YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 10

10
ՀՐԵՇՏԱԿԸ ԵՒ ԿՆՔՈՒԱԾ ԳՐՔՈՅԿԸ
1Տեսայ ուրիշ զօրաւոր հրեշտակ մը, որ երկնքէն կ’իջնէր։ Ամպ հագած էր եւ իր գլխուն վրայ ծիածան կար։ Իր երեսը արեւի պէս էր եւ իր ոտքերը՝ կրակի սիւներու պէս։ 2Իր ձեռքը գրքոյկ մը ունէր բացուած։ Իր աջ ոտքը ծովուն վրայ դրաւ եւ ձախը՝ ցամաքին վրայ 3եւ մեծ ձայնով աղաղակեց առիւծի մը մռնչիւնին պէս։ Երբ աղաղակեց, եօթը որոտումները իրենց ձայներովը խօսեցան 4երբ եօթը որոտումները #10.4 Ոմանք, իրենց ձայներովը խօսեցանխօսեցան, ես պիտի գրէի, բայց երկնքէն ձայն մը լսեցի որ #10.4 Ոմանք, ինծի կ’ըսէրկ’ըսէր. «Կնքէ այն բաները որոնք եօթը որոտումները խօսեցան ու զանոնք մի՛ գրեր»։ 5Այն հրեշտակը որ ծովուն վրայ ու ցամաքին վրայ կայնած տեսայ, իր [աջ] ձեռքը երկինք վերցուց 6ու երդում ըրաւ յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին վրայ, որ ստեղծեց երկինքը ու ինչ որ անոր մէջ է ու երկիրը եւ ինչ որ անոր մէջ է եւ ծովը ու ինչ որ անոր մէջ է, թէ՝ ա՛լ ժամանակ պիտի չըլլայ. 7հապա եօթներորդ հրեշտակին ձայնին օրերը՝ երբ փողը հնչեցնէ, Աստուծոյ խորհուրդը պիտի կատարուի, ինչպէս իր ծառաներուն, մարգարէներուն ծանուցանեց։
8Այն ձայնը, որ երկնքէն լսեցի, նորէն խօսեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Գնա՛, ա՛ռ այն բաց գրքոյկը՝ որ ծովուն ու ցամաքին վրայ կայնող հրեշտակին ձեռքն է»։ 9Ես ալ հրեշտակին գացի ու ըսի անոր. «Տո՛ւր ինծի այդ գրքոյկը»։ Ան ըսաւ ինծի. «Ա՛ռ ասիկա ու կե՛ր եւ քու փորիդ մէջ դառնութիւն պիտի պատճառէ, բայց բերնիդ մէջ մեղրի պէս անոյշ պիտի ըլլայ»։ 10Եւ գրքոյկը հրեշտակին ձեռքէն առի ու կերայ զանիկա։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր եւ ուտելէս ետքը փորիս մէջ դառնութիւն զգացի։ 11Ան ըսաւ ինծի. «Պէտք է որ դուն նորէն մարգարէութիւն ընես շատ ժողովուրդներու եւ ազգերու ու լեզուներու եւ թագաւորներու #10.11 Կամ, առջեւվրայով»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy