ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2
2
1Ես իմ սրտիս մէջ ըսի. «Եկուր հիմա ուրախութեան միջոցով քեզ փորձեմ»,
Ուստի բարիքներ վայելէ։
Ահա ասիկա ալ ունայնութիւն է։
2Ծիծաղին համար ըսի. «Յիմար է»
Եւ ուրախութեանը համար՝ «Ասոր ըրածը ի՞նչ է»։
3Սրտիս մէջ խորհեցայ, որ մարմինս գինիով զուարթացնեմ,
Իմաստութեան առաջնորդութիւնովը ճանչնամ անմտութիւնը,
Որպէս զի տեսնեմ թէ ի՞նչ բան բարի է մարդոց որդիներուն,
Որ կրնան ընել երկնքի տակ
Իրենց կեանքի բոլոր օրերուն մէջ։
4Մեծ գործեր ըրի։
Ինծի տուներ շինեցի ու ինծի այգիներ տնկեցի։
5Ինծի պարտէզներ եւ մրգաստաններ շինեցի
Ու անոնց մէջ ամէն տեսակ պտղատու ծառ տնկեցի։
6Ինծի ջուրի աւազաններ շինեցի,
Որպէս զի անոնցմով մայրիներու անտառը ոռոգուի։
7Ծառաներ ու աղախիններ ստացայ
Եւ իմ տանս մէջ ծնած ծառաներ ունեցայ։
Շատ արջառներ եւ հօտեր ունեցայ,
Ինծմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն ամենէն աւելի։
8Նաեւ արծաթ ու ոսկի
Եւ թագաւորներու ու գաւառներու գանձեր դիզեցի։
Ինծի երգիչներ եւ երգչուհիներ ճարեցի
Եւ մարդը զուարճացնող շատ հարճեր։
9Ինծմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն
Ամենէն մեծը եղայ ու բարգաւաճեցայ։
10Իմ աչքերուս ամէն ցանկութիւն անոնցմէ չարգիլեցի
Ու իմ սիրտս ամէն տեսակ ուրախութենէ զուրկ չթողուցի։
Իմ սիրտս իմ բոլոր աշխատութիւններովս ուրախացաւ։
Իմ բոլոր աշխատութիւններուս վարձքը ասիկա էր։
11Ու ես իմ ձեռքերուս ըրած բոլոր գործերուն
Ու այդ գործերը ընելու համար իմ թափած աշխատանքիս նայեցայ
Եւ ահա ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին
Ու արեւուն տակ ոեւէ օգուտ չկար։
12Ես դարձայ իմաստութիւնը տեսնելու,
Նաեւ յիմարութիւնն ու անմտութիւնը,
Վասն զի թագաւորին ետեւէն եկող մարդը ի՞նչ կրնայ ընել։
Ինչ որ արդէն ըրած են։
13Ուստի տեսայ թէ իմաստութիւնը անմտութենէն օգտակար է,
Ինչպէս լոյսը խաւարէն օգտակար է։
14Իմաստունին աչքերը իր գլխուն վրայ են,
Իսկ անմիտը խաւարի մէջ կը քալէ.
Բայց ես հասկցայ թէ
Անոնց ամենուն պատահած դէպքը մէկ է։
15Այն ատեն իմ սրտիս մէջ ըսի
«Որովհետեւ անմիտին պատահածը ինծի ալ պիտի պատահի,
Ուրեմն ես ինչո՞ւ համար աւելի իմաստուն եղայ».
Այս պատճառով իմ սրտիս մէջ ըսի թէ այս ալ ունայնութիւն է։
16Վասն զի ինչպէս անմիտին՝ նմանապէս իմաստունին
Մնայուն յիշատակը չկայ։
Վասն զի հիմա եղած բոլոր բաները
Ապագային պիտի մոռցուին։
Իմաստունը ի՞նչպէս կը մեռնի։
Անմիտին պէս։
17Անոր համար այս կեանքէն զզուեցայ,
Վասն զի արեւուն տակ եղած գործերը ինծի գէշ երեւցան,
Քանզի ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք են։
18Ես արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատութենէս զզուեցայ,
Քանզի ինծմէ ետքը գալու մարդուն պիտի թողում զանիկա։
19Ո՛վ գիտէ թէ անիկա իմաստո՞ւն պիտի ըլլայ թէ անմիտ։
Բայց պիտի տիրէ իմ բոլոր աշխատութիւններուս վրայ,
Որոնք արեւուն տակ կատարեցի,
Որոնց մէջ իմաստութիւն ցուցուցի։
Ասիկա ալ ունայնութիւն է։
20Ես դարձայ, որպէս զի արեւուն տակ կատարած բոլոր աշխատանքիս վրայով
Իմ սրտէս յոյսս կտրեմ։
21Վասն զի մարդ կայ, որուն աշխատութիւնը
Իմաստութեամբ, գիտութեամբ եւ յաջողութեամբ կ’ըլլայ,
Բայց անկէ չաշխատող մարդուն իբրեւ բաժին կու տայ։
Ասիկա ալ ունայնութիւն ու մեծ չարիք է։
22Վասն զի մարդ արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքէն
Ու սրտին տանջանքէն ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։
23Քանզի անոր բոլոր օրերը՝ վիշտերով
Ու գործը տրտմութեամբ լեցուն են։
Անոր սիրտը գիշերն անգամ հանգստութիւն չի գտներ։
Ասիկա ալ ունայնութիւն է։
24Մարդս ուտելէն ու խմելէն
Եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի։
Ես տեսայ թէ ասիկա ալ Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ։
25Վասն զի #2:25 Կամ, առանց Անորինծմէ զատ՝ ՝ ո՞վ կրնայ ուտել
Եւ ո՞վ կրնայ զուարճանալ։
26Քանզի Աստուած իր առջեւ հաճելի եղող մարդուն
Իմաստութիւն, գիտութիւն եւ ուրախութիւն կու տայ,
Բայց մեղաւորին զբաղում կու տայ,
Որպէս զի անիկա ստացուածք հաւաքէ ու դիզէ,
Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողին տայ։
Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։
Currently Selected:
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

: