ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1
1
ԿԵԱՆՔԸ ԱՆՕԳՈՒՏ Է
1Երուսաղէմի թագաւոր Դաւիթի որդիին Ժողովողին խօսքերը.
2Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը,
Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է։
3Ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ մարդ
Արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատանքէն։
4Ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ,
Բայց երկիրը միշտ կը կենայ։
5Նաեւ արեւը կը ծագի ու արեւը մարը կը մտնէ
Եւ իր ծագած տեղը արտորալով կը դառնայ։
6Հովը դէպի հարաւ կ’երթայ
Ու դէպի հիւսիս կը պտըտի։
Հովը ասդին անդին պտըտելով
Կ’երթայ, իր շրջաններուն համեմատ կը դառնայ։
7Բոլոր գետերը ծով կ’երթան,
Բայց ծովը չի լեցուիր։
Այն տեղը, ուր գետերը կ’երթային,
Նորէն հոն կ’երթան։
8Բոլոր #1:8 Կամ, բաները կը յոգնինխօսքերը կը հատնին՝ ՝։
Մարդս խօսելու կարող չէ։
Աչքը տեսնելով չի կշտանար
Ու ականջը լսելով չի լեցուիր։
9Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ
Ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։
Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։
10Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը,
Որուն համար կրնայ ըսուիլ՝ «Ահա ասիկա նոր է».
Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ
Անիկա արդեն եղած էր։
11Առաջուան բաներուն յիշատակը չկայ
Ու ետքը ըլլալիք բաներուն ալ,
Ետքը եկողներուն մէջ յիշատակը պիտի չըլլայ։
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԻՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
12Ես՝ Ժողովողս՝ Երուսաղէմի մէջ
Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղայ։
13Իմ սիրտս երկնքի տակ բոլոր եղածները
Իմաստութեամբ փնտռելու ու քննելու տուի։
Աստուած այս չար զբաղումը մարդոց որդիներուն տուաւ,
Որպէս զի անով զբաղին։
14Արեւուն տակ բոլոր գործուած գործերը տեսայ
Եւ ահա ամէնքն ալ ունայնութիւն ու #1:14 Կամ, հովի համար աշխատութիւնհոգիի տանջանք՝ ՝ են։
15Այն որ ծուռ է, չի կրնար շտկուիլ
Ու այն որ պակաս է, չի կրնար համրուիլ։
16Ես իմ սրտիս մէջ խօսեցայ ու ըսի.
«Ահա ես մեծցայ ու իմաստութիւն ստացայ
Երուսաղէմի մէջ ինծմէ առաջ եղողներէն ամենէն աւելի
Եւ իմ սիրտս շատ իմաստութիւն ու գիտութիւն տեսաւ»։
17Իմ սիրտս իմաստութիւնը ճանչնալու,
Խենդութիւնը եւ յիմարութիւնը գիտնալու տուի։
Հասկցայ թէ ասիկա ալ հոգիի տանջանք է։
18Վասն զի շատ իմաստութեան մէջ շատ տրտմութիւն կայ
Ու իր գիտութիւնը աւելցնողը իր վիշտը կ’աւելցնէ։
Currently Selected:
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.