YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 3

3
ՊԱՏԳԱՄ ՍԱՐԴԻԿԷԻՆ
1Սարդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ անիկա որ ունի Աստուծոյ եօթը Հոգիները ու եօթը աստղերը. ‘Գիտեմ քու գործերդ՝ որ դուն անուն ունիս թէ կենդանի ես, բայց մեռած ես։ 2Արթո՛ւն կեցիր եւ հաստատէ՛ մնացած բաները, որոնք մեռնելու վրայ են, վասն զի քու գործերդ Աստուծոյ առջեւ կատարեալ չգտայ։ 3Հիմա միտքդ բեր թէ ի՛նչպէս ընդունեցիր ու լսեցիր ու պահէ՛ եւ ապաշխարէ՛. բայց եթէ արթննալու չըլլաս, գողի պէս քու վրադ պիտի գամ ու բնաւ պիտի չգիտնաս թէ ո՞ր ժամուն քու վրադ պիտի գամ։ 4Սակայն քանի մը անձեր ունիս Սարդիկէի մէջ, որոնք իրենց հանդերձները չաղտոտեցին եւ ճերմակներով պիտի պտըտին ինծի հետ, քանզի արժանի են։ 5Ան որ կը յաղթէ՝ ճերմակներ պիտի հագնի ու ես անոր անունը կենաց գրքէն պիտի չաւրեմ եւ անոր անունը պիտի դաւանիմ իմ Հօրս առջեւ ու անոր հրեշտակներուն առջեւ’։ 6Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։
ՊԱՏԳԱՄ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻՆ
7Եւ Ֆիլատելֆիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ այն Սուրբը, այն Ճշմարիտը որ Դաւիթին բանալին ունի, որ կը բանայ ու մէ՛կը չկայ որ գոցէ եւ կը գոցէ ու մէ՛կը չկայ որ բանայ. 8գիտեմ քու գործերդ։ Ահա քու առջեւդ բացուած դուռ մը դրի, որ մէ՛կը չի կրնար գոցել. վասն զի դուն քիչ մը կարողութիւն ունիս եւ իմ խօսքս պահեցիր ու իմ անունս չուրացար։ 9Ահա ես քեզի կու տամ Սատանային ժողովէն եղողները, որոնք կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են ու չեն, հապա սուտ կ’ըսեն։ Պիտի ստիպեմ զանոնք որ գան ու երկրպագութիւն ընեն քու ոտքերուդ առջեւ եւ գիտնան թէ ես քեզ սիրեցի։ 10Որովհետեւ իմ համբերութեան խօսքս պահեցիր, ես ալ քեզ պիտի պահեմ փորձութեան ժամանակ, որ պատրաստ է գալու բոլոր աշխարհի վրայ՝ երկրի երեսը բնակողները փորձելու համար։ 11Ահա ես շուտով պիտի գամ։ Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէս զի մէ՛կը չառնէ քու պսակդ։ 12Ան որ կը յաղթէ, զանիկա իմ Աստուծոյս տաճարին մէջ սիւն մը պիտի ընեմ ու ալ դուրս պիտի չելլէ։ Անոր վրայ իմ Աստուծոյս անունը պիտի գրեմ ու իմ Աստուծոյս քաղաքին անունը, այսինքն նոր Երուսաղէմին, որ երկնքէն իմ Աստուծմէս կ’իջնէ եւ իմ նոր անունս։ 13Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։
ՊԱՏԳԱՄ ԼԱՒՈԴԻԿԷԻՆ
14Եւ Լաւոդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ Ամէնը, հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան, Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբը. 15գիտեմ քու գործերդ, որ ո՛չ պաղ ես ու ո՛չ տաք. երանի՜ թէ պաղ ըլլայիր կամ տաք։ 16Ուստի դուն որ գաղջ ես ու ո՛չ տաք՝ ո՛չ ալ պաղ, քեզ բերնէս դուրս փսխելու վրայ եմ։ 17Քանզի կ’ըսես. ‘Ես հարուստ եմ ու մեծցայ եւ բանի մը կարօտ չեմ’։ Բայց չես գիտեր թէ դուն խեղճ ու թշուառական ես եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ։ 18Ես քեզի խորհուրդ կու տամ. ինծմէ կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առ, որպէս զի հարստանաս ու ճերմակ հանդերձներ՝ որպէս զի հագնիս, որպէս զի քու ամօթալի մերկութիւնդ չերեւնայ եւ աչքերուդ դեղ դիր, որպէս զի տեսնես։ 19Ես իմ ամէն սիրածս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ. ուստի նախանձախնդիր եղի՛ր ու ապաշխարէ՛։ 20Ահա ես դուռը կայներ եմ ու կը զարնեմ. եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ ու դուռը բանայ, անոր քով պիտի մտնեմ եւ անոր հետ ընթրիք պիտի ընեմ, ան ալ ինծի հետ։ 21Ան որ կը յաղթէ, ինծի հետ իմ աթոռս պիտի նստի, ինչպէս ես ալ յաղթեցի ու իմ Հօրս հետ անոր աթոռը նստայ։ 22Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy