ԺՈՂՈՎՈՂԻ 6
6
1Արեւուն տակ տեսայ թէ չարիք մը կայ
Ու անիկա մարդոց մէջ շատ կը գտնուի։
2Մարդ մը, որուն Աստուած հարստութիւն ու ստացուածք եւ փառք կու տայ,
Իր հոգիին ցանկացած ոեւէ բանէ պակասութիւն մը չ’ունենար,
Բայց Աստուած անոր իշխանութիւն չի տար անկէ ուտելու.
Հապա զանիկա օտար մարդ կ’ուտէ։
Այս ալ ունայնութիւն ու գէշ ցաւ մըն է։
3Եթէ մարդ հարիւր զաւակ ծնանի
Ու շատ տարիներ ապրի
Եւ անոր հոգին բարութենէ չկշտանայ
Եւ անիկա թաղում ալ չունենայ,
Կ’ըսեմ թէ վիժածը անկէ աղէկ է։
4Վասն զի ասիկա ունայնութեամբ եկաւ ու խաւարով գնաց
Եւ անունը խաւարի մէջ ծածկուեցաւ։
5Արեւն ալ չտեսաւ ու բան մը չգիտցաւ.
Ասիկա միւսէն ի՞նչ բանով աւելի հանգիստ է։
6Իսկ եթէ երկու հազար տարի ալ ապրի
Ու աղէկութիւն չտեսնէ,
Միթէ ամէնքը նոյն տեղը չե՞ն երթար։
7Մարդուն բոլոր աշխատութիւնը իր բերնին համար է,
Սակայն անոր հոգին չի կշտանար։
8Քանզի իմաստունը անմիտէն աւելի ի՞նչ բան ունի.
Ապրողներուն մէջ քալել գիտցող աղքատը ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։
9Աչքերով տեսնելը հոգիով #6:9 Եբր., քալելէնփափաքելէն աղէկ է։
Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։
10Ինչ որ եղաւ, արդէն անոր անուն դրուած է
Եւ յայտնի է թէ մարդ է
Ու անիկա իրմէ Զօրաւորին հետ վիճելու կարող չէ։
11Որովհետեւ ունայնութիւն շատցնող շատ բաներ կան,
Մարդուն ի՞նչ կը մնայ։
12Քանզի ո՞վ գիտէ թէ ո՛ր բանը աղէկ է կենդանի մարդուն՝
Ստուերի պէս անցուցած իր ունայն կեանքին բոլոր օրերուն մէջ.
Վասն զի մարդուն ո՞վ պիտի յայտնէ՝
Թէ իրմէ ետքը արեւուն տակ ի՛նչ պիտի ըլլայ։
Currently Selected:
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 6: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.