YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5

5
ԿՆՔՈՒԱԾ ԳԻՐՔԸ ԵՒ ԳԱՌՆՈՒԿԸ
1Աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքը գիրք մը տեսայ՝ ներսէն ու դուրսէն գրուած եւ եօթը կնիքով կնքուած։ 2Զօրաւոր հրեշտակ մը տեսայ, որ մեծ ձայնով կը կանչէր. «Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու եւ ատոր կնիքները քակելու»։ 3Բայց ո՛չ երկնքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ ու ո՛չ երկրի տակ գտնուեցաւ մէկը՝ որ կարող ըլլար այն գիրքը բանալ, ո՛չ ալ անոր նայիլ։ 4Ես ալ սաստիկ կու լայի՝ քանի որ մէ՛կը արժանի չգտնուեցաւ այն գիրքը բանալու#5.4 Ոմանք կ’աւելցնեն, եւ կարդալուո՛չ ալ անոր նայելու։ 5Ու երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. «Մի՛ լար, ահա Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը, Դաւիթին Արմատը, յաղթեց եւ որ այն գիրքը պիտի բանայ ու անոր եօթը կնիքները պիտի քակէ։» 6Տեսայ թէ աթոռին ու չորս կենդանիներուն մէջտեղ եւ երէցներուն մէջտեղ կայնած Գառնուկ մը կար, որպէս թէ մորթուած, որ եօթը եղջիւր ու եօթը աչք ունէր, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են, որ բոլոր երկիր կը ղրկուին։ 7Անիկա եկաւ ու աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքէն գիրքը առաւ։ 8Երբ գիրքը առաւ, չորս կենդանիներն ու քսանըչորս երէցները Գառնուկին առջեւ ինկան եւ ամէնքն ալ քնարներ ունէին ու ոսկիէ խնկամաններ՝ խունկով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են։ 9Նոր երգ մը կ’երգէին՝ ըսելով. «Արժանի ես դուն այդ գիրքը առնելու եւ ատոր կնիքները քակելու. վասն զի մորթուեցար ու քու արիւնովդ մեզ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ 10եւ #5.10 Ոմանք, ասոնքմեզ մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր որպէս զի երկրի վրայ թագաւորենք»։ 11Եւ նայեցայ՝ նաեւ շատ հրեշտակներու ձայն լսեցի, որոնք աթոռին ու կենդանիներուն եւ երէցներուն բոլորտիքն էին ու անոնց թիւն էր բիւր բիւրաւոր եւ հազար հազարաւոր. 12որոնք մեծ ձայնով կ’ըսէին. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է զօրութիւն ու հարստութիւն եւ իմաստութիւն ու կարողութիւն եւ պատիւ ու փառք եւ օրհնութիւն առնելու»։ 13Բոլոր արարածները, որ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ու երկրի տակ եւ ծովու մէջ ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կային՝ լսեցի որ կ’ըսէին. «Աթոռին վրայ նստողին եւ Գառնուկին օրհնութիւն ու պատիւ եւ փառք ու զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից»։ 14Եւ չորս կենդանիները կ’ըսէին. «Ամէն» ու երէցները ինկան ու երկրպագութիւն ըրին#5.14 Ոմանք կ’աւելցնեն, յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի եղողին։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy