ՅՈԲԱՅ 36
36
1Ու Եղիուս շարունակելով՝ ըսաւ.
2«Քիչ մը համբերէ ինծի ու ես քեզի յայտնեմ,
Թէ Աստուծոյ համար ուրիշ խօսելիք ալ ունիմ։
3Գիտութիւնս հեռուէն պիտի առնեմ
Ու արդարութիւնը Ստեղծողիս ընծայեմ։
4Իրաւցընէ իմ խօսքերս սուտ չեն։
Գիտութեամբ կատարեալ մէկը քու քովդ է։
5Ահա Աստուած հզօր է, բայց մէ՛կը չ’արհամարհեր,
Անիկա հզօր է իր սրտին զօրութիւնովը։
6Անիկա ամբարիշտը չ’ապրեցներ
Ու նեղեալներուն իրաւունք կ’ընէ.
7Արդարներուն վրայէն աչքերը չի վերցներ
Ու զանոնք թագաւորներուն հետ աթոռի վրայ կը դնէ։
Զանոնք յաւիտեան կը նստեցնէ ու կը բարձրանան։
8Անոնք եթէ շղթաներով կապուելով
Թշուառութեան կապերուն մէջ բռնուին,
9Այն ատեն անոնց կը յայտնէ իրենց գործերը
Ու իրենց յանցանքներուն շատնալը։
10Նաեւ անոնց ականջը կը բանայ, որպէս զի խրատ ընդունին
Եւ անոնց կը պատուիրէ, որ անօրէնութենէ դառնան։
11Եթէ անոնք հնազանդելով՝ անոր ծառայութիւն ընեն,
Իրենց օրերը բարութիւնով եւ տարիները ուրախութիւնով պիտի անցընեն։
12Բայց եթէ անոնք չհնազանդին, սուրէ պիտի անցնին
Ու առանց գիտութեան պիտի մեռնին։
13Անոնք որ սրտով կեղծաւոր են, իրենց վրայ բարկութիւն կը դիզեն.
Երբ զանոնք կապէ, անոր չեն աղաղակեր։
14Անոնց անձը երիտասարդութեան մէջ պիտի մեռնի
Ու անոնց կեանքը պիղծերուն մէջ պիտի վախճանի։
15Աղքատը կ’ազատէ իր թշուառութեանը ատենը
Ու նեղութեան մէջ անոր ականջը կը բանայ։
16Քեզ ալ նեղութենէ պիտի ազատէր
Ու այնպիսի ընդարձակութեան բերէր, ուր նեղութիւն չկայ
Ու քու սեղանդ դրուածը պարարտութեամբ լեցուն պիտի ըլլար։
17Բայց եթէ դուն չարին դատը #36:17 Եբր., կատարեցիրպաշտպանեցիր,
Իրաւունքն ու դատաստանը քեզ պիտի բռնեն։
18Որովհետեւ բարկութիւն կայ, չըլլայ որ հարուածով մը քեզ վերցնէ.
Այն ատեն մեծ փրկանքը քեզ չի կրնար ազատել։
19Միթէ անիկա քու հարստութիւնդ բանի մը տեղ կը դնէ՞.
Ո՛չ ոսկին ու ո՛չ մեծ գանձերը բան մը կը համարէ։
20Մի՛ փափաքիր այն գիշերուան,
Որուն մէջ ժողովուրդները իրենց տեղէն #36:20 Եբր., կը վերնանաներեւոյթ կ’ըլլան՝ ՝։
21Զգուշացիր անօրէնութեան դառնալէ.
Վասն զի դուն ասիկա թշուառութենէ աւելի նախընտրեցիր։
22Ահա Աստուած իր զօրութիւնովը #36:22 Կամ, կը բարձրացնէբարձրացած է՝ ՝.
Ո՞վ կրնայ անոր պէս սորվեցնել։
23Անոր քալելու ճամբան ո՞վ որոշեց
Եւ ո՞վ ըսաւ անոր թէ՝ ‘Դուն անիրաւութիւն գործեցիր’։
24Միտքդ պահէ որ մեծարես անոր գործերը,
Որոնք մարդիկ կը տեսնեն։
25Ամէն մարդ կը տեսնէ զանոնք,
Իւրաքանչիւր ոք հեռուէն կը դիտէ։
26Ահա Աստուած մեծ է ու մենք չենք գիտեր
Եւ անոր տարիներուն համրանքը անքննելի է։
27Վասն զի ջուրերուն կաթիլները կը քաշէ,
Որոնք իր գոլորշիէն անձրեւ կը թափեն,
28Որ ամպերը վազցնելով
Մարդոց վրայ առատօրէն կը կաթեցնեն։
29Բայց ոեւէ մէկը ամպերուն տարածուիլը
Ու անոր վրանին գոռումը կրնա՞յ հասկնալ։
30Ահա անոր վրայ իր լոյսը կը տարածէ
Ու ծովուն խորութիւնը կը ծածկէ։
31Ժողովուրդները այս բաներով #36:31 Կամ, կը խնամէկը դատէ
Ու առատօրէն կերակուր կու տայ։
32Ափովը #36:32 Եբր., լոյսըկայծակը կը ծածկէ
Ու կը հրամայէ որ նշանակէտին զարնէ։
33 # 36:33 Կամ, անոր շառաչիւնը անոր համար լուր կու տայ, խաշինքն ալ ելլող ամպին համար Անոր կը ցուցնէ իր բարեկամը.
Անօրէնութեան դէմ բարկութիւն կը դիզուի՝ ՝։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 36: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.