YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈԲԱՅ 31

31
1«Աչքերուս հետ ուխտ ըրի.
Ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ։
2Քանզի վերէն՝ Աստուծմէ՝ ի՞նչ բաժին պիտի տրուի ինծի
Ու բարձր տեղերէն, Ամենակարողէն՝ ի՞նչ ժառանգութիւն։
3Կորուստը ամբարշտին համար սահմանուած չէ՞
Ու սոսկալի պատիժը՝ անօրէնութիւն գործողներուն համար։
4Միթէ Անիկա իմ ճամբաներս չի՞ տեսներ
Ու ամէն քայլերս չի՞ համրեր։
5Եթէ ստութեան մէջ քալեցի,
Կամ իմ ոտքս նենգութեան արտորաց,
6Թող կշռէ զիս արդարութեան կշիռքով
Ու Աստուած իմ անմեղութիւնս գիտնայ։
7Եթէ ոտքս ճամբայէն խոտորեցաւ
Ու սիրտս աչքերուս ետեւէն գնաց
Ու ձեռքերուս արատ մը փակաւ,
8Թող ես սերմանեմ եւ ուրիշը ուտէ
Ու բուսցուցածս արմատէն թող փրցուի։
9Եթէ սիրտս կնոջ մը ետեւէն մոլորեցաւ,
Կամ թէ դրացիիս դուռը դարանամուտ եղայ,
10Իմ կինս ուրիշի մը համար աղօրիքի քար թող դարձնէ
Եւ ուրիշները անոր վրայ թող ծռին։
11Վասն զի այս պղծագործութիւն է
Ու դատաւորներէն դատուելու անօրէնութիւն։
12Լափող կրակ մըն է, որ պիտի վառի մինչեւ զիս կորսնցնէ
Ու բոլոր արդիւնքս արմատէն խլէ։
13Եթէ ծառայիս կամ աղախինիս իրաւունք ունել չուզեցի
Ու ինծի հետ վեճ ունեցան,
14Ես ի՞նչ պիտի ընեմ, երբ Աստուած ելլէ
Ու երբ քննէ ի՞նչ պատասխան պիտի տամ անոր։
15Չէ՞ որ զիս որովայնի մէջ ստեղծողը զանոնք ալ ստեղծեց։
Մէկ չէ՞ մեզ ամէնքս ալ արգանդի մէջ ձեւակերպողը։
16Եթէ աղքատին խնդրածը չտուի
Ու որբեւարիին աչքերը մարեցուցի,
17Եթէ պատառս մինակ կերայ
Ու անկէ որբն ալ չկերաւ,
18(Վասն զի երիտասարդութենէս ի վեր հօր պէս մեծցուցի #31:18 Այսինքն, որբըզանիկա
Ու մօրս արգանդէն #31:18 Այսինքն, որբեւարիինանոր խնամք տարի),
19Եթէ հանդերձ չունեցող մը՝ կորսուելու վրայ,
Կամ ծածկոց չունեցող չքաւոր մը տեսայ
20Ու եթէ անոր երանքը չօրհնեցին զիս
Ու իմ ոչխարներուս բուրդէն չտաքցան,
21Եթէ ձեռքս որբին դէմ վերցուցի,
Երբ տեսայ թէ դրանը մէջ ինծի օգնականներ կան,
22Թող իմ անրակս ուսէս իյնայ
Ու բազուկս արմուկէս կտրուի։
23Քանի որ Աստուծոյ #31:23 Եբր., կորուստէնդատաստանէն կը վախնայի
Ու անոր մեծափառութեանը առջեւ չէի կրնար կենալ։
24Եթէ յոյսս ոսկիի վրայ դրի,
Զուտ ոսկիին ըսի թէ՝ ‘Իմ վստահութիւնս դուն ես’.
25Եթէ ստացուածքս շատ ըլլալուն համար
Ու ձեռքս շատ ստանալուն համար ուրախացայ,
26Եթէ արեւին նայեցայ՝ անոր խիստ փայլուն եղած ատենը,
Կամ պայծառութեամբ քալող լուսնին
27Ու սիրտս գաղտնօրէն հրապուրուեցաւ
Ու բերանս ձեռքս համբուրեց
28(Որ այս ալ պատիժի արժանի անօրէնութիւն մըն է,
Քանի որ վերը բնակող Աստուածը խաբած կ’ըլլայի),
29Եթէ զիս ատողին թշուառութեանը վրայ ուրախացայ,
Կամ անոր փորձանքի հանդիպելուն ատեն խնդացի
30(#31:30 Եբր., ՔիմքիսԼեզուիս ալ թողուցի, որ մեղք գործէ՝
Անէծքով անոր մեռնիլը ուզելով),
31Եթէ վրանիս մարդիկը չըսին՝
#31:31 Եբր., Երանի՞ թէ անոր միսէն կշտանայինքՈ՞վ անոր միսէն չէ կշտացած՝ ՝’
32(Հիւրը երբեք գիշերը դուրսը չէր մնար,
Ճանապարհորդին դուռս կը բանայի).
33Եթէ յանցանքներս #31:33 Կամ, մարդուԱդամին պէս ծածկեցի
Ու անօրէնութիւնս ծոցիս մէջ պահեցի,
34Շատ բազմութենէ վախնալով
Ու ազգերուն անարգութիւնը զիս վախցնելով,
Ա՛լ չխօսիմ ու դռնէն չելլեմ։
35Երանի՜ թէ ինծի ականջ դնող մը ըլլար
(Ահա այս է իմ փափաքս, որ Ամենակարողը ինծի պատասխան տայ)
Ու իմ ոսոխիս ամբաստանագիր մը գրէր։
36Անշուշտ զանիկա իմ ուսիս վրայ պիտի կրէի
Ու պսակի պէս ինծի պիտի կապէի.
37Քայլերուս համրանքը անոր պիտի ըսէի,
Իշխանի պէս պիտի մօտենայի անոր։
38Եթէ իմ երկիրս ինծի դէմ բողոքէ
Ու անոր ակօսները լան,
39Եթէ անոր արդիւնքը առանց ստակի կերայ,
Կամ անոր տէրերուն հոգին հանեցի,
40Ցորենին տեղ՝ փուշ
Ու գարիին տեղ որոմ թող բուսցնէ»։
Յոբին խօսքերը լմնցան։

Currently Selected:

ՅՈԲԱՅ 31: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in