YouVersion Logo
Search Icon

ՂՈԻԿԱՍ 3

3
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻՆ ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆԸ
(Մատթ. 3.1-12, Մարկ. 1.1-8, Յովհ. 1.19-28)
1Տիբերիոս կայսրին թագաւորութեան տասնըհինգերորդ տարին, Պոնտացի Պիղատոսին Հրէաստանի վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը ու Հերովդէսին Գալիլիացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ անոր եղբօրը Փիլիպպոսին Իտուրացիներուն եւ Տրաքոնացիներուն երկրին վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ Լիւսանիային Աբիլինացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը 2եւ Աննային ու Կայիափային քահանայապետութեան ատենը Աստուծոյ խօսքը եղաւ Զաքարիային որդիին Յովհաննէսին անապատին մէջ։ 3Անիկա եկաւ Յորդանանի բոլոր կողմերը եւ ապաշխարութեան մկրտութիւն կը քարոզէր մեղքերու թողութեան համար. 4ինչպէս Եսայի մարգարէին գրքին մէջ գրուած է՝ ըսելով. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք։ 5Ամէն ձոր պիտի լեցուի եւ ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ եւ ծուռը պիտի շտկուի ու խորտուբորտ տեղերը հարթ ճամբաներ պիտի ըլլան։ 6Եւ ամէն մարմին Աստուծոյ փրկութիւնը պիտի տեսնէ»։
7Իրմէն մկրտուելու ելլող ժողովուրդին ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ։ 8Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք եւ մի՛ սկսիք ձեր ներսիդին ըսել թէ՝ ‘Մենք մեզի հայր Աբրահամը ունինք’, քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։ 9Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, պիտի կտրուի ու կրակը պիտի ձգուի»։ 10Եւ ժողովուրդները կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Ուրեմն ի՞նչ ընենք»։ 11Պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ով որ երկու հանդերձ ունի, թող մէկը չունեցողին տայ եւ ով որ կերակուր ունի, նոյնպէս ընէ»։ 12Մաքսաւորներ ալ եկան մկրտուելու ու ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, մե՞նք ինչ ընենք»։ 13Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ձեզի հրամայուածէն աւելի բան մի պահանջէք»։ 14Զինուորներն ալ կը հարցնէին անոր ու կ’ըսէին. «Մե՞նք ինչ ընենք»։ Ըսաւ անոնց. «Մէկը մի՛ հարստահարէք. եւ մարդու վրայ զրպարտութիւն մի՛ ընէք ու ձեր թոշակով բաւականացէք»։
15Երբ ժողովուրդը կը սպասէր եւ ամէնքը իր սրտերնուն մէջ կը մտածէին Յովհաննէսին համար՝ թէ «Ա՞ս է արդեօք Քրիստոսը», 16Յովհաննէս պատասխան տուաւ ամենուն ու ըսաւ. «Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ, բայց ինծմէ աւելի զօրաւորը պիտի գայ, որուն կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ, անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով. 17որուն հեծանոցը իր ձեռքն է եւ իր կալը պիտի մաքրէ ու ցորենը իր ամբարը պիտի ժողվէ եւ յարդը չմարող կրակով պիտի այրէ»։ 18Ուրիշ շատ բաներ ալ կը քարոզէր՝ ժողովուրդը յորդորելով։
19Հերովդէս չորրորդապետը անկէ յանդիմանուելով իր #3.19 Ոմանք, եղբօրը Փիլիպպոսինեղբօր կնոջ, Հերովդիային եւ բոլոր չարութիւններուն համար, որոնք Հերովդէս գործեց, 20այն ամենուն վրայ այս ալ աւելցուց, որ Յովհաննէսը բանտարկեց։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
(Մատթ. 3.13-17, Մարկ. 1.9-11)
21Բոլոր ժողովուրդը մկրտուեցաւ։ Երբ Յիսուս ալ մկրտուելով աղօթք կ’ընէր, երկինքը բացուեցաւ 22եւ Սուրբ Հոգին մարմնաւոր երեւոյթով աղաւնիի պէս անոր վրայ իջաւ ու երկնքէն ձայն մը եկաւ, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաւնեցայ»։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԱԶԳԱՏՈՀՄԸ
(Մատթ. 1.1-17)
23Երբ Յիսուս իր գործը սկսաւ գրեթէ երեսուն տարեկան էր։ (Ինչպէս կը կարծուէր) Ան որդին էր Յովսէփի, որ Հեղիի, որ Մատաթի, 24որ Ղեւիի, որ Մեղքիի, որ Յաննէի, որ Յովսէփի, 25որ Մատաթիայի, որ Ամովսի, որ Նաւումի, որ Եսղիի, որ Նանգէի, 26որ Մաաթի, որ Մատաթիայի, որ Սէմէիի, որ Յովսէփի, որ Յուդայի, 27որ Յովհաննայի, որ Րեսայի, որ Զօրաբաբէլի, որ Սաղաթիէլի, որ Ներիի, 28որ Մեղքիի, որ Ադդիի, որ Կովսամի, որ Եղմովդադի, որ Էրի, 29որ Յովսէսի, որ Եղիազարի, որ Յովրիմի, որ Մատաթի, որ Ղեւիի, 30որ Սիմէոնի, որ Յուդայի, որ Յովսէփի, որ Յովնանի, որ Եղիակիմի, 31որ Մելիայի, որ Մայնանի, որ Մատաթայի, որ Նաթանի, որ Դաւիթի, 32որ Յեսսէի, որ Ովբէթի, որ Բոոսի, որ Սաղմոնի, որ Նաասոնի, 33որ Ամինադաբի, որ Արամի, որ Եսրոնի, որ Փարէսի, որ Յուդայի, 34որ Յակոբի, որ Իսահակի, որ Աբրահամի, որ Թարայի, որ Նաքովրի, 35որ Սերուգի, որ Ռագաւի, որ Փաղէկի, որ Եբերի, որ Սաղայի, 36որ Կայնանի, որ Արփաքսադի, որ Սէմի, որ Նոյի, որ Ղամէքի, 37որ Մաթուսաղայի, որ Ենովսի, որ Յարեդի, որ Մաղաղիէլի, որ Կայնանի, 38որ Ենովսի, որ Սէթի, որ Ադամի, որ Աստուծոյ։

Currently Selected:

ՂՈԻԿԱՍ 3: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy