YouVersion Logo
Search Icon

ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5

5
ԼՈՅՍԻ ՄԷՋ ԱՊՐԻԼ
1Արդ՝ Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, 2եւ սիրով վարուեցէք, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց ու իր անձը մեզի համար մատնեց՝ անուշահոտ պատարագ ու զոհ ըլլալով Աստուծոյ։ 3Բայց պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, (ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն), 4եւ գարշելի բաներ կամ յիմարական խօսքեր կամ խեղկատակութիւն, որ չի վայլեր, այլ մանաւանդ՝ գոհութիւն։ 5#5.5 Կամ, այս իմանալով գիտնաքՔանզի գիտէք, թէ ամէն պոռնիկ կամ պիղծ կամ ագահ, որ կռապաշտ է, Քրիստոսին ու Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ժառանգութիւն չունի։ 6Չըլլա՛յ որ մէկը ձեզ խաբէ փուճ խօսքերով, վասն զի այս բաներուն համար Աստուծոյ բարկութիւնը կու գայ անհնազանդութեան որդիներուն վրայ։ 7Ուստի անոնց հաղորդ մի՛ ըլլաք։ 8Քանզի թէեւ ատեն մը դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք Տէրոջմով. ուստի լոյսի որդիներու պէս քալեցէք. 9վասն զի #5.9 Ոմանք, լուսոյՀոգիին պտուղը ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է։ 10Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին. 11ու կցորդ մի՛ ըլլաք խաւարին անպտուղ գործերուն, այլ մանաւանդ զանոնք յանդիմանեցէ՛ք։ 12Վասն զի անոնց մէջ գաղտուկ գործուած բաներու մասին խօսիլն ալ ամօթ է։ 13Բայց երբ բան մը լոյսի մէջ ցուցադրուած է՝ յայտնի կ’ըլլայ, վասն զի ամէն բան որ յայտնի կ’ըլլայ՝ լոյս է։ 14Անոր համար կ’ըսէ. «Արթնցի՛ր, դուն որ կը քնանաս եւ կանգնէ՛ մեռելներէն ու Քրիստոս քեզի լո՛յս պիտի տայ»։
15Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, 16հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են։ 17Անոր համար անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը։ 18Մի՛ գինովնաք գինիով, որուն մէջ անառակութիւն կայ, հապա Հոգիո՛վ լեցուեցէք։ 19Սաղմոսներով ու օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը ձեր սրտերուն մէջ։ 20Ամէն ատեն ամէն բանի համար գոհութիւն տուէք Աստուծոյ ու Հօրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը։
ԿԻՆԵՐ ԵՒ ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐ
21Իրարու հնազանդ եղէ՛ք #5.21 Ոմանք, ՔրիստոսինԱստուծոյ վախովը։ 22Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. 23վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է։ 24Ուստի ինչպէս եկեղեցին հնազանդ կ’ըլլայ Քրիստոսին, նոյնպէս ալ կիները՝ ամէն բանի մէջ իրենց այրերուն։ 25Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար. 26որպէս զի զանիկա սրբէ ու մաքրէ աւազանին ջրովը եւ խօսքով. 27որպէս զի ինք իր դէմը փառաւոր կեցնէ եկեղեցին, որ արատ մը կամ աղտեղութիւն կամ ուրիշ ասոնց պէս բան մը չունենայ, հապա սուրբ ու անարատ ըլլայ։ 28Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. 29վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա, ինչպէս #5.29 Ոմանք, ՔրիստոսՏէրն ալ՝ եկեղեցին։ 30Վասն զի մենք անոր մարմնին անդամներն ենք, անոր մարմնէն ու անոր ոսկորներէն։ 31Ասոր համար մարդը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։ 32Այս խորհուրդը մեծ է, բայց ես կը խօսիմ Քրիստոսին ու եկեղեցիին վրայով։ 33Սակայն ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի։

Currently Selected:

ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy