YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱԿՈԲՈՒ 5

5
ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐՈՒՆ
1Աղէ՜ հիմա, հարուստներ, լացէ՛ք, ողբացէ՛ք ան թշուառութիւններուն համար՝ որոնք ձեր վրայ պիտի գան։ 2Ձեր հարստութիւնը ապականած է ու ձեր հանդերձները՝ ցեցի կերակուր եղած։ 3Ձեր ոսկին ու արծաթը ժանգոտած են եւ անոնց ժանգը ձեզի դէմ վկայ պիտի ըլլայ ու ձեր մարմինը պիտի ուտէ կրակի պէս։ Վերջին օրերուն համար գանձ դիզեցիք։ 4Ահա ձեր արտերը հնձող բանուորներուն վարձքը՝ որ ետ պահեցիք՝ կ’աղաղակէ ու հնձողներուն բողոքը զօրութեան Տէրոջը ականջներուն հասաւ։ 5Երկրին վրայ փափկութեամբ եւ հեշտութեամբ ապրեցաք, սրտերնիդ սնուցանեցիք՝ որպէս թէ մորթուելու օրուան համար։ 6Դատապարտեցի՛ք ու սպաննեցի՛ք արդարը, որ ձեզի հակառակ չկենայ։
ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՂՕԹՔ
7Ուստի համբերո՛ղ եղէք, ե՛ղբայրներ, մինչեւ Տէրոջը գալուստը։ Ահա երկրագործը կը սպասէ երկրին պատուական պտուղին՝ անոր համար համբերելով, մինչեւ առաջին ու վերջին անձրեւը առնէ։ 8Դո՛ւք ալ համբերութիւն ունեցէ՛ք, սրտերնիդ հաստա՛տ բռնեցէք. վասն զի Տէրոջը գալուստը մօտ է։ 9Զիրար մի՛ տրտմեցնէք, ե՛ղբայրներ, որպէս զի չդատապարտուիք։ Ահա դատաւորը դրանը քով կայներ է։ 10Ե՛ղբայրներս, չարչարանքներու ու համբերութեան համար օրինակ առէք մարգարէները, որոնք Տէրոջը անունովը խօսեցան։ 11Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է։
12Արդ՝ ամէն բանէ առաջ, եղբայրնե՛րս, երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկնքի վրայ, ո՛չ երկրի վրայ, ո՛չ ալ ուրիշ երդում մը. հապա ձեր «Այո»ն՝ այո ըլլայ եւ «Ոչ»ը՝ ոչ, որ չըլլայ թէ դատապարտութեան տակ իյնաք։
13Եթէ ձեզմէ մէկը նեղութեան մէջ է, աղօթք թող ընէ։ Եթէ մէկը ուրախ է, սաղմոս թող երգէ։ 14Եթէ ձեզմէ մէկը հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէս զի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։ 15Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր։ 16Ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէ՛ք ու աղօ՛թք ըրէք իրարու համար, որպէս զի բժշկուիք։ Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի։ 17Եղիան մեզի պէս կրքերու ենթակայ մարդ մըն էր։ Աղօթք ըրաւ որ անձրեւ չգայ եւ երեք տարի ու վեց ամիս երկրի վրայ անձրեւ չեկաւ։ 18Եւ նորէն աղօթք ըրաւ ու երկինք անձրեւ տուաւ եւ երկիր իր պտուղը բուսցուց։
19Ե՛ղբայրներ, եթէ ձեզմէ մէկը ճշմարտութենէն մոլորի, մէկը թող զանիկա դարձի բերէ։ 20Գիտցած եղէք թէ ան, որ մեղաւորը իր մոլորութեան ճամբայէն կը դարձնէ, հոգի մը մահուանէ կ’ազատէ ու մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ։

Currently Selected:

ՅԱԿՈԲՈՒ 5: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy