YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 16

16
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՍԿԱՒԱՌԱԿՆԵՐԸ
1Տաճարէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ եօթը հրեշտակներուն կ’ըսէր. «Գացէ՛ք, Աստուծոյ բարկութեան [եօթը] սկաւառակները երկրի վրայ թափեցէք»։
2Առաջին հրեշտակը գնաց ու իր սկաւառակը երկրի վրայ թափեց ու չարաչար պալարներ ելան այն մարդոց վրայ, որոնք գազանին դրոշմը ունէին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընէին։
3Երկրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը ծովուն վրայ թափեց ու ջուրերը մեռած մարդու արիւն դարձան եւ ծովուն մէջի բոլոր կենդանիները մեռան։
4Երրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը գետերուն ու ջուրերու աղբիւրներուն վրայ թափեց ու անոնք արիւն դարձան։ 5Եւ ջուրերուն հրեշտակէն լսեցի որ կ’ըսէր. «Արդար ես դուն, #16.5 Ոմանք, ով Տէր, որոր ես եւ որ էիր եւ սուրբ ես, որ այսպիսի դատաստաններ ըրիր. 6վասն զի անոնք սուրբերուն ու մարգարէներուն արիւնը թափեցին եւ դուն անոնց արիւն խմել տուիր, քանզի արժանի են»։ 7Եւ սեղանէն #16.7 Ոմանք, ուրիշ մը լսեցիլսեցի, որ կ’ըսէր. «Այո՛, Ամենակա՛լ Տէր Աստուած, քու դատաստաններդ արդար ու ճշմարիտ են»։
8Չորրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը արեւին վրայ թափեց։ 9Անոր զօրութիւն տրուեցաւ որ խորշակահար ընէ մարդիկը կրակով։ Եւ սաստիկ տաքէն խորշակահար եղան մարդիկ եւ հայհոյեցին Աստուծոյ անուան, որ այս հարուածներուն վրայ իշխանութիւն ունի ու չապաշխարեցին, որ անոր փառք տան։
10Հինգերորդ հրեշտակը իր սկաւառակը գազանին աթոռին վրայ թափեց ու անոր թագաւորութիւնը խաւարեցաւ։ Մարդիկ ցաւէն լեզունին կը ծամէին 11ու երկնքի Աստուծոյ հայհոյեցին իրենց ցաւերուն եւ իրենց պալարներուն պատճառով, բայց իրենց գործերէն չապաշխարեցին։
12Վեցերորդ հրեշտակը իր սկաւառակը մեծ գետին՝ Եփրատին վրայ թափեց ու անոր ջուրերը ցամքեցան, որպէս զի արեւելքի թագաւորներուն ճամբան պատրաստուի։ 13Տեսայ որ վիշապին բերնէն ու գազանին բերնէն եւ սուտ մարգարէին բերնէն երեք պիղծ ոգիներ կ’ելլէին գորտերու նման. 14վասն զի անոնք դեւերու ոգիներ էին՝ որ նշաններ կ’ընէին #16.14 Ոմանք, ու երկրի եւու բոլոր աշխարհի թագաւորներուն քով կ’երթային, որպէս զի զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն. 15(ահա գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ, որպէս զի մերկ չպտըտի ու իր ամօթը չերեւնայ). 16եւ զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի։
17Եօթներորդ հրեշտակը իր սկաւառակը օդին վրայ թափեց ու երկնքի տաճարէն, աթոռէն մեծ ձայն մը ելաւ՝ ըսելով. «Եղաւ»։ 18Եւ #16.18 Ոմանք, ձայներ եւ որոտումներ ու փայլակներփայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ եղան ու մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, այնպէս որ մարդոց երկրի վրայ ըլլալէն ի վեր այնպիսի մեծ երկրաշարժ մը եղած չէր։ 19Մեծ քաղաքը երեք մաս եղաւ ու ազգերուն քաղաքները կործանեցան։ Աստուած մեծ Բաբելոնը յիշեց, որպէս զի իր սաստիկ բարկութեան գինիին գաւաթը անոր տայ։ 20Ամէն կղզի փախաւ ու լեռները չգտնուեցան։ 21Եւ խոշոր կարկուտ՝ գրեթէ տաղանդի մը կշիռքով՝ երկնքէն կ’իջնէր մարդոց վրայ ու մարդիկ հայհոյեցին Աստուծոյ կարկուտին հարուածին համար, վասն զի խիստ մեծ էր այն հարուածը։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy