YouVersion Logo
Search Icon

ՂՈԻԿԱՍ 16

16
ԽՈՐԱՄԱՆԿ ՏՆՏԵՍԸ
1Իր աշակերտներուն ալ ըսաւ. «Հարուստ մարդ մը կար, որ տնտես մը ունէր։ Անոր վրայ գանգատ եղաւ իրեն՝ որպէս թէ իր ունեցածը կը փճացնէ։ 2Ուստի կանչեց զանիկա ու ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչ է այս որ քեզի համար կը լսեմ։ Քու տնտեսութեանդ հաշիւը տուր, վասն զի ա՛լ չես կրնար տնտես ըլլալ’։ 3Տնտեսը իր մտքին մէջ ըսաւ. ‘Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ իմ տէրս տնտեսութիւնը ինծմէ կ’առնէ. #16.3 Յուն., չեմ կրնար բրելհողագործութիւն չեմ կրնար ընել մուրալու կ’ամչնամ։ 4Գիտեմ ի՛նչ պիտի ընեմ, որպէս զի երբ իմ տնտեսութենէս հանուիմ, զիս իրենց տունը ընդունին’։ 5Իր տիրոջը պարտականները մէկիկ մէկիկ իրեն կանչելով՝ ըսաւ առաջինին. ‘Դուն իմ տիրոջս ո՞րչափ պարտք ունիս’։ 6Ան ալ ըսաւ. ‘Հարիւր մար ձէթ’։ Ըսաւ անոր. ‘Գիրդ առ ու շուտով նստէ յիսուն գրէ’։ 7Ետքը միւսին ըսաւ. ‘Դո՞ւն որչափ պարտք ունիս’։ Անիկա ըսաւ. ‘Հարիւր քոռ ցորեն’։ Ըսաւ անոր. ‘Գիրդ առ եւ ութսուն գրէ’։ 8Տէրը անիրաւ տնտեսը գովեց, որ խելացութիւնով ըրաւ. վասն զի այս աշխարհին որդիները իրենց ցեղին մէջ՝ լուսոյ որդիներէն աւելի խելացի են»։ 9Ես ալ ձեզի կ’ըսեմ. «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի #16.9 Այսինքն, ձեր կարօտութեան ժամանակըերբ անիկա պակսի ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին»։ 10«Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ։ 11Ուստի եթէ անիրաւ մամոնային մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի հաւատայ ձեզի։ 12Եթէ օտարին բանին մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ձերը ո՞վ պիտի տայ ձեզի։ 13Ծառայ մը չի կրնար երկու տէրերու ծառայութիւն ընել, վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ #16.13 Այսինքն, մէկը պիտի մեծարէմէկուն պիտի յարի եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐԸ
(Մատթ. 11.12-13, 5.31-32, Մարկ. 10.11-12)
14Փարիսեցիներն ալ, որոնք արծաթասէր էին, այս ամէնը լսելով կը քամահրէին զանիկա։ 15Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք էք որ մարդոց առջեւ ինքզինքնիդ կ’արդարացնէք, բայց Աստուած գիտէ ձեր սրտերը. վասն զի մարդոց մէջ բարձր եղածը Աստուծոյ առջեւ պիղծ է։ 16Օրէնքը ու մարգարէները մինչեւ Յովհաննէս էին. անկէ յետոյ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը քարոզուի եւ ամէն մէկը անոր մէջ մտնելու կ’արտորայ։ 17Աւելի դիւրին է, որ երկինք ու երկիր անցնին, քան թէ օրէնքէն մէկ նշանագիր իյնայ։ 18Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ եւ ով որ էրիկէն արձակուած կին մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։
ԱՂՔԱՏ ՂԱԶԱՐՈՍԸ
19 «Հարուստ մարդ մը կար, որ ծիրանի ու բեհեզ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւորապէս ուրախութիւն կ’ընէր։ 20Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար վէրքերով լեցուն, որ անոր դրանը առջեւ դրուած էր։ 21Ան կը փափաքէր հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներէն իր փորը լեցնել։ Շուները կու գային եւ անոր վէրքերը կը լզէին։ 22Աղքատը մեռաւ ու հրեշտակները Աբրահամի գոգը տարին զանիկա։ Հարուստն ալ մեռաւ ու թաղուեցաւ։ 23Երբ դժոխքը՝ տանջանքի մէջ էր հարուստը՝ իր աչքերը վերցնելով հեռուէն տեսաւ Աբրահամը ու Ղազարոսը անոր գոգը հանգիստ նստած։ 24Այն ատեն աղաղակեց ու ըսաւ. ‘Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ ինծի ու ղրկէ Ղազարոսը, որպէս զի իր մատին ծայրը ջուրը թաթխէ ու զովացնէ իմ լեզուս, վասն զի այս բոցին մէջ կը տանջուիմ’։ 25Աբրահամ ըսաւ. ‘Ո՛րդեակ, միտքդ բեր, որ դուն քու կեանքիդ մէջ քու բարիքներդ առիր, նոյնպէս Ղազարոս՝ չարիքներ. հիմա անիկա [հոս] կը մխիթարուի ու դուն կը տանջուիս։ 26Այս ամէն բաներէն զատ՝ մեր ու ձեր մէջտեղ մեծ անդունդ մը կայ հաստատուած, որպէս զի ձեզի անցնիլ ուզողները չկրնան, ոչ ալ ատկէ մեզի գալ ուզողները ՝ անցնին’։ 27Ան ալ ըսաւ. ‘Ուրեմն կ’աղաչեմ քեզի, հա՛յր, որ զանիկա իմ հօրս տունը ղրկես, 28քանզի հինգ եղբայր ունիմ, որպէս զի երթայ անոնց վկայութիւն տայ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ այս չարչարանքին տեղը գան’։ 29Աբրահամ ըսաւ անոր. ‘Անոնք Մովսէսն ու մարգարէները ունին, թող անոնց մտիկ ընեն’։ 30Ան ալ ըսաւ. ‘Ո՛չ, հա՛յր Աբրահամ, հապա եթէ մեռելներէն մէկը անոնց երթայ, պիտի ապաշխարեն’։ 31Աբրահամ ըսաւ անոր. ‘Եթէ Մովսէսին ու մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, ուրեմն մեռելներէն մէկը յարութիւն առնելու ալ ըլլայ, պիտի չհամոզուին’»։

Currently Selected:

ՂՈԻԿԱՍ 16: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy