YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2

2
ՊԱՏԳԱՄ ԵՓԵՍՈՍԻՆ
1Եփեսոսի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղերը ունի ու եօթը ոսկեղէն աշտանակներուն միջեւ կը պտըտի. 2գիտեմ քու գործերդ եւ քու աշխատութիւնդ ու քու համբերութիւնդ եւ որ չարերուն չես կրնար տանիլ ու փորձեցիր զանոնք որ կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են ու չեն եւ գտար թէ ստախօս են։ 3Համբերութիւն ունենալով՝ նեղութիւն կրեցիր #2.3 Ոմանք, եւ իմ անուանս համար աշխատեցարիմ անուանս համար ու չթուլցար։ 4Բայց քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր։ 5Միտքդ բեր հիմա ուրկէ որ ինկար ու ապաշխարէ եւ քու առաջուան գործերդ ըրէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու քու աշտանակդ իր տեղէն պիտի շարժեմ՝ եթէ չապաշխարես։ 6Բայց ասիկա ունիս որ Նիկողայոսեաններուն գործերը կ’ատես, որոնք ես ալ կ’ատեմ։ 7Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. ան որ կը յաղթէ, անոր ուտել պիտի տամ կենաց ծառէն՝ որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է»։
ՊԱՏԳԱՄ ԶՄՈՒՌՆԻԱՅԻՆ
8Եւ Զմիւռնիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ Առաջինը ու Վերջինը, որ մեռաւ ու կենդանացաւ. 9գիտեմ քու գործերդ ու նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ, (բայց հարուստ ես), ու անոնց հայհոյութիւնը՝ որ կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են, բայց չեն հապա Սատանայի ժողովուրդ։ 10Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես. ահա Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք եւ տասը օր նեղութիւն պիտի ունենաք։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ։ 11Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն։ Ան որ կը յաղթէ, երկրորդ մահէն պիտի չվնասուի»։
ՊԱՏԳԱՄ ՊԵՐԳԱՄՈՆԻՆ
12Պերգամոնի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ սրած երկբերան սուրը ունի. 13գիտեմ քու գործերդ եւ թէ ո՞ւր կը բնակիս, այսինքն Սատանային աթոռին եղած տեղը ու իմ անունս կը պահես եւ իմ հաւատքս չուրացար այն օրերն անգամ՝ երբ Անթիպաս՝ իմ հաւատարիմ վկաս՝ սպաննուեցաւ ձեր մէջ, ուր Սատանան կը բնակի։ 14Բայց քեզի դէմ քիչ մը բան ունիմ, որ հոդ Բաղաամին վարդապետութեանը հետեւողներ կան, որ Բաղակին սորվեցուց Իսրայէլի որդիներուն առջեւ գայթակղութիւն դնել, որպէս զի անոնք կուռքերու զոհուածներ ուտեն ու պոռնկութիւն ընեն։ 15Ասկէ զատ դուն Նիկողայոսեաններուն վարդապետութեան հետեւողներ ունիս, որը ես կ’ատեմ։ 16[Ուստի] ապաշխարէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու իմ բերնիս սրովը պիտի պատերազմիմ անոնց հետ։ 17Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. ով որ կը յաղթէ, պահուած մանանայէն ուտել պիտի տամ անոր ու ճերմակ խիճ մը պիտի տամ անոր եւ այն խիճին վրայ նոր անուն մը գրուած, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ան՝ որ կ’ընդունի»։
ՊԱՏԳԱՄ ԹԻՒԱՏԻՐԻՆ
18Եւ Թիւատիրի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ Աստուծոյ Որդին, որ կրակի բոցի պէս աչքեր ունի ու իր ոտքերը ոսկեպղնձի նման են. 19գիտեմ քու գործերդ եւ սէրդ ու ծառայութիւնդ եւ քու հաւատքդ ու համբերութիւնդ եւ թէ քու վերջին գործերդ առաջիններէն շատ են։ 20Բայց քեզի դէմ #2.20 Ոմանք, քիչ մը բանբան մը ունիմ, որ կը թուլատրես Յեզաբէլ կնոջ, որ ինքզինք մարգարէուհի անուանէ ու իմ ծառաներս մոլորեցնելով՝ սորվեցնէ պոռնկութիւն ընել եւ կուռքերու զոհուածներ ուտել։ 21Ես անոր ժամանակ տուի իր պոռնկութեանը համար ապաշխարելու, բայց չապաշխարեց։ 22Ահա ես զանիկա անկողին պիտի ձգեմ ու անոր հետ շնութիւն ընողները՝ մեծ նեղութեան մէջ, եթէ իրենց գործերուն համար չապաշխարեն։ 23Անոր զաւակները պիտի մեռցնեմ ու բոլոր եկեղեցիները պիտի գիտնան թէ ես ան եմ՝ որ երիկամունքները ու սրտերը կը քննեմ. իւրաքանչիւրիդ ձեր գործերուն համեմատ պիտի հատուցանեմ։ 24Ձեզի՛ կ’ըսեմ՝ միւսներուդ՝ որ Թիւատիրի մէջ էք բայց այս վարդապետութիւնը չունիք, որ չճանչցաք Սատանային ծածուկ բաները, (ինչպէս կ’ըսեն), ձեր վրայ ուրիշ ծանրութիւն չեմ ձգեր. 25հապա զայն որ ունիք՝ պահեցէք մինչեւ ես գամ։ 26Եւ ան որ կը յաղթէ ու իմ գործերս մինչեւ վերջը կը պահէ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ, 27(եւ պիտի հովուէ զանոնք երկաթէ գաւազանով։ Անոնք բրուտի ամաններու պէս պիտի փշրուին). 28ինչպէս ես ալ իմ Հօրմէս առի ու անոր պիտի տամ առաւօտեան աստղը։ 29Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy