաշտը տան համար
Ու անապատը՝ անոր բնակութեանը համար։
7Անիկա քաղաքին աղաղակը ծաղր կ’ընէ
Ու հարկահանին պոռալը չի լսեր։
8 Անոր պտըտած լեռները իր արօտն են
Ու ամէն տեսակ խոտ կը փնտռէ։
9Միեղջերուն քեզի ծառայելու կը հաճի՞,
Կամ քու մսուրիդ քով գիշերը կը մնա՞յ։
10 # 39:10 Եբր., Ակօսին մէջը Արտ վարելու համար՝ ՝ միեղջերուն կրնա՞ս չուանով կապել,
Կամ թէ քու ետեւէդ հովիտները կը տափանէ՞։
11Անոր ոյժին շատ ըլլալուն համար անոր կը վստահի՞ս
Ու գործդ անոր կը յանձնե՞ս։
12Կը հաւատա՞ս թէ ան քու արմտիքդ պիտի բերէ
Եւ քու կալդ հաւաքէ։
13Ջայլամին թեւը ցնծութեամբ կը շարժի։
Արդեօք արագիլին թեւերուն ու փետուրներուն կը նմանի՞։
14Անիկա իր հաւկիթները գետինը կը ձգէ
Ու զանոնք հողին մէջ կը տաքցնէ,
15Մոռնալով թէ մէկուն ոտքը կրնայ կոտրել,
Կամ դաշտի գազանները ոտնակոխ կ’ընեն։
16Անիկա անգութ է իր ձագերուն՝ իրենը չեղածներու պէս.
Իր աշխատութեանը դատարկ ելլելուն վախը չունի։
17Վասն զի Աստուած իմաստութենէ զուրկ ըրաւ զանիկա
Ու հանճարէն անոր բաժին չտուաւ։
18Անիկա բարձր ելած ժամանակը
Ձին ու անոր վրայ հեծնողը ծաղր կ’ընէ։
19Ձիերուն դո՞ւն ոյժ տուիր,
Անոր պարանոցին #39:19 Կամ, որոտումըբաշը դո՞ւն հագցուցիր։
20Զանիկա մարախի պէս կրնա՞ս ցատկեցնել.
Անոր վրնջելուն #39:20 Եբր., փառքըփառաւոր ձայնը՝ ՝ ահաւոր է։
21Հովիտի մէջ գետինը կը փորէ ու իր զօրութիւնովը կը զուարճանայ.
Սպառազէնը դիմաւորելու կ’ելլէ.
22Երկիւղը ծաղր կ’ընէ, բանէ մը չի վախնար
Ու սուրին երեսէն ետ չի դառնար։
23 # 39:23 Եբր., Կապարճը անոր վրայ կը սուլէ Նետերը անոր վրայ կը սուլեն,
Նաեւ փայլուն նիզակն ու գեղարդը։
24Կատաղութեամբ եւ բարկութեամբ գետինը կը դողացնէ
Ու փողին ձայնը լսելուն պէս՝ #39:24 Կամ, չի հաւատարչի կրնար ինքզինք զսպել։
25Քանի որ փողը կը հնչուի, «Աղէ՜», կ’ըսէ։
Հեռուէն կառնէ պատերազմին հոտը։
Զօրագլուխներուն որոտումն ու ազդարարութիւնը կը լսէ։
26Բազէն քո՞ւ իմաստութիւնովդ կը թռչի
Ու թեւերը դէպի հարաւ կը բանայ։
27Արծիւը քո՞ւ հրամանովդ կը բարձրանայ
Ու բոյնը բարձրերը կը հաստատէ։
28Անիկա ժայռի վրայ, ժայռի գագաթներու վրայ
Ու ապառաժներու մէջ բոյն կը շինէ ու կը բնակի։
29Կերակուրը անկէ կը փնտռէ։
Անոր աչքերը հեռուէն կը տեսնեն։
30Անոր ձագերն ալ արիւն կը ծծեն
Եւ ուր որ դիակներ ըլլան, անիկա հոն է»։

Currently Selected:

ՅՈԲԱՅ 39: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in