YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈԲԱՅ 34

34
1Այն ատեն Եղիուս իր խօսքը շարունակելով՝ ըսաւ.
2«Ո՛վ իմաստուններ, իմ խօսքերուս մտիկ ըրէք
Եւ դո՛ւք, ո՛վ գիտուններ, ինծի ականջ դրէք։
3Քանզի ականջը խօսքերը կ’որոշէ,
Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ։
4Իրաւունքը մեզի ընտրենք,
Մեր մէջ գիտնանք թէ ո՞ր բանը աղէկ է։
5Որովհետեւ Յոբ ըսաւ.
‘Ես արդար եմ,
Բայց Աստուած իմ իրաւունքս մէկդի ձգեց։
6Միթէ իմ իրաւունքս սո՞ւտ պիտի հանեմ.
Իմ #34:6 Եբր., նետսվէրքս մահաբեր է, թէեւ յանցանք չունիմ’։
7Յոբի պէս մարդ ո՞վ կայ,
Որ հայհոյութիւնը ջուրի պէս խմէ.
8Որ անօրէնութիւն գործողներուն հետ ընկերութեամբ պտըտի
Ու ամբարիշտ մարդոց հետ քալէ.
9Վասն զի ըսաւ.
‘Աստուծոյ հաճոյ ըլլալէն մարդուս օգուտ մը չկայ’։
10Ասոր համար ինծի մտիկ ըրէք, ո՛վ իմաստուններ,
Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն
Ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ։
11Որովհետեւ Անիկա մարդուն ըրածին համեմատ կը հատուցանէ
Ու ամէն մարդու՝ իր ճամբուն համեմատ գտնել կու տայ։
12Արդարեւ Աստուած անօրէնութիւն չ’ըներ
Ու Ամենակարողը դատը չի ծռեր։
13Երկիրը ո՞վ յանձնեց անոր
Ու բոլոր աշխարհը ո՞վ կարգի դրաւ։
14Եթէ իր սիրտը #34:14 Եբր., անոր վրայ դնէայսպէս ուզելու ըլլայ՝ ՝,
Մարդուս հոգին ու շունչը իրեն կը հաւաքէ։
15 Այն ատեն ամէն մարմին մէկէն կը մեռնի
Ու մարդը հող կը դառնայ։
16Հիմա եթէ հասկացողութիւն ունիս՝ ասոր մտիկ ըրէ.
Խօսքերուս ձայնին ակա՛նջ դիր։
17Միթէ արդարութիւնը ատողը կրնա՞յ իշխել,
Կամ արդար Հզօրը յանցաւոր կրնա՞ս հանել։
18 # 34:18 Կամ, կրնա՞յ մէկը թագաւորին ըսել Ան՝ որ թագաւորին կ’ըսէ՝ ‘Եղեռնագործ ես’
Ու ազնուականներուն՝ թէ ‘Չար մարդիկ էք’.
19Ան՝ որ իշխաններուն աչառութիւն չ’ըներ
Ու հարուստը աղքատէն աւելի չի խնամեր,
Որովհետեւ անոնք բոլորն ալ իր ձեռքերուն գործերն են,
20Մէկ վայրկեանի մէջ պիտի մեռնին։
Կէս գիշերին ժողովուրդը խռովութեան մէջ իյնալով՝ պիտի անցնին
Ու զօրեղները պիտի վերցուին՝ առանց մէկուն ձեռքը անոնց դպչելուն։
21Վասն զի Անոր աչքերը մարդուն ճամբաներուն վրայ են
Ու մարդուն բոլոր քայլերը կը տեսնեն։
22Ո՛չ խաւար կայ եւ ո՛չ մահուան շուք՝
Որ անօրէնութիւն գործողները հոն պահուըտին։
23Վասն զի մարդուս վրայ #34:23 Եբր., ալ չի դներերկար քննութիւն չ’ըներ՝ ՝.
Երբ անիկա Աստուծոյ առջեւ դատաստանի երթայ։
24 # 34:24 Կամ, Անթիւ Անիմանալի կերպով՝ ՝ զօրաւորները կը կոտրէ
Ու անոնց տեղը ուրիշներ կը հաստատէ։
25Քանզի անոնց գործերը գիտէ
Ու զանոնք գիշերով տակնուվրայ կ’ընէ ու կը խորտակուին։
26Անոնց ամբարիշտ ըլլալուն համար՝
# 34:26 Եբր., Տեսնողներուն տեղը Ամենուն առջեւ՝ ՝ զանոնք կը զարնէ։
27Որովհետեւ անոր չհետեւեցան
Ու անոր ճամբաները բնաւ չճանչցան.
28Այնպէս որ աղքատին աղաղակը անոր հասցուցին
Ու անիկա զրկեալներուն աղաղակը լսեց։
29Եթէ անիկա հանգստութիւն տայ,
Ո՞վ կրնայ նեղութիւն տալ։
Ու եթէ անիկա երեսը պահէ,
Ո՞վ կրնայ զանիկա տեսնել
Ու այսպէս է թէ՛ ազգի մը եւ թէ՛ մարդու մը։
30Որպէս զի կեղծաւոր մարդը չթագաւորէ
Ու ժողովուրդին որոգայթ չըլլայ։
31Արդարեւ պէտք է Աստուծոյ ըսել՝
Պատիժ կրեցի, ա՛լ չարութիւն չեմ ըներ.
32Ինծի ցուցուր ինչ որ չեմ տեսներ.
Եթէ ամբարշտութիւն գործեցի, ա՛լ չեմ գործեր’։
33Արդեօք #34:33 Եբր., քու քովէդքու ուզածի՞դ պէս պիտի հատուցանէ, որ հակառակ կը կենաս.
Քանզի դո՛ւն ընտրելու ես, ո՛չ թէ ես.
Ուրեմն ինչ որ գիտես, խօսէ՛։
34Իմաստունները պիտի ըսեն ինծի հետ
(Ու գիտուն մարդը, որ ինծի մտիկ կ’ընէ)՝
35‘Յոբ խելացութիւնով չխօսեցաւ
Ու անոր խօսքերը իմաստութեամբ չեն’։
36Իմ փափաքս այս է, որ Յոբ մինչեւ վերջը փորձուի.
Վասն զի ամբարիշտներու #34:36 Կամ, կողմէնպէս պատասխաններ տուաւ։
37Քանզի իր մեղքին վրայ ապստամբութիւն կ’աւելցնէ,
Մեր մէջ ծափ կը զարնէ
Ու Աստուծոյ դէմ իր խօսքերը կը շատցնէ»։

Currently Selected:

ՅՈԲԱՅ 34: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in