ՅՈԲԱՅ 32
32
ԵՂԻՈՒՍԻՆ ԽՕՍՔԸ
(32:1–37:24)
1Այն ատեն այս երեք մարդիկը Յոբին պատասխան տալէն դադրեցան, վասն զի անիկա իր աչքերուն առջեւ արդար կ’երեւնար։ 2Եւ #32:2 Եբր., ՌամիԱրամին ազգատոհմէն Բուզացի Բարաքիէլին որդիին Եղիուսին բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ Անոր բարկութիւնը Յոբին դէմ բորբոքեցաւ, վասն զի Աստուծմէ աւելի ինքզինք կ’արդարացնէր։ 3Նաեւ իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ անոր երեք բարեկամներուն դէմ, որովհետեւ պատասխան չգտան, թէեւ Յոբը յանցաւոր հանեցին։ 4Եղիուս Յոբին խօսքերուն լմննալուն սպասեր էր, որովհետեւ անոնք իրմէ ծեր էին։ 5Բայց երբ Եղիուս տեսաւ թէ այն երեք մարդոց բերանը ա՛լ պատասխան չմնաց, իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ 6Այն ատեն Բուզացի Բարաքիէլին որդին Եղիուս պատասխանեց.
«Ես տարիքով փոքր եմ ու դուք աւելի ծեր էք,
Անոր համար ետ կեցայ ու կարծիքս ձեզի յայտնելու վախցայ.
7Ըսի թէ՝ ‘#32:7 Եբր., ՕրերըԵրկար կեանքը՝ ՝ թող խօսի
Ու տարիներուն շատութիւնը թող իմաստութիւնը գիտցնէ’,
8Բայց մարդուն ներսիդին հոգի կայ
Ու Ամենակարողին շունչը անոնց իմանալու կարողութիւն կու տայ։
9Միշտ մեծերը իմաստուն չեն ըլլար
Ու ծերերը շիտակը չեն հասկնար։
10Անոր համար ըսի. ‘Ինծի մտիկ ըրէք’,
Որպէս զի ես ալ իմ գիտցածս ըսեմ’։
11Ահա ես ձեր խօսքերուն սպասեցի,
Ձեր փաստերուն ականջ դրի,
Մինչեւ որ անոր խօսքերը քննեցիք։
12Ես ձեզի աղէկ ուշադրութիւն ըրի
Եւ ձեզմէ մէկը չկար, որ Յոբը յանդիմանէր
Ու անոր խօսքերուն պատասխան տար։
13Չըլլայ որ ըսէք՝ ‘Իմաստութիւն գտանք.
Աստուած է որ անոր կրնայ յաղթել եւ ո՛չ թէ մարդը’։
14Անիկա իր խօսքերը ինծի դէմ չպատրաստեց,
Ես ալ ձեր խօսքերուն համեմատ անոր պատասխան պիտի չտամ։
15Անոնք ապշեցան, ա՛լ պատասխան չտուին,
Անոնց խօսքերը հատան
16Ու ես սպասեցի, մինչեւ որ ա՛լ բան մը չըսին,
Մունչ կեցան ու ա՛լ չկրկնեցին։
17Ես ալ իմ կարգիս պատասխան տամ,
Ես ալ իմ կարծիքս յայտնեմ։
18Վասն զի խօսքերով լեցուն եմ,
Իմ ներսիդիս եղած հոգին զիս կը ստիպէ։
19Ահա որովայնս չբացուած գինիի պէս է,
Նոր տիկերու պէս պատռելու վրայ է։
20Պէտք է խօսիմ, որպէս զի շունչ առնեմ,
Շրթունքներս բանամ ու պատասխան տամ։
21Աղէ՜, մէկո՛ւն աչառութիւն պիտի չընեմ
Ու մարդո՛ւ մը շողոքորթութիւն պիտի չընեմ.
22Քանզի չեմ գիտեր շողոքորթութիւն ընել.
Զիս Ստեղծողը շուտով զիս պիտի վերջացնէր»։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 32: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.