ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5
5
ԱՆԽՈՀԵՄ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ ՄԻ՛ ԸՆԵՐ
1Երբ Աստուծոյ տունը երթաս, ոտքիդ զգուշութիւն ըրէ՛։
Աւելի մտիկ ընելու համար մօտեցիր,
Քան թէ անմիտներու պէս զոհ մատուցանելու.
Վասն զի անոնք չեն գիտեր թէ չարութիւն կ’ընեն։
2Բերնովդ մի՛ աճապարեր,
Թող քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ խօսելու չարտորայ.
Քանզի Աստուած երկինքն է ու դուն երկրի վրայ ես,
Անոր համար քու խօսքերդ քիչ թող ըլլան։
3Վասն զի երազը շատ զբաղումէն յառաջ կու գայ
Ու յիմարին ձայնը՝ շատ խօսքերէն։
4Երբ Աստուծոյ ուխտ ընես,
Զանիկա կատարելը մի՛ ուշացներ,
Քանզի Աստուած անմիտներուն չի հաճիր։
Ըրած ուխտդ կատարէ՛։
5Աղէկ է որ ուխտ չընես,
Քան թէ ուխտ ընես ու չկատարես։
6Թող մի՛ տար, որ քու բերանդ մարմնիդ մեղք գործել տայ
Եւ հրեշտակին առջեւ մի՛ ըսեր թէ՝ սխալ եղաւ։
Ինչո՞ւ Աստուած քու խօսքիդ համար բարկանայ
Ու ձեռքերուդ գործը աւրէ։
7Վասն զի երազներուն շատութեանը մէջ
Եւ խօսքերուն շատութեանը մէջ
Ունայնութիւններ ալ կան.
Բայց դուն Աստուծմէ վախցի՛ր։
ԿԵԱՆՔԸ ԱՆՕԳՈՒՏ Է
8Եթէ գաւառի մը մէջ աղքատին եղած զրկանքը
Ու իրաւունքի եւ արդարութեան #5:8 Եբր., յափշտակուիլըզրկուիլը տեսնես,
Այս բանին վրայ մի՛ զարմանար.
Վասն զի բարձրերուն վրայ Բարձր եղողը կը դիտէ
Եւ անոնցմէ Բարձրը կայ։
9Երկիրը ամենուն ալ օգտակար է.
Թագաւորին անգամ արտէն ծառայութիւն կ’ըլլայ։
10Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար,
Ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն։
Ասիկա ալ ունայնութիւն է։
11Երբ բարիքը շատնայ,
Ուտողներն ալ կը շատնան.
Ուրեմն զանիկա ունեցողներուն՝
Աչքով տեսնելէն զատ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ։
12Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝
Թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ
Բայց հարուստին #5:12 Կամ, առատութիւնըկուշտ ըլլալը՝ ՝
Չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ։
13Արեւուն տակ տեսայ թէ գէշ ցաւ մը կայ,
Այսինքն այն հարստութիւնը, որ իր տիրոջը ձախորդութեանը համար պահուած է։
14Այն հարստութիւնը ձախորդ #5:14 Կամ, գործովդիպուածով մը կը կորսուի
Ու ինք տղայ կը ծնանի եւ անոր ձեռքը բան մը չըլլար։
15Ինչպէս իր մօրը որովայնէն ելաւ,
Այնպէս մերկ պիտի դառնայ։
Ինչպէս եկաւ, այնպէս պիտի երթայ
Ու իր աշխատութենէն բան մը պիտի չառնէ որ իրեն հետ տանի։
16Այս ալ գէշ ցաւ մըն է,
Որ ինչպէս եկաւ, ճիշդ այնպէս պիտի երթայ
Եւ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ անոր,
Որ հովի համար կ’աշխատի։
17Անիկա իր բոլոր օրերը խաւարի մէջ կը սպառէ՝
Մեծ տրտմութեամբ, հիւանդութեամբ եւ սրտմտութեամբ։
18Սակայն այս աղէկութիւնը տեսայ,
Որ վայելուչ է ուտել ու խմել
Եւ Աստուծոյ տուած կեանքին բոլոր օրերուն մէջ՝
Արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքին բարիքը վայլել,
Վասն զի անոր բաժինը ասիկա է։
19Ամէն մարդու, որուն Աստուած հարստութիւն ու ստացուածք կու տայ,
Անկէ ուտելու եւ բաժինը առնելու
Ու իր աշխատանքէն ուրախանալու իշխանութիւնն ալ կու տայ։
Ասիկա Աստուծոյ պարգեւն է։
20Քանզի անիկա իր կեանքին օրերը շատ չի յիշեր.
Վասն զի Աստուած անոր սրտին ուրախութիւնովը անոր պատասխան կու տայ։
Currently Selected:
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.