ՅՈԲԱՅ 33
33
1«Բայց, աղէ՜, ո՛վ Յոբ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ,
Բոլոր ըսածներուս ականջ դիր։
2Ահա հիմա բերանս կը բանամ
Ու լեզուս բերնիս մէջ կը խօսի։
3Խօսքերս սրտիս ուղղութեանը պէս պիտի ըլլան
Ու շրթունքներս զուտ իմաստութիւն պիտի խօսին։
4Զիս Աստուծոյ Հոգին ստեղծեց
Ու Ամենակարողին շունչը ինծի կեանք տուաւ։
5Եթէ կրնաս, պատասխան տուր ինծի,
Պատրաստուելով առջեւս կեցիր։
6Ահա ես քու ըսածիդ համեմատ Աստուծոյ համար կը կենամ,
Ես ալ հողէն ստեղծուեցայ։
7Ահա իմ երկիւղս քեզ պիտի չզարհուրեցնէ
Ու իմ #33:7 Կամ, բեռսձեռքս քու վրադ պիտի չծանրանայ։
8Արդարեւ ականջիս ըսիր
Ու խօսքերուդ ձայնը լսեցի, որ ըսիր.
9‘Ես մաքուր եմ ու առանց յանցանքի.
Ես անարատ եմ ու իմ վրաս անօրէնութիւն չկայ.
10Ահա անիկա ատելութեան պատճառանք կը գտնէ
Զիս իրեն թշնամի կը սեպէ.
11Ոտքերս կոճղերու մէջ կը դնէ,
Իմ բոլոր շաւիղներս կը դիտէ’։
12Ահա քեզի պատասխան կու տամ, որ այս բանին մէջ իրաւունք չունիս,
Վասն զի Աստուած մարդէն մեծ է։
13Անոր հետ ինչո՞ւ կը վիճիս,
Որովհետեւ անիկա բնաւ իր ըրածներուն հաշիւը չի տար։
14Յիրաւի Աստուած մէկ անգամ կամ երկու անգամ կը խօսի
(Թէեւ մարդը ուշադրութիւն չ’ըներ),
15Երազի մէջ, գիշերուան տեսիլքի մէջ,
Երբ խորունկ քուն մը կ’իյնայ մարդոց վրայ,
Երբ անոնք իրենց անկողիններուն մէջ կը քնանան։
16Այն ատեն մարդոց ականջները կը բանայ
Ու իր խրատով կը զգուշացնէ,
17Որպէս զի մարդը գէշ գործէ դարձնէ
Ու մարդէն հպարտութիւնը #33:17 Եբր., ծածկէարգիլէ։
18Անոր հոգին գերեզմանէն կը պահէ
Ու կեանքը՝ որպէս զի սրով չմեռնի։
19Նաեւ մարդը իր անկողնին մէջ ցաւով կը պատժուի
Եւ իր բոլոր ոսկորները՝ սաստիկ ցաւով։
20Այն ատեն անոր անձը հացէն կը զզուի
Եւ անոր հոգին՝ փափաքելի կերակուրէն։
21Անոր մարմինը այնպէս կը հալի, որ ալ չ’երեւնայ
Ու անոր չերեւցած ոսկորները դուրս կ’ելլեն։
22Անոր անձը գերեզմանին կը մօտենայ
Ու անոր կեանքը՝ կորուստի։
23Եթէ անոր քով միջնորդ պատգամաւոր մը ըլլայ,
Հազարէն մէկը,
Որ անոր ուղղութիւնը մարդուն իմացնէ,
24Այն ատեն անոր ողորմելով պիտի ըսէ.
‘Ազատէ զանիկա, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ։
Ես քաւութիւն մը գտայ։
25Անոր մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ
Ու անիկա իր մանկութեան օրերուն պիտի դառնայ’։
26Աստուծոյ պիտի աղաղակէ ու Աստուած զանիկա պիտի ընդունի
Ու անոր երեսը ուրախութեամբ պիտի տեսնէ.
Քանզի Անիկա պիտի հատուցանէ մարդուն՝ անոր արդարութեանը համեմատ։
27Անիկա մարդոց վրայ կը նայի
Ու եթէ մէկը ըսէ՝ ‘Մեղք գործեցի ու իրաւունքը աւրեցի
Ու ասիկա ինծի օգտակար չեղաւ,
28Աստուած իմ հոգիս ազատեց, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ.
Այլ իմ կեանքս լոյսը տեսնէ’։
29Ահա Աստուած այս բոլոր բաները
Երկու երեք անգամ մարդուն կ’ընէ,
30Որպէս զի անոր հոգին գերեզմանէն դարձնէ,
Որպէս զի ապրողներուն լոյսովը լուսաւորուի։
31Ականջ դի՛ր, ո՛վ Յոբ, ինծի մտիկ ըրէ,
Լուռ կեցիր, որպէս զի ես խօսիմ։
32Եթէ ըսելիք ունիս՝ ինծի պատասխան տուր.
Ըսէ, վասն զի քեզ արդարացնել կը փափաքիմ։
33Եթէ ոչ՝ ինծի՛ մտիկ ըրէ,
Լո՛ւռ կեցիր, որպէս զի ես քեզի իմաստութիւն սորվեցնեմ»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 33: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.