YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 20

20
ՀԱԶԱՐԱՄԵԱՆ
1Յետոյ հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր ու անդունդին բանալին ու մեծ շղթայ մը ունէր իր ձեռքը։ 2Ան բռնեց վիշապը, այսինքն առաջին օձը որ Բանսարկուն ու Սատանան է եւ կապեց զանիկա հազար տարի 3ու անդունդը ձգեց զանիկա եւ գոցեց ու վրայէն կնքեց, որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը՝ մինչեւ հազար տարին լմննայ։ Անկէ ետքը պիտի արձակուի անիկա կարճ ժամանակուան մը համար։
4Աթոռներ տեսայ, որոնց վրայ նստան եւ անոնց դատաւորութիւն տրուեցաւ։ Նաեւ Յիսուսին վկայութեանը համար ու Աստուծոյ խօսքին համար գլխատուածներուն հոգիները տեսայ։ Անոնք, որ երկրպագութիւն չըրին գազանին, ո՛չ ալ անոր պատկերին ու անոր դրոշմը իրենց ճակատներուն վրայ ու իրենց ձեռքին վրայ չընդունեցին եւ ապրեցան ու Քրիստոսին հետ հազար տարի թագաւորեցին։ 5Միւս մեռելները չապրեցան մինչեւ հազար տարին լրացաւ։ Ասիկա է առաջին յարութիւնը։ 6Երանելի եւ սուրբ է ա՛ն, որ առաջին յարութեանը մէջ բաժին ունի։ Ասոնց վրայ երկրորդ մահը իշխանութիւն չունի, հապա անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն։
ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
7Հազար տարին լրանալէն վերջը պիտի արձակուի Սատանան իր բանտէն, որ պիտի ելլէ ու մոլորեցնէ երկրին չորս անկիւնները եղող ազգերը՝ Գոգն ու Մագոգը՝ որպէս զի զանոնք պատերազմի հաւաքէ, որոնց համրանքը ծովու աւազին չափ է։ 8Երկրին ընդարձակութեանը մէջ ելան եւ սուրբերուն բանակը ու սիրելի քաղաքը չորս կողմէն պատեցին։ 9Երկնքէն Աստուծմէ կրակ իջաւ ու սպառեց զանոնք, իսկ Բանսարկուն, որ զանոնք մոլորեցուց, ձգուեցաւ կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ, ուր էին գազանը 10եւ սուտ մարգարէն։ Հոն պիտի չարչարուին ցորեկ ու գիշեր՝ յաւիտեանս յաւիտենից։
ՎԵՐՋԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
11Մեծ ճերմակ աթոռ մը տեսայ, որուն վրայ մէկը նստած էր։ Անոր երեսէն երկիր ու երկինք փախան եւ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ 12Տեսայ պզտիկ ու մեծ մեռելներ որոնք #20.12 Ոմանք, աթոռինԱստուծոյ առջեւ կայնած էին։ Գրքերը բացուեցան եւ ուրիշ գիրք մըն ալ բացուեցաւ, այսինքն կեանքի գիրքը եւ գրքերուն մէջ գրուած մեռելները դատուեցան իրենց գործերուն համեմատ։ 13Եւ ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին։ Ամէն մէկը իր գործերուն համեմատ դատուեցաւ։ 14Եւ մահը ու դժոխքը կրակի լիճին մէջ ձգուեցան։ Ասիկա է երկրորդ մահը։ 15Եւ ով որ կեանքի գրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ, կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy