YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 4

4
ԱԲՐԱՀԱՄԻՆ ՕՐԻՆԱԿԸ
1Ուրեմն ի՞նչ գտաւ Աբրահամ՝ մեր նահապետը՝ մարմնի կողմանէ։ 2Վասն զի եթէ Աբրահամ գործով արդարացած ըլլար, իրաւցնէ պարծանք պիտի ունենար, բայց ո՛չ թէ Աստուծոյ առջեւ։ 3Քանզի գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց եւ ան՝ իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ»։ 4Բայց ան որ գործ մը կ’ընէ, վարձքը շնորհքէ եղած չի սեպուիր անոր, հապա՝ շահուած։ 5Իսկ ան որ չի գործեր, բայց կը հաւատայ անոր որ ամբարիշտը կ’արդարացնէ, անոր հաւատքը իրեն արդարութիւն կը սեպուի։ 6Ինչպէս Դաւիթ ալ կը յիշէ այն մարդուն երանութիւնը, որուն Աստուած արդարութիւն կը սեպէ, առանց գործերու։ 7«Երանի՜ անոնց, կ’ըսէ, որոնց անօրէնութիւնները ներուեցան եւ որոնց մեղքերը ծածկուեցան։ 8Երանի՜ այն մարդուն, որուն մեղք չի սեպեր Տէրը»։ 9Ուստի այս երանութիւնը թլփատութեա՞ն վրայ է, թէ անթլփատութեան վրայ։ Քանզի կ’ըսենք թէ՝ «Հաւատքը Աբրահամին արդարութիւն սեպուեցաւ»։ 10Ուրեմն ի՞նչպէս սեպուեցաւ. թլփատութեա՞ն մէջ եղած ատենը, թէ անթլփատութեան մէջ։ Ո՛չ թէ թլփատութեան մէջ, հապա՝ անթլփատութեան։ 11Ու ետքը թլփատութեան նշանը առաւ՝ իբրեւ անթլփատութեան ատենէն ունեցած հաւատքին արդարութեան կնիքը, որպէս զի ինք հայր ըլլայ այն բոլոր հաւատացողներուն, որոնք անթլփատութենէ են, (անոնց ալ արդարութիւն սեպուելու համար), 12եւ թլփատութեան հայր՝ ո՛չ թէ միայն թլփատութենէ եղողներուն, հապա անոնց ալ՝ որոնք մեր հօրը Աբրահամին անթլփատութեան ատենի հաւատքին շաւիղներուն մէջ կը քալեն։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԿԸ ՍՏԱՑՈՒԻ
13Վասն զի Աբրահամին եւ անոր սերունդին՝ աշխարհը ժառանգելու համար տրուած խոստումը ո՛չ թէ օրէնքով եղաւ, հապա հաւատքին արդարութիւնովը։ 14Քանզի եթէ օրէնքէն եղողները ժառանգորդ ըլլային, հաւատքը փուճ պիտի ըլլար եւ խոստումը պիտի խափանուէր։ 15Վասն զի օրէնքը բարկութիւն կը գործէ. քանզի ուր օրէնք չկայ, օրինազանցութիւն ալ չկայ։ 16Ասոր համար ժառանգորդ ըլլալը հաւատքէն է, որպէս զի շնորհքով եղած ըլլայ, որ խոստումը հաստատուն ըլլայ բոլոր սերունդին։ Ո՛չ միայն անոր՝ որ օրէնքէն է, հապա անո՛ր ալ՝ որ Աբրահամին հաւատքէն է, որ մեր ամենուն հայրն է, 17(ինչպէս գրուած է թէ՝ «Քեզ շատ ազգերու հայր ըրի»), Աստուծոյ առջեւ, որուն ինք հաւատաց, ան որ մեռելները կ’ողջնցնէ եւ չեղած բաները եղածներու պէս կը կանչէ։ 18Որ չյուսացուած բանին՝ յուսով հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ, (ինչպէս ըսուեցաւ ալ, թէ՝ «Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ»). 19եւ ինք հաւատքի մէջ չտկարացած՝ չնայեցաւ իր մարմնին, որ արդէն մեռածի պէս էր, (որովհետեւ ինք հարիւր տարեկանի չափ էր), ո՜չ ալ Սառայի արգանդին մեռած ըլլալուն։ 20Անհաւատութիւնով չտարակուսեցաւ Աստուծոյ խոստումին վրայ, հապա հաւատքով զօրացած՝ Աստուծոյ փառք տուաւ 21եւ իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ ան որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ։ 22Ասոր համար իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ։
23Բայց ո՛չ միայն անոր համար գրուեցաւ, որ իրեն սեպուեցաւ. 24հապա մեզի համար ալ՝ որոնց պիտի սեպուի, որ կը հաւատանք Անոր որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, 25որ մեր յանցանքներուն համար մատնուեցաւ եւ մեզ արդարացնելու համար յարութիւն առաւ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy