YouVersion Logo
Search Icon

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 1

1
1Պօղոս, առաքեալ եղած, ո՛չ թէ մարդոցմէ, կամ ո՛չ թէ մարդու ձեռքով, հապա Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով եւ Հօր Աստուծոյ՝ որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց 2եւ բոլոր եղբայրները, որոնք ինծի հետ են՝ Գաղատիոյ եկեղեցիներուդ. 3շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Հօր Աստուծմէն ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէն, 4որ իր անձը տուաւ մեր մեղքերուն համար, որպէս զի մեզ փրկէ հիմակուան չար աշխարհէն՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը կամքին համեմատ, 5որուն փառք հաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
ՄԷԿ ԱՒԵՏԱՐԱՆ
6Կը զարմանամ որ շուտով կը լքէք այն մէկը, որ ձեզ Քրիստոսի շնորհքին կանչեց եւ կը դառնաք ուրիշ աւետարանի. 7մինչ ուրիշ աւետարան չկայ բայց կան ոմանք որոնք ձեզ կը խռովեցնեն ու կ’ուզեն Քրիստոսին աւետարանը խանգարել, 8բայց եթէ մենք, կամ երկնքէն հրեշտակ մը գայ, աւետարանէ ձեզի անկէ տարբերը՝ որ մենք աւետարանեցինք ձեզի, նզովեա՛լ ըլլայ։ 9Ինչպէս առաջ ըսինք, հիմա ալ նորէն կ’ըսեմ. «Եթէ մէկը ձեր ընդունածէն ուրիշ աւետարան քարոզելու ըլլայ ձեզի, նզովեա՛լ ըլլայ»։ 10Քանզի հիմա մարդի՞կ կը հաճեցնեմ, թէ՝ Աստուած. կամ մարդո՞ց հաճելի ըլլալ կը փնտռեմ։ Քանզի եթէ ես տակաւին մարդոց հաճելի ըլլայի, ա՛լ Քրիստոսին ծառայ չէի ըլլար։
ՊՕՂՈՍ Ի՞ՆՉՊԷՍ ԱՌԱՔԵԱԼ ԵՂԱՒ
11Կը ծանուցանեմ ձեզի, եղբայրներ, այն աւետարանը որ ինծմէ քարոզուեցաւ, թէ անիկա մարդու բան չէ։ 12Որովհետեւ ես ալ մարդէ չառի զանիկա, եւ մէկէ՛ն ալ չսորվեցայ, հապա Յիսուս Քրիստոսին յայտնութենէն։ 13Վասն զի լսած էք դուք իմ նախկին վարմունքս Հրէութեան մէջ, ինչպէ՜ս չափէ դուրս կը հալածէի Աստուծոյ եկեղեցին ու կը կործանէի զանիկա 14եւ իմ հայրենի աւանդութիւններուս խիստ նախանձախնդիր ըլլալով՝ իմ ազգիս մէջ եղած շատ հասակակիցներէս աւելի յառաջադէմ էի Հրէութեան մէջ։ 15Բայց երբ Աստուած ուզեց, (որ որոշեց զիս իմ մօրս որովայնէն եւ իր շնորհքովը զիս կանչեց), 16#1.16 Կամ, Ինծմովինծի իր Որդին յայտնել, որպէս զի զանիկա հեթանոսներուն մէջ քարոզեմ, նոյն ատեն բան մը չիմացուցի մարմնին ու արիւնին, 17ո՛չ ալ Երուսաղէմ ելայ ինծմէ առաջ առաքեալ եղողներուն քով, հապա Արաբիա գացի ու նորէն Դամասկոս դարձայ։ 18Ապա՝ երեք տարի յետոյ Երուսաղէմ գացի Պետրոսը տեսնելու եւ տասնըհինգ օր անոր քով կեցայ. 19սակայն առաքեալներէն ուրիշ մէկը չտեսայ, բայց միայն Յակոբոսը՝ Տէրոջը եղբայրը։ 20Բայց աս որ կը գրեմ ձեզի՝ ահա Աստուծոյ առջեւ կը հաստատեմ, որ սուտ չեմ խօսիր։ 21Անկէ ետքը գացի Սուրիոյ ու Կիլիկիոյ կողմերը 22եւ զիս դէմ առ դէմ չէին ճանչնար այն եկեղեցիները՝ որոնք Հրէաստանի մէջ էին Քրիստոսով. 23միայն թէ անոնք լսած էին թէ՝ «Ան որ ատենօք մեզ կը հալածէր, հիմա ինք այն հաւատքը կը քարոզէ՝ որ ատեն մը կը կործանէր» 24ու ինծմով Աստուած կը փառաւորէին։

Currently Selected:

ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 1: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy