ՅՈԲԱՅ 37
37
1Ասոր համար ալ սիրտս կը դողայ
Ու իր տեղէն կ’երերայ։
2Անոր ձայնին որոտումին
Ու անոր բերնէն ելած շառաչիւնին մտիկ ըրէ՛ք։
3Բոլոր երկնքի տակ կը ղրկէ զանիկա
Ու անոր լոյսը՝ մինչեւ երկրին ծայրերը։
4Անոր ետեւէն մեծ ձայն մը կ’ելլէ,
Իր վեհափառութեան ձայնովը կ’որոտայ
Ու իր ձայնը լսուելէն յետոյ չ’ուշացներ։
5Աստուած իր ձայնովը սքանչելի կերպով կ’որոտայ
Ու այնպիսի մեծ բաներ կը հանէ, որոնք մենք չենք կրնար հասկնալ։
6Վասն զի անիկա կ’ըսէ ձիւնին. ‘Երկրի վրայ իջիր’։
Նաեւ սաստիկ անձրեւին ու իր զօրութեանը սաստիկ անձրեւներուն։
7Անիկա ամէն մարդու ձեռքը կը կնքէ,
Որպէս զի իր ստեղծած բոլոր մարդիկը հասկնան։
8Գազանները որջերնին կը մտնեն
Ու քարայրներու մէջ կը բնակին։
9Հարաւէն փոթորիկ կու գայ
Ու հիւսիսէն՝ ցուրտ։
10Աստուծոյ շունչէն սառնամանիք կը տրուի
Ու ջուրերուն լայնութիւնը կը նեղնայ։
11Խիտ ամպերը խոնաւութեամբ կը լեցնէ,
Իր փայլակը ամպերը կը ցրուէ։
12Անոր խորհրդովը տեղէ տեղ կը փոխադրուին,
Որպէս զի աշխարհի երեսը՝ երկրի վրայ անոր բոլոր հրամանները կատարեն։
13Զանոնք կը բերէ՝ թէ՛ խրատի համար,
Թէ՛ իր երկրին համար եւ թէ՛ շնորհքի համար։
14Ո՛վ Յոբ, այս ըսածիս մտիկ ըրէ՛.
Կեցի՛ր ու Աստուծոյ սքանչելիքներուն վրայ մտածէ՛։
15Գիտե՞ս թէ Աստուած ի՛նչպէս կը կարգաւորէ զանոնք
Եւ իր ամպէն լոյս կը փայլեցնէ։
16Գիտե՞ս ամպերուն հաւասարակշռութիւնը
Ու իմաստութեամբ կատարեալ եղողին սքանչելիքները։
17Երկիրը հարաւային հովէն հանգստացուցած ժամանակը,
Գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ համար քու հանդերձներդ կը տաքնան։
18Անոր հետ մէկտե՞ղ տարածեցիր երկինքը,
Որ ամուր է թափծու հայելիի պէս։
19Սորվեցուր մեզի թէ ի՛նչ պիտի ըսենք անոր.
Վասն զի մթութեան պատճառով չենք կրնար մեր խօսքը կարգադրել։
20Եթէ ես խօսելու ըլլամ, պիտի պատմուի՞ անոր,
Եթէ մէկ խօսի, անշուշտ պիտի կլլուի՞։
21Ու հիմա ալ չեն կրնար նայիլ, երբ երկինք կը փայլատակէ,
Բայց հովը կ’անցնի ու զանիկա կը սրբէ։
22 Ահա հիւսիսէն ոսկիի պէս լոյս կու գայ։
Աստուած ահաւոր փառաբանութիւն հագած է։
23Անիկա ամենակարող է, չենք կրնար հասկնալ զանիկա.
Մեծ է զօրութեամբ, դատաստանով ու արդարութեամբ
Ու մէկո՛ւն #37:23 Կամ, պատասխան չի տարզրկանք չ’ըներ՝ ՝։
24Անոր համար մարդիկ կը վախնան անկէ.
Սրտով իմաստուններուն #37:24 Կամ, մէկը բնաւ չի կրնար տեսնել զանիկաբնաւ չի նայիր՝ ՝»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 37: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.