YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 5

5
ԼԵՐԱՆ ՔԱՐՈԶԸ
1Տեսնելով ժողովուրդը՝ լեռը ելաւ։ Երբ նստաւ հոն, իր աշակերտները քովը գացին. 2իր բերանը բանալով կը սորվեցնէր անոնց ու կ’ըսէր.
ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՐԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
(Ղուկ. 6.20-23)
3 «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է։ 4Երանի՜ սգաւորներուն, վասն զի անոնք պիտի մխիթարուին։ 5Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։ 6Երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան, վասն զի անոնք պիտի կշտանան։ 7Երանի՜ ողորմածներուն, վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն։ 8Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասն զի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած։ 9Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն, վասն զի անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։ 10Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է։ 11Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ 12Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»։
ԱՂ ԵՒ ԼՈՅՍ
(Մարկ. 9.49, Ղուկ. 14.34-35)
13 «Դուք էք երկրի աղը։ Եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինք ինչո՞վ պիտի աղուի։ Անկէ յետոյ բանի մը չի գար, միայն թէ դուրս ձգուելու եւ մարդոց ոտքով կոխկռտուելու։ 14Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ։ 15Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տանը մէջ եղողներուն։ 16Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՕՐԷՆՔԻ ՇՈՒՐՋ
17 «Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէները աւրելու։ Աւրելու չեկայ, հապա՝ կատարելու։ 18Քանզի ճշմարտապէս կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մինչեւ երկինք ու երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի, մինչեւ բոլորն ալ կատարուին’։ 19Ուստի ով որ այս ամենափոքր պատուիրանքներէն մէկը աւրէ ու մարդոց այնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ. բայց ով որ ընէ եւ սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ։ 20Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ ձեր արդարութիւնը դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն արդարութենէն աւելի չըլլայ, բնաւ պիտի չմտնէք երկնքի թագաւորութիւնը’»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ
21 «Լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սպանութիւն մի՛ ըներ’։ Ով որ սպանութիւն ընէ, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ»։ 22Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Ով որ իր եղբօրը պարապ տեղը սրդողի, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը յիմար ըսէ, ատեանին պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը անմիտ ըսէ, գեհենի կրակին պարտաւոր պիտի ըլլայ։ 23Ուրեմն եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, 24հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես։ 25Քու ոսոխիդ հետ շուտով միաբանէ, քանի որ անոր հետ ճամբուն մէջ ես։ Չըլլայ թէ քու ոսոխդ քեզ դատաւորին մատնէ եւ դատաւորը դահիճին եւ բանտը ձգուիս։ 26Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Պիտի չելլես անկէ՝ մինչեւ որ վերջին նաքարակիտը չվճարես’»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՇՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
27 «Լսեր էք որ ըսուեցաւ # 5.27 Ոմանք կ’աւելցնեն, առաջիններուն , ‘Շնութիւն մի ըներ’, 28բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ’։ 29Արդ եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի։ 30Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի ու քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԱՊԱՀԱՐԶԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
(Մատթ. 19.9, Մարկ. 10.11-12, Ղուկ. 16.18)
31«Իրաւ, ըսուեցաւ թէ ‘Ով որ իր կինը կ’արձակէ, թող անոր արձակման թուղթ տայ’. 32բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ իր կինը արձակէ, առանց պոռնկութեան պատճառի, ինք պատճառ կ’ըլլայ անոր շնութիւն ընելուն եւ ով որ այն արձակուածը առնէ, շնութիւն կը գործէ’»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԵՐԴՈՒՄԻ ՇՈՒՐՋ
33 Դարձեալ լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, «Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա ըրած երդումներդ վճարէ Տէրոջը»։ 34Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Ամենեւին երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկնքի վրայ՝ որ Աստուծոյ աթոռն է 35եւ ո՛չ ալ երկրի վրայ՝ որ անոր ոտքերուն պատուանդանն է, ո՛չ ալ Երուսաղէմի վրայ՝ որ մեծ Թագաւորին քաղաքն է, 36ոչ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ընես, վասն զի չես կրնար մէկ մազ ճերմկցնել կամ սեւցնել։ 37Հապա ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ. ու ասկէ աւելին չարէն յառաջ կու գայ»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՎՐԷԺԻ ՇՈՒՐՋ
(Ղուկ. 6.29-30)
38 Լսեր էք որ ըսուեցաւ. «Աչքի տեղ՝ աչք ու ակռայի տեղ՝ ակռայ»։ 39Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Չարին հակառակ մի՛ կենար, հապա եթէ մէկը ապտակ մը զարնէ աջ ծնօտիդ, դարձուր անոր միւսն ալ։ 40Եթէ մէկը ուզէ քեզի հետ դատ վարել ու քու շապիկդ առնել, թող տուր անոր քու վերարկուդ ալ։ 41Եւ ով որ քեզ պահակ բռնէ ու մղոն մը ճամբայ քշէ, գնա անոր հետ երկու։ 42Քեզմէ ուզողին տուր ու երես մի՛ դարձներ անկէ՝ որ կ’ուզէ քեզմէ փոխ առնել»։
ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ՍԻՐԵԼ
(Ղուկ. 6.27-28,32-36)
43 Լսեր էք որ ըսուեցաւ. «Քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես»։ 44Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ’ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն. 45որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք. վասն զի իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։ 46Վասն զի եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ առաւելութիւն կ’ունենաք. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։ 47Եւ եթէ միայն ձեր եղբայրներուն բարեւ տաք, ի՞նչ աւելի կ’ընէք ուրիշներէն. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։ 48Ուրեմն դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրն ալ կատարեալ է»։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 5: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy