YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 20

20
ՊԱՐԱՊ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ
(Մատթ. 28.1-8, Մարկ. 16.1-8, Ղուկ. 24.1-12)
1Մէկշաբթի օրը Մարիամ Մագդաղենացին առտուն՝ դեռ չլուսցած՝ գերեզման կ’երթայ ու կը տեսնէ որ քարը գերեզմանին դռնէն վերցուած է։ 2Անմիջապէս կը վազէ կ’երթայ Սիմոն Պետրոսին եւ միւս աշակերտին, որ Յիսուսը կը սիրէր եւ կ’ըսէ անոնց. «Տէրը գերեզմանէն վերցուցին ու չենք գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա»։ 3Ուստի ելան Պետրոսը եւ միւս աշակերտը ու դէպի գերեզմանը գացին։ 4Երկուքն ալ մէկտեղ կը վազէին եւ միւս աշակերտը Պետրոսէն աւելի շուտ վազելով՝ անկէ առաջ գերեզմանը հասաւ 5եւ ծռելով նայեցաւ ու տեսաւ որ կտաւները հոն կը կենային. բայց ինք ներս չմտաւ։ 6Սիմոն Պետրոս ալ հասաւ, որ անոր ետեւէն կու գար ու գերեզմանը մտաւ եւ տեսաւ կտաւները, որոնք հոն կը կենային 7ու վարշամակը, որ անոր գլուխն էր՝ միւս կտաւներուն հետ չէր, հապա ծալուած մէկ կողմը դրուած էր։ 8Այն ատեն ներս մտաւ միւս աշակերտն ալ, որ առաջ գերեզմանը եկեր էր, տեսաւ ու հաւատաց։ 9Վասն զի դեռ գրուածը չէին գիտեր, թէ Պէտք է որ անիկա մեռելներէն յարութիւն առնէ։ 10Ետքը աշակերտները նորէն իրենց տունը գացին։
ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՐԻԱՄ ՄԱԳԴԱՂԵՆԱՑԻԻՆ Կ’ԵՐԵՒԻ
(Մատթ. 28.9-10, Մարկ. 16.9-11)
11Բայց Մարիամ գերեզմանին դուրսը կայներ էր եւ կու լար ու երբ կու լար՝ դէպի գերեզմանը ծռեցաւ նայելու։ 12Տեսաւ երկու հրեշտակներ ճերմակ հանդերձ ներով, որ նստեր էին, ուր Յիսուսի մարմինը դրուած էր, մէկը գլխուն կողմը ու միւսը ոտքին կողմը։ 13Անոնք իրեն ըսին. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս»։ Ըսաւ անոնց. «Անոր համար, որ իմ Տէրս գերեզմանէն վերցուցին ու չեմ գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա»։ 14Երբ ասիկա ըսաւ՝ ետին դարձաւ եւ տեսաւ Յիսուսը, որ կայներ էր ու չէր գիտեր թէ Յիսուսն է։ 15Յիսուս անոր ըսաւ. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ կը փնտռես»։ Ինք կարծելով թէ անիկա պարտիզպանն է, ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցիր զանիկա, ըսէ՛ ինծի, ո՞ւր դրիր զայն, որպէս զի ես զանիկա առնեմ»։ 16Յիսուս ըսաւ անոր. «Մա՛րիամ»։ Ան ալ դարձաւ ու [Եբրայեցերէն] անոր ըսաւ. «Ռաբբունի», որ վարդապետ ըսել է։ 17Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինծի մի՛ դպչիր, վասն զի դեռ Հօրս քով ելած չեմ. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով’»։ 18Մարիամ Մագդաղենացին գնաց ու աշակերտներուն պատմեց թէ ինք Տէրը տեսաւ եւ թէ անիկա այս բաները իրեն ըսաւ։
ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ Կ’ԵՐԵՒԻ
(Մատթ. 28.16-20, Մարկ. 16.14-18, Ղուկ. 24.36-49)
19Նոյն օրը, Մէկշաբթի իրիկունը, աշակերտներուն հաւաքուած տեղին դռները գոց էին՝ Հրեաներէն վախնալնուն համար. Յիսուս եկաւ եւ անոնց մէջտեղը կայնեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ 20Ասիկա ըսելով՝ իր ձեռքերն ու կողը ցուցուց անոնց։ Աշակերտներն ալ ուրախացան, երբ Տէրը տեսան։ 21Յիսուս նորէն ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի. ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ»։ 22Ասիկա ըսելով՝ անոնց վրայ փչեց ու ըսաւ անոնց. «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին։ 23Որոնց մեղքերը որ թողուք, թողուած ըլլայ անոնց եւ որոնց մեղքերը որ ետ բռնէք, բռնուած ըլլայ»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԹՈՎՄԱՍ
24Բայց տասներկուքէն մէկը, Երկուորեակ ըսուած Թովմաս անոնց հետ չէր՝ երբ Յիսուս եկաւ։ 25Երբ միւս աշակերտները ըսին անոր թէ Տէրը տեսանք, ան ալ ըսաւ անոնց. «Եթէ իր ձեռքերուն վրայ բեւեռներուն նշանը չտեսնեմ ու մատս բեւեռներուն տեղը չխոթեմ եւ իմ ձեռքս անոր կողը չխոթեմ՝ չեմ հաւատար»։
26Ութ օր յետոյ դարձեալ աշակերտները ներսն էին, Թովմաս ալ անոնց հետ. եկաւ Յիսուս, թէեւ դռները գոց էին ու կայնեցաւ անոնց մէջտեղը եւ ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ 27Ետքը ըսաւ Թովմասին. «Մատդ հո՛ս բեր եւ նայէ՛ իմ ձեռքերուս ու բե՛ր քու ձեռքդ ու իմ կողս խոթէ ու մի՛ ըլլար անհաւատ, հապա հաւատացեալ»։ 28Եւ Թովմաս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս»։ 29Յիսուս ըսաւ անոր. «#20.29 Ոմանք, Թովմաս, որովհետեւՈրովհետեւ դուն զիս տեսար, ատոր համար հաւատացիր. երանի՜ անոնց, որ տեսած չեն ու կը հաւատան»։
ԱՅՍ ԳՐՔԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ
30Յիսուս շատ ուրիշ նշաններ ալ ըրաւ իր աշակերտներուն առջեւ, որոնք այս գրքին մէջ գրուած չեն։ 31Բայց ասոնք գրուեցան, որպէս զի հաւատաք թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Աստուծոյ Որդին եւ որպէս զի հաւատալով կեանք ունենաք անոր անունովը։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy