YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱԿՈԲՈՒ 1

1
1Յակոբոս՝ Աստուծոյ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին ծառայ՝ տասներկու ցեղերուդ, որ ամէն կողմ ցրուած էք, ողջո՛յն։
ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
2Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք, 3գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ։ 4Բայց համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ, որպէս զի կատարեալ ու ամբողջ ըլլաք ու բանի մը պակասութիւն չունենաք։
5Իսկ եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։ 6Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի. վասն զի ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է. 7այն մարդը թող չկարծէ թէ Տէրոջմէ բան մը պիտի առնէ. 8երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ։
ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ
9Խոնարհ եղբայրը իր բարձրութեանը վրայ թող պարծենայ 10եւ ան որ հարուստ է՝ իր խոնարհութեանը վրայ, վասն զի անիկա խոտի ծաղկին պէս պիտի անցնի. 11քանզի արեւը սաստիկ տաքութիւնով մը կը ծագի ու կը ցամքեցնէ խոտը եւ անոր ծաղիկը կը թափի ու անոր երեւոյթին գեղեցկութիւնն ալ կը կորսուի. նոյնպէս ալ հարուստը իր ճամբաներուն մէջ պիտի թառամի։
ՓՈՐՁ ԵՒ ՓՈՐՁՈՒԻԼ
12Երանելի է այն մարդը, որ փորձութեան կը համբերէ։ Վասն զի եթէ փորձուելով ընտիր գտնուի, կենաց պսակը պիտի առնէ, որ Տէրը զինք սիրողներուն խոստացաւ։ 13Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. «Աստուծմէ կը փորձուիմ». վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ։ 14Սակայն ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. 15անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի։ 16Մի՛ խաբուիք, իմ սիրելի՛ եղբայրներս. 17ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ, որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ։ 18Իր ուզելովը մեզ ծնաւ ճշմարտութեան խօսքովը, որպէս զի մենք իր ստեղծածներուն երախայրի մը ըլլանք։
ԼՍԵԼ ԵՒ ԿԱՏԱՐԵԼ
19Ուստի, իմ սիրելի՛ եղբայրներս, ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ շանր՝ բարկանալու մէջ, 20վասն զի մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր։
21Ուստի ամէն աղտեղութիւն ու չարութիւն մէկդի ձգելով, հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել։
22Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք՝ ինքզինքնիդ խաբելով։ 23Վասն զի եթէ մէկը միայն լսէ խօսքը ու չկատարէ, կը նմանի մարդու մը՝ որ հայելիի մէջ աչքերը տնկած իր բնական երեսը կը դիտէ. 24վասն զի դիտելով կը տեսնէ ինքզինք ու կ’անցնի կ’երթայ եւ շուտ մը կը մոռնայ թէ ի՛նչպիսի մէկն էր։ 25Բայց ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ։ 26Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ ու իր լեզուին սանձ չի դներ, այլ իր սիրտը կը խաբէ, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է։ 27Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. «Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն»։

Currently Selected:

ՅԱԿՈԲՈՒ 1: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy