YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱԿՈԲՈՒ 3

3
ԼԵԶՈՒՆ
1Եղբայրներս, շատ վարդապետող մի՛ ըլլաք, գիտնալով որ աւելի մեծ դատաստան պիտի ընդունինք. 2վասն զի ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել։ 3Գիտէք թէ ձիերուն բերանը սանձ կը դնենք, որպէս զի անոնք մեզի հնազանդին ու անոնց բոլոր մարմինը կը կառավարենք. 4ահա նաւերն ալ որչա՜փ մեծ բաներ են եւ սաստիկ հովերէն կը քշուին, բայց շատ փոքր ղեկով մը կը կառավարուին՝ ղեկավարին կամքը ո՛ր կողմը որ ուզէ։ 5Այսպէս ալ լեզուն պզտիկ անդամ մըն է, բայց մեծ բաներ կը խօսի։ Ահա քիչ մը կրակը ո՛րչափ բան բոցի կու տայ։ 6Լեզուն ալ կրակ մըն է, անիրաւութեան տիեզերք մը։ Լեզուն մեր անդամներուն մէջ այնպէս դրուած է, որ բոլոր մարմինը կ’ապականէ եւ բնութեան շրջանը կը բռնկեցնէ ու ինք գեհեանէն կը բռնկի։ 7Բոլոր գազաններուն ու թռչուններուն եւ սողուններուն ու ծովուն մէջ եղածներուն բնութիւնը կը նուաճուի եւ նուաճուած է մարդկութենէն։ 8Բայց մարդ լեզուն չի կրնար նուաճել։ Անիկա անզուսպ չար է ու մահաբեր թոյնով լեցուն։ 9Անով կ’օրհնենք Աստուած ու Հայրը եւ անով կ’անիծենք մարդիկ՝ որոնք Աստուծոյ նմանութիւնովը ստեղծուած են։ 10Միեւնոյն բերնէն կ’ելլեն օրհնութիւն ու անէծք։ Ե՛ղբայրներս, պէտք չէ որ այս այսպէս ըլլայ։ 11Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն բերնէն անոյշ ու լեղի կը բղխեցնէ՞։ 12Միթէ կարելի՞ է, եղբա՛յրներս, որ թզենին ձիթապտուղ բերէ կամ որթատունկը՝ թուզ։ Նմանապէս կարելի չէ որ աղբիւրէ մը աղի ու անոյշ ջուր հոսի։
ՎԵՐԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
13Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ. թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով։ 14Ապա եթէ դառն նախանձ եւ հակառակութիւն ունենաք սրտերնուդ մէջ, մի՛ պարծենաք ու ճշմարտութիւնը սուտ մի՛ հանէք։ 15Այս իմաստութիւնը վերէն իջած չէ, հապա երկրաւոր, շնչաւոր եւ դիւական է։ 16Քանզի ուր նախանձ ու կռիւ կայ, հոն են անկարգութիւնը եւ ամէն չար բաները։ 17Բայց վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։ 18Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն։

Currently Selected:

ՅԱԿՈԲՈՒ 3: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy