YouVersion Logo
Search Icon

ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4

4
1Ես դարձայ ու տեսայ
Արեւուն տակ եղած բոլոր զրկանքները։
Զրկուածներուն աչքը արցունք կար,
Բայց անոնք մխիթարող չունէին.
Անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար,
Բայց անոնց մխիթարութիւն տուող չկար։
2Ես խորհեցայ թէ՝ մեռածները, արդէն մեռածները,
Հիմա ապրողներէն աւելի բաղդաւոր են։
3Բայց ան որ մինչեւ հիմա եղած չէ, երկուքէն ալ՝ աւելի բաղդաւոր է,
Վասն զի անիկա արեւուն տակ եղած չարութիւնը չտեսաւ։
4Ու ես ամէն աշխատութիւն
Եւ ամէն յաջող գործ տեսայ,
Որոնց համար մարդ իր ընկերին կը նախանձի։
Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։
5Անմիտը իր ձեռքերը կը ծալլէ
Ու իր միսը կ’ուտէ։
6Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ,
Քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է։
7Ես դարձայ ու արեւուն տակ ունայնութիւն տեսայ։
8Մարդ կայ, որ յաջորդ չունի,
Ո՛չ զաւակ ունի եւ ո՛չ եղբայր.
Բայց անոր բոլոր աշխատութիւնը վախճան չունի
Ու անոր աչքերը հարստութեամբ չեն կշտանար
Եւ չըսեր թէ՝ «Ես որո՞ւ համար կ’աշխատիմ
Ու իմ հոգիս բարիքէ կը զրկեմ»։
Ասիկա ալ ունայնութիւն ու չար զբաղում է։
9Երկուքը մէկէն աղէկ է,
Վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի,
10Քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն։
Բայց վա՜յ իյնող մէկուն՝
Որ զինք վերցնող մը չունի։
11Երկու մարդ մէկտեղ պառկելով կը տաքնան,
Բայց մէկը ի՞նչպէս կրնայ տաքնալ երբ առանձինն է։
12Եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ,
Երկուքը կրնան անոր դէմ դնել։
Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր։
13Աղէկ է աղքատ ու իմաստուն տղան,
Քան թէ ծեր ու անմիտ թագաւորը,
Որ չի գիտեր խրատուիլ։
14Քանզի մէկը բանտէն կ’ելլէ, որպէս զի թագաւորէ,
Բայց ուրիշ մը, որ #4:14 Կամ, իր թագաւորութեանը մէջթագաւոր ծնած է, աղքատ կ’ըլլայ։
15Տեսայ արեւուն տակ քալող բոլոր կենդանիները
Այն տղուն հետ, որ թագաւորին երկրորդն էր
Ու անոր տեղը պիտի անցնէր.
16 # 4:16 Կամ, Անոնցմէ առաջ եղող Անոնց առջեւ կեցող՝ ՝ բոլոր ժողովուրդը անթիւ էր.
Սակայն ետքը եկողներն ալ պիտի չուրախանան։
Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։

Currently Selected:

ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in